Համաշխարհային ուսողութեան մրցանակը այս տարի շնորհուած է հանրածանօթ թուաբանագէտ փրոֆ. Ալի Նեսինի։ Թուաբանագէտներու համաշխարհային միութիւնը ամէն տարի մրցանակներ կը շնորհէ Կաուս, Նեւանլինա եւ Լելավաթիի անուններով։ Այս տարի Փրոֆ. Ալի Նեսին ուսողութեան նկատմամբ ուշադրութեան զարգացման բերած իր նպաստներու պատճառաւ արժանի գտնուեցաւ սոյն մրցանակին։ Դատակազմը արտակարգօրէն կարեւոր նախաձեռնութիւն մը ըլլալով գնահատած է Շիրինճէ գիւղի մէջ կառուցուած Ուսողութեան գիւղը եւ այդ գնահատումով ալ պարգեւատրած է աշխարհահռչակ թուաբանագէտը։ Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժաներիօ քաղաքին մէջ կայացած համագումարին Նեսին ելոյթ ունեցաւ ու յայտնեց, թէ այս մրցանակը շնորհակալութեամբ կ՚ընդունի յանուն այն բազմահազար մարդկանց, որոնք շատ կարեւոր ներդրում ունեցան Ուսողութեան գիւղի հիմնադրութեան մէջ։ Այսպէս Նեսին յատկապէս շեշտեց Սեւան Նշանեանի անունը։ «Այս գիւղի գոյութիւնը կը պարտինք իր քաջութեան։ Եթէ Նշանեան այդքան յանդուգն չըլլար, մենք չէինք կրնար կեանքի կոչել նման ձեռնարկ մը։ Ան իր ստեղծած գեղեցկութիւններու փոխարէն դատապարտուեցաւ երեքուկէս տարուայ ազատազրկման։ Իր քաջութեան շնորհիւ յանդգնութիւնը ունեցանք վայրի խոտերով պատուած տարածքի մը մէջ նման գիւղ մը երազելու։ Այդ պահուն մեր ձեռքին ունէինք ընդամէնը 20 հազար ԱՄՆ տոլար կազմող համեստ գումար մը։ Չէինք կրցած հաշուել, թէ գործի ձեռնարկելէ ետք այդ գումարը մեր միայն մէկ շաբաթուայ ծախսերը պիտի կրնար դիմագրաւել։ Շաբաթ մը անց առանց վհատելու սկսանք դրամահաւաքման։ Որպէսզի իր համեստութիւնը չվիրաւորեմ այստեղ պիտի չարձագանգեմ մեր առաջին նուիրատուի անունը։ Միայն ըսեմ թէ ան հաւատաց մեզի եւ սիրով նուիրեց իր գրպանի վերջին դահեկանն ալ։ Ուրեմն այս մրցանակը կը ստանամ նաեւ իր անունով։ Յետոյ արշաւ մը սկսաւ, ուր հասարակ գիւղացիներէն մինչեւ դպրոցի աշակերտներ սիրով ու սիրով եկան մասնակցելու։ Ուրեմն չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ թէ այս մրցանակը կ՚ընդունիմ նաեւ իրենց համար։ Այս մրցանակը նաեւ իմ պաշտօնակիցներուն կը պատկանի, քանի որ անոնք եւս հաւատացին մեր տղայական երազին եւ եկան ամէն ինչով զօրակցելու այդ սնամէջ երազին իրականացման համար։ Ուսողութեան գիւղի մէջ աշխատող, բայց մեծ նուիրումով աշխատող երիտասարդ պաշտօնակիցներ ունինք։ Իրենք եւս կարեւոր ներդրում եւ հետեւաբար բաժին ունին մեր ձեռքբերումներուն մէջ։ Ուրեմն արդար է, որ մրցանակը ստանամ նաեւ անոնց անունով։ Գիտութիւնները խրախուսելու պաշտօնով հիմնուած ԹԻՒՊԻԹԱՔ հաստատութիւնը քաղաքական մտավախութիւններով խրտչեցաւ այս նախագծին զօրակցելէ։ Եթէ չխրտչէին եւ մեր ակնկալած սահմանումներով նիւթական օժանդակութիւն բերէին անշուշտ, որ այս ծրագիրը շատ աւելի սահմանափակ պիտի մնար։ Այդպէս քանի, որ չափազանց համեստ էր մեր ակնկալութիւնները։ Ուրեմն նոյնիսկ այդ համեստ զօրակցութիւնը զլանալով ընթացք տուին նախաձեռնութեան սկիզբի ակնկալութիւններէն շատ աւելի բարձր թռիչքներ արձանագրելու։ Այս մրցանակին մէջ իրենք դոյզն իսկ բաժին չունին, բայց մենք չենք կրնար ուրանալ մեզ խդանող իրենց արգելքները»։