ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Աւազ

- Պարոն, հոս քա­նի՞ ժամ կրնանք մնալ։

- Ինչքան որ ու­­­զենք։

Անակնկալ որո­­­շում էր իրիկ­­­նա­­­­­­­մու­­­տին Սե­­­ւանի ափին վեր­­­ջացնել օրը։ Հա­­­կառակ անոր, որ հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նեան մեր պտոյ­­­տը մանր-մանր ծրագ­­­րո­­­­­­­ւած կ՚ըլ­­­լայ, այ­­­սօր, հրա­­­ժեշտ տո­­­ւող արե­­­ւի եւ զո­­­վաց­­­նող ալիք­­­նե­­­­­­­րու առ­­­ջեւ որո­­­շած ենք ընել՝ ոչինչ։ Աշա­­­կերտնե­­­րը աւա­­­զի վրայ նստած կը հիանան տե­­­սարա­­­նին։ Վա­­­հէն, Ալի­­­քը, Կա­­­թիլը եւ քա­­­նի մը ու­­­րիշներ ձեռ­­­քե­­­­­­­րը իրենց գլու­­­խին բարձ դրած եր­­­կինքը կը դի­­­տեն։ Պեր­­­ճուհին եւ Փա­­­թիլը խե­­­ցիներ կը հա­­­ւաքեն։ Ան­­­դին Լո­­­ռին եւ Վէ­­­մը իրենց ոտ­­­քե­­­­­­­րը ջու­­­րին եր­­­կա­­­­­­­րած՝ կը զրու­­­ցեն ո՛վ գի­­­տէ ին­­­չի մա­­­սին, մինչ Նա­­­րեկը կի­­­թառ սկսած է նո­­­ւագել։

- Պա­­­րոն, իսկ ես կը սի­­­րեմ աւա­­­զի վրայ գրել։

- Անոնք մնա­­­յուն չեն ըլ­­­լար։

- Նո­­­րերը կը գրեմ։

- Վա­­­նայ, կա­­­րելի է կար­­­ծել, թէ միայն երե­­­խանե­­­րը կը սի­­­րեն աւա­­­զով խա­­­ղալ։ Մինչդեռ, մեր մա­­­տենագ­­­րութեան հսկա­­­ներն ալ ժա­­­մեր ան­­­ցուցած են աւա­­­զի շուրջ ու սի­­­րած են զայն գի­­­րի եւ գրա­­­կանու­­­թեան վե­­­րածել։ Աւա՜ղ, «աւազ»ի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ պատ­­­մութիւններ այժմ հանգչած կը մնան մեր մայ­­­րե­­­­­­­նի ով­­­կիանո­­­սի խո­­­րու­­­թիւննե­­­րու մէջ։ Կ՚ար­­­ժէ զա­­­նոնք գուրգու­­­րանքով եւ համ­­­բե­­­­­­­րու­­­թեամբ, հա­­­տիկ-հա­­­տիկ դուրս հա­­­նել, քան­­­զի փայ­­­լուն են եւ ու­­­նին աչ­­­քա­­­­­­­ռու գե­­­ղեց­­­կութիւն։ Նա­­­րեկը ի՞նչ կը նո­­­ւագէ։

- Ռո­­­պերթ Ամիր­­­խա­­­­­­­նեան, «Այնպէս ու­­­զում եմ»։

- Տղան շատ սի­­­րեց այդ եր­­­գը։

- Բո­­­լորս սի­­­րեցինք, «Այնպէս ու­­­զում եմ անունդ թող­­­նել, կէս­­­գի­­­­­­­շերա­­­յին աւա­­­զի վրայ»։

- Ալի­­­սիա Կի­­­րակո­­­սեանի զգլխիչ բա­­­ռերը... «Աւազ» բա­­­ռը, Վա­­­նայ, բնիկ հայ­­­կա­­­­­­­կան է։ Կը կար­­­ծո­­­­­­­ւի, թէ առա­­­ջին մա­­­սը նա­­­խաձեւն է- «աւ»։ Ան կա­­­պուած է լա­­­տին­­­նե­­­­­­­րու sabulum, ինչպէս նաեւ sand, zand, santa, sampt եւ sandr բա­­­ռերու հետ։ Աւե­­­լի հե­­­տաքրքրա­­­կանը յոյ­­­նե­­­­­­­րու «փսամ­­­մոս» բառն է, մեր «աւազ»ի մօ­­­տիկ դրա­­­ցին եւ դե­­­ռեւս հե­­­ռաւոր զար­­­մի­­­­­­­կը։ Այդ բա­­­ռով է կո­­­չուած Պոլ­­­սոյ յայտնի ծո­­­վեզե­­­րեայ հա­­­յաբ­­­նակ մէկ թա­­­ղամա­­­սը՝ Սա­­­մաթիա, «աւա­­­զուտ»։ Եղած են նաեւ լե­­­զուա­­­բան­­­ներ, որոնք փոր­­­ձած են բա­­­ռը ստու­­­գա­­­­­­­բանել պարսկա­­­կան ար­­­մատնե­­­րով։ Բայց, վերջնա­­­կան լու­­­ծում չկայ։ Ուստի, մենք կեդ­­­րո­­­­­­­նանանք հայ­­­կա­­­­­­­կան գրա­­­ւոր ժա­­­ռան­­­գի վրայ։ Պեր­­­ճուհի՛, կ՚երե­­­ւի, խե­­­ցինե­­­րու հա­­­ւաքա­­­ծոյ մը կը պատ­­­րաստո­­­ւիք ու­­­նե­­­­­­­նալ։

- Ասոնք որ­­­պէս յի­­­շատակ պի­­­տի պա­­­հենք։ Պա­­­րո՛ն, Նո­­­րավան­­­քի մէջ ալ տու­­­ֆի կտոր­­­ներ հա­­­ւաքած էինք։

- Հա­­­ճոյ­­­քով դի­­­տեցի... Վա­­­նա՛, գի­­­տե՞ս, թէ որ­­­քա՛ն մե­­­ղաւոր էր Մես­­­րոպ Մաշ­­­տո­­­­­­­ցը։

- Սուրբը մե­­­ղաւո՞ր...

