Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

«Ուրախացի՛ր, բերկրեալդ կա­­­նանց մէջ, քան­­­զի քեզ կան­­­չում է մեր Արա­­­րիչը, քո Միածին Որ­­­դին»։

Օգոս­­­տո­­­­­­­սի 12-ին Հայ Առա­­­քելա­­­կան Եկե­­­ղեցին կը տօ­­­նէ Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նի եր­­­կինք վե­­­րափո­­­խուե­­­լու տօ­­­նը՝ Տի­­­րամօ­­­րը նո­ւիրուած տօ­­­ներէն ամե­­­նահի­­­նը։

Ըստ աւան­­­դութեան՝ Մա­­­րիամը վե­­­րոյի­­­շեալ աւե­­­տիսը լսե­­­լէ ետք, կը պա­­­տուի­­­րէ իրեն թա­­­ղել Գեթ­­­սէ­­­­­­­մանի այ­­­գում։ Ապա Յով­­­հաննէ­­­սին կը խնդրէ սուրբ պա­­­տարագ մա­­­տու­­­ցել՝ իր Որ­­­դու արեանն ու մարմնին հա­­­ղոր­­­դո­­­­­­­ւելու հա­­­մար։

Կ՚ըսեն թէ երբ Յով­­­հաննէ­­­սը սուրբ Պա­­­տարա­­­գի խոր­­­հուրդը կը կա­­­տարէ, յան­­­կարծա­­­կի որոտ կը լսո­­­ւի եւ առա­­­քեալ­­­նե­­­­­­­րը կը սկսեն ձայ­­­նակցել Յով­­­հաննէ­­­սին։

Յով­­­հաննէս Աւե­­­տարա­­­նիչը կի­­­պարի­­­սի փայ­­­տի վրայ կը պատ­­­կե­­­­­­­րէ Տի­­­րամօ­­­րը, ապա առա­­­քեալ­­­նե­­­­­­­րի խնդրան­­­քով այդ պատ­­­կե­­­­­­­րը Սուրբ Կոյ­­­սը իր դէմ­­­քին կը դնէ եւ կ՚օրհնէ այն, որ­­­պէսզի իր՝ եր­­­կինք վե­­­րանա­­­լու ետք այդ պատ­­­կե­­­­­­­րի մի­­­ջոցով աշ­­­խարհին բա­­­րիք­­­ներ պար­­­գե­­­­­­­ւէ։

Տի­­­րամայ­­­րը կը ննջէ, իսկ նրա հո­­­գին կը միանայ լու­­­սե­­­­­­­ղէն զօր­­­քին, մինչդեռ մար­­­մի­­­­­­­նը չի այ­­­լա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւի, այլ անու­­­շա­­­­­­­հոտ խնկով կը բու­­­րէ։ Երեք օր յե­­­տոյ Քրիս­­­տոս, առանց գե­­­րեզ­­­մա­­­­­­­նի կնի­­­քը խախ­­­տե­­­­­­­լու, կը վերցնէ Մա­­­րիամի մար­­­մի­­­­­­­նը եւ կը վե­­­րանայ եր­­­կինք։

Իմ Տէրն էկաւ ամ­­­պա­­­­­­­խաղաց,

Աշ­­­խարհ սար­­­սեց չո­­­րեք­­­դի­­­­­­­մաց,

Գաբ­­­րիէլեան փո­­­ղը ձայ­­­նեց,

Մե­­­ղաւո­­­րի հո­­­գին դո­­­ղաց։

Դրախ­­­տե­­­­­­­նական ծառ ծաղ­­­կե­­­­­­­ցաւ,

Ան­­­մա­­­­­­­հու­­­թեան հոտ բու­­­րաւ․․․

Քրիս­­­տո­­­­­­­նէու­­­թեան ըն­­­դունու­­­մէ ետք Անա­­­հիտ դի­­­ցամօր պաշ­­­տա­­­­­­­մունքն ու գոր­­­ծա­­­­­­­ռոյթնե­­­րը կը փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւեն Մա­­­րիամ Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նին։ Անա­­­հիտի տա­­­ճար­­­նե­­­­­­­րի տե­­­ղը կը բարձրա­­­ցուեն Տի­­­րամօ­­­րը նո­­­ւիրո­­­ւած բազ­­­մա­­­­­­­թիւ եկե­­­ղեցի­­­ներ, նրան կը ձօ­­­նուեն ամե­­­նագե­­­ղեցիկ տա­­­ղերն ու եր­­­գե­­­­­­­րը, կը հիւ­­­սո­­­­­­­ւեն շա­­­րական­­­ներն ու աղօթքնե­­­րը։

