Պերճը, Արատը, Պալըմեանը, ես եւ բուժքոյրի հմայքը

ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆ

 

Պերճ Չալըքմանն ալ հրա­­ժեշտ առաւ այս աշ­­խարհէն։ Երբ կը հե­­տեւէի պոլ­­սա­­­հայ գրա­­կան կեան­­քին, ու­­շադրու­­թիւնս կը գրա­­ւէր կարգ մը գիր­­քե­­­րու կող­­քե­­­րը։ Պերճ Չա­­լըք­­մա­­­նի հե­­ղինա­­կու­­թիւններն էին անոնք։ Զար­­մանքով ու հիացու­­մով կը դի­­տէի կող­­քի ձե­­ւաւո­­րումնե­­րը, որոնք իրենց պար­­զութեան մէջ այդքան խօ­­սուն էին եւ ար­­տա­­­յայ­­տիչ։ Զահ­­րա­­­տի, Հատ­­տէ­­­ճեանի եւ այդ սե­­րունդէն դեռ բազ­­մա­­­թիւ հե­­ղինակ­­նե­­­րու գոր­­ծե­­­րը հրա­­տարա­­կուած էին Պերճ Չա­­լըք­­մա­­­նի մտայ­­ղա­­­ցած կող­­քե­­­րով։

Միւս կող­­մէ 1970-ակամ տա­­րեթի­­ւերէն սկսեալ կ՚ան­­դա­­­մակ­­ցիմ Սա­­յաթ Նո­­վա երգչա­­խումբին։ 1987-ին ձեռ­­նարկած էինք մեծ աշու­­ղի ծննդեան 275-ամեակը պատ­­շաճ կեր­­պով նշել եւ արո­­ւես­­տը փո­­խան­­ցել հա­­սարա­­կու­­թեան։ Հա­­մեր­­գը պի­­տի կա­­յանար Հար­­պի­­­յէ, Մուհսին Էր­­թուղրու­­լի անո­­ւան թա­­տերաս­­րա­­­հին մէջ։ Բե­­մայար­­դա­­­րու­­մը վստա­­հուած էր Պերճ Չա­­լըք­­մա­­­նի։ Այդ առ­­թիւ մի­­ասին աշ­­խա­­­տելու առիթ մը գո­­յացած էր, ուր ալ աւե­­լի մտեր­­մա­­­նալու դու­­րը բա­­ցաւ։ Սա­­յաթ Նո­­վա աշու­­ղը իր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րը կը կա­­տարէր քա­­ման­­չա­­­յի նուագակ­­ցութեամբ։ Քա­­ման­­չան հետզհե­­տէ դար­­ձած էր Սա­­յաթ Նո­­վայի խորհրդան­­շա­­­նը։ Սա­­յաթ Նո­­վա ըսե­­լով կը մտա­­բերենք քա­­ման­­չան, կամ քա­­ման­­չա ըսե­­լով Սա­­յաթ Նո­­վան։ Կար­­ծես մին կեն­­դա­­­նի, միւ­­սը ան­­շունչ եր­­կու մար­­մին միաձու­­լո­­­ւած ըլ­­լան իրա­­րու մէջ։ Բե­­մի սեւ են­­թա­­­վարա­­գոյ­­րի վրայ կա­­խուած էին գոյնզգոյն քա­­ման­­չա­­­ներ, անձրե­­ւի կա­­թիլ­­նե­­­րու տպա­­ւորու­­թիւնը առ­­թե­­­լով։ Երգչա­­խումբը տար­­բեր հա­­սակ­­նե­­­րով բազ­­մե­­­րանգ քա­­ման­­չա­­­ներու տա­­րափի տակ կը կա­­տարէր խմբեր­­գեր, մե­­ներգներ եւ աս­­մունք։ Այս աշ­­խա­­­տու­­թիւնով սկսաւ մեր բա­­րեկա­­մու­­թիւնը։ Յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րուն Սա­­յաթ Նո­­վա ման­­կանց երգչա­­խումբի տա­­րեկան հա­­մերգնե­­րուն յայ­­տագրի պրակ­­ներն ալ իր գծած կող­­քե­­­րով լոյս տե­­սան։ Մեծ հա­­ճոյք էր իր հետ աշ­­խա­­­տիլ, մեծ գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն։ Մարդ ի՞նչպէս այսքան հա­­մես կրնայ ըլ­­լալ։ Ի՞նչպէս այսքան պարզ ու մա­­քուր գի­­ծերով կրնայ ար­­տա­­­յայ­­տել իր միտ­­քը։

