ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հաւատքի ազատութիւն, իրա՞ւ, վստա՞հ էք

Խմբագրատունը այն բացառիկ վայրերէն է, ուր ամենաանսպասելի պահուն յանկարծ տե­ղեակ կը դառ­նաս զար­գա­ցու­մէ մը, որուն մա­սին նա­խապէս ոչ մէկ ակնկա­լու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նէր։ Ահա այդ տե­սակի անակնկալ մը եղաւ երեք­շաբթի օր թեր­թի հա­մացան­ցի էջին հաս­նող է-նա­մակ մը։ Հա­ղոր­դագրու­թիւն մըն է այդ, որուն տակ ստո­րագ­րած էին սկսե­լով Յու­նաց Տիեզե­րական Պատ­րիար­քէն, երկրի բո­լոր ոչիս­լամ հա­մայնքնե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րը։ Հա­ղոր­դագրու­թիւնը խոս­տո­վանանք մըն էր Թուրքիոյ մէջ քրիս­տո­նեայ կամ հրեայ հա­ւատա­ցեալ­նե­րու կրօն­քի ազա­տու­թեան հա­մար։ Իս­կոյն սկսանք մտմտալ, թէ ո՞ր զար­գա­ցումնե­րու հե­տեւան­քով նման յայ­տա­րարու­թեան մը կա­րիքը զգա­ցուած էր։

Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցի բո­լոր քրիս­տո­նեանե­րը կամ աւե­լի լայն բա­ցատ­րութիւ­նով՝ բնակ­չութեան մե­ծամաս­նութե­նէ տար­բեր հա­ւատ­քի մը հե­տեւող­նե­րը շատ լաւ գի­տեն երկրի մէջ տի­րող ան­հանդուրժո­ղակա­նու­թեան մա­սին։ Կաս­կած չկայ, որ հա­սարակ մարդկանց գիտ­ցա­ծէն շատ աւե­լին գի­տեն նաեւ այդ հա­մայնքնե­րու ներ­կա­յացու­ցի­չի դիր­քին մէջ գտնո­ւող հո­գեւոր առաջ­նորդնե­րը։

Անոնք կը խօ­սէին կրօն­քի ազա­տու­թեան մա­սին։ Այս նիւ­թով երաշ­խիք մը ներ­կա­յաց­նե­լու կա­րիքը ան­գամ ապա­ցոյց մըն է խնդիր­նե­րու առ­կա­յու­թեան։ Ար­դա­րեւ քիչ մը զգոյշ դի­տար­կումով ամէն ինչ պարզ կը դառ­նայ։ Օրի­նակի հա­մար՝ մե­զի եկած հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ Յու­նաց Բար­թո­ղիմէոս սրբա­զանին անո­ւան տակ նշո­ւած էր «տիեզե­րական պատ­րիարք» տիտ­ղո­սը։ Եւ այդ տիտ­ղո­սը շրջան­ցո­ւած էր նոյն յայ­տա­րարու­թեան ար­ձա­գան­գող պե­տական լրա­տուա­միջո­ցի, «Անա­տոլու աժանս» գոր­ծա­կալու­թեան հրա­պարա­կու­մին մէջ։

Իրա՛ւ Յու­նաց Տիեզե­րական Պատ­րիար­քը ազա­տու­թեան ո՞ր յատ­կութիւ­նով կը բա­ցատ­րէ Հէյ­պե­լի կղզիի Յու­նաց Դպրե­վան­քի ար­գե­լափա­կուած ըլ­լա­լու փաս­տը։ Կամ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանոր­դը կրօ­նական ազա­տու­թեան ո՞ր դրսե­ւորու­մով կը մեկ­նա­բանէ պատ­րիար­քի ընտրու­թեան դէմ յա­րու­ցո­ւած պե­տական ար­գելքը։ Նոյնպէս կ՚ար­ժէ հարցնել ասո­րինե­րու առաջ­նորդին, թէ այդ ի՞նչ տե­սակ ազա­տու­թիւն է, երբ գրա­ւուած են եկե­ղեցա­պատ­կան բազ­մա­թիւ կա­լուած­ներ ու անոնցմէ մէկ մա­սին վե­րադար­ձը կը ներ­կա­յացո­ւի իբ­րեւ շնորհք։

Խմբագ­րա­տան մէջ խորհրդա­ծու­թիւննե­րով հա­մոզո­ւեցանք, թէ նման յայ­տա­րարու­թեան մը կա­րիքը գո­յացած է ԱՄՆ պետ քար­տուղար Մայք Փեն­սի պա­տուե­լի Էնտրիու Պրոն­սո­նի բան­տարկու­թեան դէմ ու­նե­ցած ելոյ­թով։

Իրո­ղու­թիւնը շատ պարզ ու յստակ է։ Թուրքիա թէ պե­տական միտ­քով եւ թէ հա­սարա­կու­թեան մտայ­նութեամբ ան­հանդուրժո­ղական է իս­լամ կրոն­քի սիւննի դա­ւանան­քէն դուրս մնա­ցած բո­լոր հա­ւատքնե­րու նկատ­մամբ։ Շատ եր­կար տա­րիներ ու նաեւ մին­չեւ օրս երկրի մե­ծագոյն վտանգնե­րու առա­ջին եռեակին մէջ յի­շուած է քրիս­տո­նէու­թեան քա­րոզ­չութիւ­նը։ Կա­րելի է ըսել, թէ պե­տու­թիւնը շատ մեծ կաս­կած սնու­ցած է իր ժո­ղովուրդի հա­ւատ­քի թու­լութեան հե­տեւան­քով։ Կար­ծած է, թէ քա­նի մը քա­րոզիչ­նե­րու բա­րեխօ­սու­թեամբ երկրի հա­սարա­կու­թիւնը դիւ­րաւ կը հրա­ժարի իր իս­լամ հա­ւատ­քէն ու կը հե­տեւի քրիս­տո­նէու­թեան։ Ան­շուշտ, որ պե­տու­թեան գոր­ծիչնե­րը այդքան յի­մար չեն եղած։ Անոնք դի­տումնա­ւոր կեր­պով հրահ­րած են նման վտան­գը, հա­սարա­կու­թիւնը լա­րուած պա­հելու մի­տու­մով։ Այդ ռազ­մա­վարու­թիւնը բնա­կանա­բար ու­նե­ցած է իր հե­տեւանքնե­րը, որու բեր­մամբ եկե­ղեցի­ներ կը խրտչին զան­գակնե­րու ղօ­ղան­ջէն, գե­րեզ­մա­նատու­նե­րը կը շրջա­պատո­ւին աւե­լի քան չորս մեթր բարձրու­թեամբ պա­րիսպնե­րով եւ քրիս­տո­նեաներ եկե­ղեցի կը մտնեն ստու­գիչ սար­քե­րով օժ­տո­ւած դռնե­րէն անցնե­լով։

Երա­նի հա­ւատ­քի ազա­տու­թեան մա­սին հարցնէին նաեւ ալե­ւինե­րուն, քրիս­տո­նեայ թուրքե­րուն կամ էզ­տի­ներուն եւս։ Հա­ւանա­բար անոնք ալ Թուրքիոյ մէջ տի­րող հա­ւատ­քի ազա­տու­թեան մա­սին պատ­մե­լիք­ներ ու­նե­նային։

pakrates@yahoo.com