Սուրբ Մա­­­րիամը կը դառ­­­նայ հայ քրիս­­­տո­­­­­­­նեայի բա­­­րեխօ­­­սը, հի­­­ւանդնե­­­րին ապա­­­քինո­­­ղը, ան­­­զա­­­­­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րին զա­­­ւակ պար­­­գե­­­­­­­ւողը, հայ կա­­­նանց զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րին աջակ­­­ցո­­­­­­­ղը, նրանց ամու­­­սիննե­­­րին եւ ըն­­­տա­­­­­­­նիքի ան­­­դամնե­­­րին բռնու­­­թե­­­­­­­նէն պաշտպա­­­նողը, եւ, ճիշդ Անա­­­հիտի պէս, ար­­­տե­­­­­­­րը մո­­­րեխէն եւ այլ աղէտ­­­նե­­­­­­­րէ պաշտպա­­­նողն ու բեր­­­քի առա­­­տու­­­թիւնն ապա­­­հովո­­­ղը։

Մա­­­րիամ չո­­­քեր՝ աղօթք կ՚անէր,

Որ Տէրն իր հայ քրիս­­­տո­­­­­­­նէին,

Մեղ­­­քը թող­­­նէ, ար­­­ժան անէ,

Ար­­­քա­­­­­­­յու­­­թեան բաց դռնա­­­կին։

Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նի Վե­­­րափոխ­­­ման տօ­­­նին ժո­­­ղովուրդը ուխտի կը գնար առա­­­ւելա­­­պէս Տի­­­րամօր անու­­­նը կրող եկե­­­ղեցի­­­ներն ու մա­­­տուռնե­­­րը, նաեւ սուրբ հա­­­մարո­­­ւող սա­­­րեր ու լեռ­­­ներ, ինչպէս օրի­­­նակ, Ար­­­ցա­­­­­­­խում Պան­­­դի սա­­­րի Պան­­­դի սրբի ուխտա­­­տեղին, ինչպէս նաեւ Թուխ Մա­­­նուկ սրբա­­­վայ­­­րեր։

«Խաս­­­տուրա Ս․Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­ծին վան­­­քը ուխտի եկող հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը Թուխ Մա­­­նուկ եւս պի­­­տի գնար, որ իր ուխտը կա­­­տարեալ հա­­­մարո­­­ւի»։ Ալաշ­­­կերտի Թուխ Մա­­­նուկ սրբա­­­տեղին, որ դա­­­րերի հոս­­­քի հետ քա­­­րակոյ­­­տի էր վե­­­րածո­­­ւել, Աս­­­տո­­­­­­­ւածած­­­նայ տօ­­­նին սի­­­րելի ուխտա­­­վայ­­­րե­­­­­­­րէն մինն էր, այստեղ հա­­­ւաքո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րը ոտա­­­բոպիկ «կը կո­­­խոտէին այն վայ­­­րե­­­­­­­րը, ուր Թուխ մա­­­նուկներ քայ­­­լած են»։

Մար­­­դիկ օրեր առաջ կը պատ­­­րաստո­­­ւէին ուխտագ­­­նա­­­­­­­ցու­­­թեանը։ Յա­­­ճախ ուխտի կը գնա­­­յին մեծ խմբե­­­րով, ծա­­­նօթ-բա­­­րեկամ­­­նե­­­­­­­րով, կը քա­­­լէին մի ամ­­­բողջ գի­­­շեր, որ­­­պէսզի սրբա­­­տեղի հաս­­­նե­­­­­­­լուն պէս դի­­­մաւո­­­րէին արե­­­ւածա­­­գը։ Սրան կը յա­­­ջոր­­­դէին խինդ ու ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւնը, երգն ու շուրջպա­­­րը, խա­­­ղերն ու մրցա­­­մար­­­տե­­­­­­­րը, մա­­­տաղ­­­ներն ու խնջոյ­­­քի սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րը։

«Քո­­­վի թթաս­­­տա­­­­­­­նի ծա­­­ռերուն տակ ուխտա­­­ւոր­­­նե­­­­­­­րը կը բա­­­նան իրենց սե­­­ղան­­­նե­­­­­­­րը, իսկ ծա­­­ռին տակ կը փչէ զուռնան, կը թնդայ թմբու­­­կը, ու մին­­­չեւ լոյս շուրջպա­­­րը կը դառ­­­նայ։ Եր­­­կուշաբ­­­թի առա­­­ւօտ տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ հան­­­դի­­­­­­­սաւոր պա­­­տարագ։ …Խնջոյ­­­քը, կե­­­րու­­­խումը, զուռնան ու պա­­­րը կը տե­­­ւեն մին­­­չեւ երեկոյ…»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