Պոլսահայ դէմքեր Մուրատ Էզերի ոսպնեակէն

Հայ մամուլի էջերուն վրայ պոլսահայոց օրակարգը ցոլացնող լուսան­կա­րիչ մըն է Մու­րատ Էզեր, որ իր այս յատ­կութիւ­նով կը հե­տեւի Արա Կիւ­լե­րի «Ապ­րած ժա­մանա­կի ակա­նատե­սը» ըլ­լա­լու ոճին։ «Պոլ­սա­հայե­րը» խո­րագ­րեալ եռա­լեզու այս հա­ւաքա­ծոյի մէջ ընդհան­րա­պէս դի­ման­կարներ են, որ կը տո­ղան­ցեն մերթ ծա­նօթ եւ մերթ ալ ան­ծա­նօթ դէմ­քե­րով։ Սա­կայն այստեղ նշո­ւած ան­ծա­նօթ դէմ­քերն ալ իրենց մէջ կը բնու­թագրեն յատ­կանշա­կան կեր­պարներ։ Իրենց կը հան­դի­պինք եր­բեմն եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թեան մը ըն­թացքին այդ արա­րողու­թե­նէն ամ­բողջո­վին հե­ռու գոր­գի մը վրայ խա­ղացող եր­կու երա­խանե­րու երե­ւոյ­թով։ Այստեղ լու­սանկա­րիչը յա­ջողած է աղօթ­քի եր­կիւղա­ծու­թե­նէն դուրս բե­րել ման­կա­կան հո­գեբա­նու­թիւնը եւ այդ ման­կութեան ան­մե­ղու­թեան մէջ ներ­կա­յաց­նել բո­լորո­վին մարդկա­յինը։ Թե­րեւս պա­հը ձեր­բա­կալե­լու լա­ւագոյն մի­ջոց­նե­րէն մէկն է այս, որուն հաս­նե­լու կա­րողու­թիւնը ու­նի միայն ու միայն լու­սանկա­րելու այդ պար­զունակ գոր­ծի­քը։

Մու­րատ Էզե­րի այս աշ­խա­տու­թիւնը շնոր­հանդէ­սով մը պի­տի ներ­կա­յանայ հան­րութեան 9 Օգոս­տոս հինգշաբ­թի, «Նոս­թալժի Քիւլթիւր» գրա­խանու­թի մէջ, իսկ 28 Օգոս­տո­սին Երե­ւան Թե­քէեան կեդ­րո­նին մէջ պի­տի կրկնո­ւի հաւաքածոյի Երեւանեան շնորհանդէսը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