Հայաստանի ֆիլմ արտադրիչ Տիգրան Դանիէլեան կը պատրաստէ հանրածանօթ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի կեանքն ու վաստակը վաւերական ֆիլմի մը ձեւով ներկայացնելու։ Կը նախատեսուի ֆիլմը աւարտին հասցնել անմիջապէս յառաջիկայ օրերուն, որպէսզի ան ցուցադրուի մեծ վարպետի ծննդեան տարեդարձին։ Այս մասին հարցումներ ուղղեցինք ֆիլմի արտադրիչին, որուն պատասխանները կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ- Երբ եւ ինչպէ՞ս լսած էք Արա Կիւլերի մասին։ Ինչպէ՞ս ձեւաւորուեցաւ անուանի լուսանկարչի մասին վաւերագրական մը նկարահանելու գաղափարը։
ՏԻԳՐԱՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ- Արա Կիւլերի մասին լսած էի տարիներ առաջ։ Յետոյ մասնակցեցայ անոր Երեւանեան ցուցահանդէսին, հիմա այդ աշխատանքները Հայաստանի ազգային պատկերասրահի 9-րդ յարկն են ու հնարաւորութեան դէպքին կ՚այցելեմ այնտեղ։ Առաջին անգամ լուսանկարչի մասին լսած եմ իմ լուսանկարիչ ընկերներէս, որոնք մեծ հիացմունքով կը պատմէին լեգենդար պոլսահայի մասին։ Քանի որ այս տարի Օգոստոսին կը լրանայ վարպետի 90 ամեակը, Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական թիմով որոշեցինք հեռուստաֆիլմ պատրաստել պարոն Կիւլերի մասին։
Վ.Է.- Արա Կիւլեր լուսանկարիչը ո՞րքան ծանօթ է Հայաստանի հասարակութեան։
Տ.Դ.- Արա Կիւլերին Հայաստանի մէջ շատեր գիտեն։ Վստահաբար բոլոր լուսանկարիչներն ու անոնք որոնք հետաքրքրուած են լուսանկարչութեամբ կամ Իսթանպուլով։ Հայաստանի մէջ կը սիրեն խօսիլ անուանի հայերու մասին, հնարաւորութեան դէպքին անոնց յարգանքի տուրք մատուցել, իսկ պարոն Կիւլերը ինչպէս թուրքական այնպէս ալ համաշխարհային լուսանկարչութեան մէջ անգնահատելի դեր ունի։
Վ.Է.- Ի՞նչ ծանօթութիւններով պիտի հիւսուի ֆիլմը։ Օրինակի համար պիտի ծանօթանա՞նք Կիւլէրի կենսագրութեան, թէ ո՞վ է իր ծնողները, ուրտեղացի են, ո՞ւր ուսանած է։ Իր հետ հարցազրոյց կա՞յ ֆիլմին մէջ, կամ իր ծանօթներու վկայութիւնները եւլն.։
Տ.Դ.- Շատ չեմ սիրեր խօսիլ ֆիլմի վերաբերեալ, այս ան պարագաներէն է, որ աւելի լաւ է մէկ անգամ տեսնել, քան հարիւր անգամ լսել այդ մասին։ Ֆիլմի մէջ կը ներկայացնենք զինք, որպէս լուսանկարիչ, հետաքրքիր ու հանճարեղ մարդ, կը խօսինք մասնագիտական գաղտնիքներու, անձնական հարցերու ու անոր ընկերներու հետ նաեւ։ Կրնամ ըսել, թէ ֆիլմը ընդհանուր առումով ճանաչողական է։
Վ.Է.- Ֆիլմը ի՞նչ գործընթացի մէջ է։ Ե՞րբ կ՚աւարտի, ո՞ր միջոցներով պիտի ցուցադրուի։
Տ.Դ.- Կը նախատեսենք ֆիլմը հեռարձակել վարպետի ծննդեան օրը, դեռ մի քանի հարցազրոյցներ կան որ պէտք է ընենք անոր ընկերներուն հետ Ֆրանսա, Յունաստան եւ Հայաստանի մէջ։ Յուսամ՝ կը հասցնենք։
Վ.Է.- Ինչե՞ր կը պատմէք բոլոր այն նիւթերու մասին, որոնք չեմ հարցուցած բայց դուք կ՚ուզէք արտայայտուիլ։
Տ.Դ.- Վստահ եմ, որ լեգենդներուն իրենց կենդանութեան օրօք գնահատելը, շնորհակալութիւն յայտնելն ու անոնցմէ սորուիլը չափազանց կարեւոր է։ Յուսով եմ, որ մեր ֆիլմը կ՚օգնէ բազմաթիւ մարդկանց ճանաչելու եւ գնահատելու կենդանի լեգենդ Արա Կիւլերին։