Միշտ թարմ ու կենսունակ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»

Ինչպէս նա­խապէս ալ նշած ենք «Քար­տէշ Թիւրքիւ­լեր» երաժշտա­կան խումբը իր հիմ­նարկու­թեան 25-ամեակին առ­թիւ հա­ղոր­դո­ւեցաւ երկրպա­գու­նե­րու հոծ բազ­մութեան մը հետ 29 Յու­լիս կի­րակի երե­կոյ։

Նա­խորդ հա­մերգնե­րը ար­դէն իսկ որոշ պատ­կե­րացում մը կը թե­լադ­րէին այս խումբի յա­ջողու­թեան մա­կար­դա­կին մա­սին։ Սա­կայն կի­րակի երե­կոյ կա­յացո­ղը կը գե­րազան­ցէր բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը։ Ամ­բողջո­վին լե­ցուն բա­ցօթեայ ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ «Քար­տէշ Թիւրքիւ­լեր» ան­գամ մը եւս բե­մը կի­սեց, բո­լոր այն արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու հետ, որոնց հետ ան­ցեալին ալ զա­նազան առիթ­նե­րով խա­չաձե­ւուած էր իր երաժշտա­կան ու­ղին։ Խումբի հա­մար 25-ամեակի ձօ­նուած այս եզա­կի մի­ջոցա­ռու­մը նաեւ վե­րածո­ւեցաւ յու­շե­րու տո­ղանցքի, քա­նի որ անցնող ժա­մանա­կահա­տուա­ծին բնաւ քիչ չեն նաեւ, այն անուննե­րը որոնք յի­շատա­կուե­ցան այս առ­թիւ։ Բնա­կանա­բար երաժշտա­կան որե­ւէ խումբի հա­մար բա­ւակա­նին եր­կար ճա­նապարհ է 25 տա­րինե­րու հո­լովոյ­թը եւ քի­չեր միայն այդ անցնող հսկայ ժա­մանա­կի ըն­թացքին կը յա­ջողին վառ պա­հել այն երի­տասար­դա­կան ոգե­ւորու­թիւնը, որ կը տի­րէր 25 տա­րի առաջ եւս։

Ահա այս էր երե­ւի սի­րողա­կան ոգին բարձր պա­հած խումբի ար­ձա­նագ­րած մեծ յա­ջողու­թեան գաղտնի­քը։ Ան­գամ մը եւս բազ­մա­հազար ժո­ղովուրդ բաժ­նե­ցին նոյն ու­րախ տրա­մադ­րութիւ­նը եւ ան­յագ հե­ռացան Մաս­լա­քի բար­ձունքէն երա­զելով հա­մեր­գի յայ­տագրին յա­ջորդ տա­րուայ կրկնու­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