Կեդ­­րո­­­նական վար­­ժա­­­րանէ ներս իբ­­րեւ ու­­սուցիչ եւ տնօ­­րէն բազ­­մա­­­մեայ ծա­­ռայու­­թիւն ու­­նէր։ Երգչա­­խումբի կազ­­մին մէջ կար իր նախ­­կին աշա­­կերտնե­­րէն խմբակ մը։ Տե­­սայ թէ ինչ հա­­րազա­­տու­­թեամբ կ՚ըն­­կե­­­րանայ իր եր­­բեմնի սա­­ներուն։

Այդ օրե­­րուն կ՚ու­­սումնա­­սիրէի Թուրքիոյ առա­­ջին կին քան­­դա­­­կագործ Մա­­րի Կե­­րեք­­մէ­­­զեանը։ «Կը ճանչնա՞ս» հար­­ցուցի։ Ուրկէ իմա­­նամ որ իր առա­­ջին ու­­սուցի­­չը եղած է։ «Ինք էր որ ձեռ­­քէս բռնած զիս առաջ­­նորդեց դէ­­պի գե­­ղարո­­ւես­­տի ակա­­դեմիա» ըսած էր։ Ըն­­կե­­­րային ցան­­ցե­­­րու վրայ Պերճ Չա­­լըք­­մա­­­նի մա­­հուան գոյ­­ժը լսած պա­­հուս յի­­շողու­­թեանս մէջ մարմնա­­ւորո­­ւեցաւ Սա­­պահատ­­տին Էյու­­պօղլո­­ւի «Քա­­րատութ»ը։ Պա­­րոն Պերճ այնպի­­սի ոգե­­ւորու­­թեամբ պատ­­մած էր որ ձեռ­­քէն բռնե­­լով ակա­­դեմիա առաջ­­նորդող ու­­սուցչի մա­­սին, ես ալ այդ տպա­­ւորու­­թե­­­նէ ազ­­դո­­­ւած էի։

Ու վեր­­ջա­­­պէս ծա­­նօթա­­ցայ նաեւ Չա­­լըք­­մա­­­նի գե­­ղան­­կարչու­­թեան։ Պիւ­­յիւքտե­­րէի նեղ փո­­ղոց­­նե­­­րը նկա­­րած էր։ Դէ­­պի ծով բա­­ցուող քա­­րապատ անցքե­­րը, զա­­ռիվեր­­նե­­­րը եւ հնաոճ տնե­­րը։ Պա­­տէն կա­­խուած յի­­շատակ մըն է հի­­մա որ միշտ դի­­տեցի եւ դեռ պի­­տի դի­­տեմ։

