Մայրենիի ոսկի թելը
- Պարոն, նայեցէ՛ք, աղջիկնե՛րը ի՛նչ կ՚ընեն։
- Տեսայ, Ներսէս։ Ի՞նչ ունիս տուփիկի մէջ։
- Աւազ, ափ մը աւազ Սեւանէն։
Սեւանէն Երեւան վերադարձող ճամբու վրայ, հանրաշարժի մէջ յիշատակելի տեսարան. աշակերտուհիները մազ կը հիւսեն... Ալիքը Բարինին, Բարինը Կաթիլին, Կաթիլը Տերեւին մազը։ Տղաները ծիծաղելով կը լուսանկարեն կատարուածը։ Իսկ ես կը մտաբերեմ 1861 թուականին Թիֆլիսի «Կռունկ Հայոց Աշխարհին» ամսագրի մէջ թարգմանիչ Բարսեղ Աթամանեանի հեղինակած այն յօդուածը, ուր հայկական բանաստեղծութիւնը նման է գեղեցկուհիի մը մազը... Այո, ըստ Աթամանեանի պատկերացումի՝ բանաստեղծութիւնը մայրենիի «ուսերուն վրայ կոհակ կոհակ տարածուած ձգուած փառաւոր մազ» է։ Նոյնպէս եւ մենք կ՚որոշենք հայոց լեզուի քնարական խոպոպները, անոր մետաքսեայ ոլորները թել-թել հաւաքել, քնքշութեամբ սանտրել, ապա հիւսել եւ մազակալով ապրացնել, որպէսզի մեր մտքի գեղեցկագոյն յղացումը՝ մայրենին, լեզուներու խմբանկարին մէջ աշխարհին ներկայանայ իր անզուգական եւ նախանձելի գեղեցկութեամբ։
- Ներսէս, դուն տեսա՞ծ ես Հայր Աստուծոյ մազերը։
- Այդ բախտաւորութիւնը դեռ չեմ ունեցած։
- Վաղը կէսօրին կը տեսնես։ Ներսէ՛ս, հինգերորդ դարուն մեր մայրենին արդէն ունէր սաղարթախիտ, յորդառատ ոսկեփայլ մազեր։ Մեր մատենագիրները «մազ»ի միակ վանկով ստեղծեր են բազմաթիւ բառեր, ինչպէս՝ մազագործ, մազեղէն, սպիտակամազ, թաւամազ, դեղձանամազ եւ այլն։ Մեր նախնիները, վերջին թելը հասածին, այսինքն հոգեվարքի համար հնարեր են «մազկռինչ» բառը։ Նոյնքան հին է նաեւ «մազապուր, կամ՝ մազապուրծ»ը։ Նոյն դարերուն մեր մշակները թելաւոր արմատներու համար գործածեր են «մազմզուկ» բառը։ Եւ, ի՛նչ որ բարակ է՝ «մազի չափ» է։
- «Մազ»ին արմատը ի՞նչ է։
- Անոր թելերը, դժբախտաբար, գզգզուած մազերով ստուգաբաններու մտքին մէջ խճճուած կը մնան, անլուծելի թնճուկ մը ստեղծելով։ Դեռ լաւ մը պէտք է ուսումնասիրել։ Ըստ գերմանացի հայագէտ Հիւբշմանի ասորական ծագում ունի։ Բունը «մեզզէ» է՝ բարակ մազ։ Ուրիշներ առաջարկած են այլ կապակցութիւններ. պահլաւերէն նոյնիմաստ «մազիա» բառը եւ յոյներու «մոսհոս» բառը։ Վերջինը կը նշանակէ «ճիւղ, ոստ, ընձիւղ»։
- Մազերու գեղեցկութիւնը, պարոն, դասընկերուհիներէս լսած եմ, թէ կախում ունի ջուրի որակէն։
- Կասկած չկայ։ Տե՛ս, մեր «մազ»ը, սնած՝ հայկական լեզուաշխարհի ջինջ եւ ազնիւ ջուրերէ, մնացեր է կենսունակ ու դարեր շարունակ աճեր է։ Փաստը այն է, որ հայերէնը ունի «մազ»ով հիւսուած 150-ի չափ բառ, ինչպէս՝ մազապարան, մազեայ, մազազգեստ, մազաթոկ, մազայարդար, մազափնջիկ, մազարմատ, մազաչափ, մազմանօթ։ Իսկ կան պարոններ, որոնք յաճախ պէտք կ՚ունենան հետեւեալ բառերու. մազաթափ, մազազերծ, մազազուրկ, մազամերկ, մազկարօտ, սակաւամազ եւ մազապակաս։ Ներսէս, կ՚ուզե՞ս, որ ուտիլիքիդ մէջ մազ ըլլայ...։