Ան­­գամ մը մեր գրա­­սենեակը հան­­դի­­­պած էր։ Բան մը, որ յա­­ճախ կը պա­­տահէր։ Կու գար այ­­ցե­­­լու­­թեան եւ կը զրու­­ցէինք զա­­նազան նիւ­­թե­­­րով։ Այդ օր յան­­կարծ տոք­­թոր Պար­­գե­­­ւը զան­­գա­­­հարեց։ Գի­­տէր որ կը մտա­­հոգո­­ւէի Յա­­կոբ Արա­­տի առող­­ջութիւ­­նով։ Այդ օրե­­րուն Արատ հի­­ւան­­դա­­­նոց կը փո­­խադ­­րո­­­ւէր մէկ- եր­­կու շա­­բաթ խնա­­մուե­­լէ ետք, տուն կ՚եր­­թար եւ ապա կրկին կը հար­­կադրո­­ւէր հի­­ւան­­դա­­­նոց եր­­թա­­­լու։ Առող­­ջութիւ­­նը լաւ չէր։ Տոք­­թոր Պար­­գեւ իմաց տա­­լու հա­­մար զան­­գա­­­հարած էր ար­­դէն։ «Վար­­պե­­­տը դար­­ձեալ եկաւ։ Լաւ չե­­րեւիր։ Գիտ­­նաս ու­­զե­­­ցի»։ Հե­­ռախօ­­սը ան­­ջա­­­տելէ ետք Պար­­գե­­­ւին ըսած­­նե­­­րը Չա­­լըք­­մա­­­նին փո­­խան­­ցե­­­ցի։ Առա­­ջար­­կեց իս­­կոյն եր­­թալ։ Միաս­­նա­­­բար հի­­ւան­­դա­­­նոց գա­­ցինք։ Սուրբ Փրկիչ հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ գտանք իր դար­­մա­­­նում տե­­սած սե­­նեակը։ Աչ­­քե­­­րը փակ էին, դժո­­ւարաւ կը շնչէր։ Աւե­­լի ճիշդ ամէն շնչա­­ռու­­թեան կը խռկար։ Պա­­րոն Պերճ թե­­թեւ մը դպաւ ու­­սին եւ իմա­­ցուց, որ մենք եկած ենք։ «Յա­­կոբ, Յա­­կոբ աչ­­քերդ բաց նա­­յէ եկած եմ, Թո­­մոն ալ հետս է»։ Սա­­կայն Արա­­տէն ոչ մէկ ար­­ձա­­­գանգ։ Ապա ես փոր­­ձե­­­ցի նոյնպէս «Վար­­պետ հոս ենք աչքդ բաց»։ Ան միշտ հեւ­­քով շա­­րու­­նա­­­կեց խռկալ։ Պար­­գեւ Պա­­լըմեանն ալ հե­­տեր­­նիս էր։ Ան ալ իր կար­­գին փոր­­ձեց ուշքի բե­­րել, բայց անօ­­գուտ։ Մեր կող­­քին էր նաեւ բուժքոյ­­րը։ Բուժքոյ­­րը թե­­թեւ մը ծռե­­ցաւ Արա­­տին վրայ եւ գուրգու­­րանքով շտկեց իր վրա­­յի սա­­ւանը։ Տաք եղա­­նակ էր եւ բուժքոյ­­րին վեր­­նա­­­շապ­­կի քա­­նի մը կո­­ճակ­­ներն ալ բաց էին։ Յան­­կարծ Արատ ու­­րախ ժպի­­տով մը աչ­­քե­­­րը բա­­ցաւ։ Յայտնի է, որ գոհ է բուժքոյ­­րի ներ­­կա­­­յու­­թե­­­նէն։ Այս տես­­նե­­­լով պա­­րոն Պերճ չկրցաւ ընդվզու­­մը զսպել «Ծօ՜ Յա­­կոբ ժամ մըն է այստեղ աղա­­չեցինք, պա­­ղատե­­ցինք որ գէթ ան­­գամ մը աչ­­քերդ բա­­նաս, բայց երբ բուժքոյ­­րը վրադ ծռե­­ցաւ ան­­մի­­­ջապէս ուշքի եկար»։ Կա­­տակա­­խօս էր ու սրա­­միտ։ Քիչ անց հրա­­ժեշտ առինք Յակոբ Արատէն։ Հա­­զիւ թէ գրա­­սենեակ հա­­սած էինք կրկին հնչեց հե­­ռախօ­­սը։ Տոք­­թոր Պար­­գեւ Պա­­լըմեանն էր, մեր բաժ­­նո­­­ւելէն քիչ ետք կրկին սրտի կա­­թուած մը եւ Յա­­կոբ Արատ աւան­­դած էր իր ոգին։ Յոգ­­նութեան սուրճ մը խմե­­ցինք տխրա­­մած եւ լուռ։

Սի­­րելի Պերճ աղ­­բա­­­րիկ, այ­­սօր ալ դուն հրա­­ժեշտ կ՚առ­­նես մեզ­­մէ։ Գի­­տեմ որ գա­­ցած տեղդ բազ­­մա­­­թիւ բա­­րեկամ­­ներ ու­­նիս գե­­ղան­­կա­­­րիչ, քան­­դա­­­կագործ կամ կրա­­ֆիկ նկա­­րիչ։ Բա­­րեւ խօ­­սէ Յա­­կոբ Արա­­տին, Մա­­րի Կե­­րեք­­մե­­­զեանին, Մեն­­կիւ Էր­­թելեն, Ալւո­­շին եւ բո­­լոր բո­­լորին։ Հաս­­տատ որ օր մը ան­­դի կող­­մը բո­­լորս պի­­տի մէկ­­տե­­­ղուինք։ Մին­­չեւ այդ օրը միշտ սի­­րով ու յարգանքով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