- Մեծ հայրս պիտի ըսէր, «Ուտիլեն մէյջ մուզ կու»։
- «Ուտելիքին մէջ մազ կայ»... Մուսայ Լեռցիները այդպէս կը խօսին։ Իսկ Զէյթունցիները եւ հաճընցիներն մազին «մոզ» կ՚ըսեն։ Ղարսի, Եւդոկիոյ եւ Ատանայի թուրքերը այծի մազ մանող եւ անկէ պարկեր գործող արհեստաւորին կ՚ըսեն «մազման»։ Վրացիներն ալ որդեգրած են մեր բառը- չուան շինողը «մազմանի» է։ Ներսէս, մենք հայերս սիրած ենք մեր զրոյցները «մազ»ով փարթամացնել։ Պատկերալից դարձուածքներ ունինք, «մազոտ» արտայայտութիւններ եւ բառակապակցութիւններ։ Փորձառու մարդիկ կ՚ըսեն, «Մազերս զուր տեղը չեն սպիտակացած»։ Գրականութեան եւ մամլոյ մէջ յաճախ կը կարդանք, «Խոզէ, կամ՝ շունէ մազ պոկելն ալ օգուտ է», «Հալալը [արդար] որ մազ դառնայ, չի կտրուիր, հարամը խարդախ, որ գերան դառնայ՝ կը կոտրուի», «Հարամի վրան լեռ է, տակը մազ», «Կեղծ մազ», «Ի մազէ ոչ վրիպիլ», «Մազ մնալ», եւ այլն։ Եթէ մէկը անզգամ, լիրբ կամ անառակ է՝ կ՚ըսենք «մազ կտրած», եթէ շատ նիհար է՝ «մազը երեսին չորցած», անձը եթէ սաստիկ վախցած է՝ «մազը բիզ-բիզ, կամ՝ ցից-ցից կանգնած է», եթէ աչքաբաց է եւ ուշիմ՝ «մազը մազէ ջոկել»։ Իսկ մազի տեսակնե՞րը, այնքան շատ են. թուխ, շէկ, խարտեաշ, շագանակագոյն, կարմիր, վայելուչ, աղեբեկ, սպիտակ, գանգուր, բարակ, կակուղ, երկայն, յարդարեալ, մանեկաւոր, ոլորեալ, գալարուն, դիզացեալ, խառնափնթոր... Մազը գեղեցկուհիի մը գեղեցկագոյն ունեցուածքն է։ Եւ հայ աշուղը հիացումով գնահատած է զայն։ Տե՛ս, մեր սիրահար տղաները ի՛նչ ածականներ կապած են անոր ծայրին։ Յովհաննէս Թլկուրանցին ըսեր է, «Մազն է դեղձան ոսկի թելէն», Նահապետ Քուչակն ու Երեմիա Քէօմիւրճեանը յաջորդաբար ձայնակցեր են անոր, «Թուխ աչք ու թուխ ունք ունիս, թուխ մազեր», «Մազերդ է դեղձան, սամուրի նման»։ Սայաթ Նովան երգեր է, «Մազիրըդ ռեհան՝ փաթթած է վարդի միջումն», «Մազիրդ սիրմա սիմ իս անում», «Տարին տասէրկու ամիս մազիրդ հիւսած կու լի»։ Միջնադարը, Ներսէս, մազի ոսկեթել կամուրջով կապուած է նոր օրերուն։ Տե՛ս, Պետրոս Դուրեանը ի՛նչ հիացումով կը խօսի իր սիրածի մազերու մասին.
«Ա՜հ, իցի՛ւ թէ լինէի ես ճառագայթ...
«Ւ՚անուշաբոյր մազերուդ մէջ մարէի»։
Հայկական երգարուեստի մէջ կը փայլի մազը. «Թուխ-թուխ մազերիդ շաղերը առնեմ», «Մազերդ շողերի պէս փռես իմ ճամբին», «Ցորեն մազերդ, ցորեն մազերդ, փռէիր վրաս, փռէիր վրաս»։ Բայց Ներսէս, չկարծես, թէ մազը միշտ ալ գեղեցկուհիի մը ամենագեղեցիկ ունեցուածքն է։ Մազը, դուն քիչ վերջ կը լսես, Վարուժաններու, Սիամանթօներու, Սահեաններու գրչին տակ դարձեր է տխրութիւն, վիշտ, մորմոք, կարօտ եւ... ամօթ։ Բայց այժմ ընդմիջենք մեր զրոյցը ու ականջ տանք ձայնասփիւռէն հնչող Գուսան Աշոտի քաղցրալուր «Սարի սիրուն եար» երգին.
Հազար մի ծաղկի մէջ ես մեծացել,
Ծաղկանց ցոլերով մազերդ թացել,
Մազերիդ բոյրը հեռուից է գալիս...