- Ան­­­շուշտ, թէ ո՛չ։ Բայց ի՛ր իսկ գրած շա­­­րակա­­­նը կ՚ըսէ... «Մեղք իմ բա­­­զում եւ յոյժ, ծանր են քան զա­­­ւազ ծո­­­վու»։ Տե՛ս, աւա­­­զը փոքր է, աննշան, բայց ծնունդ տո­­­ւած է փո­­­խաբե­­­րական մե­­­ծու­­­թիւննե­­­րու։ Երբ մեր պատ­­­մի­­­­­­­չը, Փաւստոս Բիւ­­­զանդը, պար­­­սիկ Շա­­­պուհ ար­­­քա­­­­­­­յի հսկա­­­յական բա­­­նակը պի­­­տի նկա­­­րագ­­­րէր, որ­­­պէս նմա­­­նու­­­թիւն՝ որո­­­շեց «աւազ» բա­­­ռը գոր­­­ծա­­­­­­­ծել. «...ան­­­չափ եւ ան­­­թիւ եւ ան­­­հա­­­­­­­մար իբ­­­րեւ զա­­­ւազ ծո­­­վու, չո­­­րեք­­­հա­­­­­­­րիւր բեւր [բիւր] զօրս բա­­­զումս»։

- Քա­­­նի՞ զի­­­նուոր։

- Չորս մի­­­լիոն։ Բիւ­­­րը տա­­­սը հա­­­զար է, չորս հա­­­րիւր բիւր՝ չորս մի­­­լիոն... «Աւազ» բա­­­ռը սի­­­րած է ածա­­­կան­­­ներ առինքնել ու պատ­­­կե­­­­­­­րալից տե­­­սարան­­­նե­­­­­­­րու վե­­­րածո­­­ւիլ. «Դիւ­­­րացնդիկ ծո­­­վափ­­­նեայ աւազ», «Պղտոր աւազ շի­­­կակար­­­միր» եւ այլն։ «Աւազ»ով շի­­­նուած ու­­­նինք բազ­­­մա­­­­­­­թիւ դար­­­ձո­­­­­­­ւածքներ եւ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ, ինչպէս՝ աւա­­­զի փոս, աւա­­­զի ժա­­­մացոյց, աւա­­­զէ պա­­­րան հիւ­­­սել, աւա­­­զի վրայ տուն շի­­­նել, աւա­­­զի հետ մա­­­ղուիլ, ջու­­­րի պէս գնա՝ աւա­­­զի պէս մնա։ Վեր­­­ջի­­­­­­­նը անա­­­խոր­­­ժե­­­­­­­լի հիւ­­­րի հա­­­մար կը գոր­­­ծա­­­­­­­ծուի, ցան­­­կա­­­­­­­լով, որ շու­­­տով եր­­­թայ... Թէեւ, կա­­­րելի չէ ծո­­­վու աւա­­­զահա­­­տիկ­­­նե­­­­­­­րը համ­­­րել՝ բայց յա­­­ջողեր ենք Սուրբ Գիր­­­քի «աւազ»նե­­­րու թի­­­ւը ճշդել. 41։ Անոնց մէջ առ­­­կայ է «աւա­­­զի պէս բազ­­­մա­­­­­­­նալ» գա­­­ղափա­­­րը. «Եւ եդից զա­­­ւակ քո իբ­­­րեւ զա­­­ւազ ծո­­­վու», «Ոչ թո­­­ւին զօ­­­րու­­­թիւնք երկնից, եւ ոչ չա­­­փի աւազ ծո­­­վու, նոյնպէս բազ­­­մա­­­­­­­ցու­­­ցից զզա­­­ւակն Դաւ­­­թի»։ Աւե­­­լին՝ ու­­­նինք բազ­­­մա­­­­­­­թիւ աւա­­­զուտ բա­­­ռեր, ինչպէս՝ աւա­­­զածիր, աւա­­­զակապ, աւա­­­զահիմն, աւա­­­զախտ, աւազ­­­կո­­­­­­­կել, աւա­­­զատիպ, աւա­­­զահանք։ Եւ, այս բո­­­լորը, հա­­­կառակ ծո­­­վեզե­­­րեայ աւա­­­զածին բեր­­­դե­­­­­­­րու կամ աւա­­­զաշէն աշ­­­տա­­­­­­­րակ­­­նե­­­­­­­րու, դի­­­մացեր են դա­­­րերու քան­­­դիչ ալիք­­­նե­­­­­­­րուն ու կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն մեր մայ­­­րե­­­­­­­նին փայ­­­լեցնել։

- Ըսել կ՚ու­­­զէք, կը մնա՛ն աւա­­­զով գրո­­­ւած խօս­­­քե­­­­­­­րը...

- Կը մնան։ Անոնք ան­­­մո­­­­­­­ռանա­­­լի կ՚ըլ­­­լան, երբ ժո­­­ղովուրդի սրտի յա­­­տակը նստին։ Այն ժա­­­մանակ ո՛չ մէկ ալիք կամ քա­­­մի կրնայ ջնջել զա­­­նոնք։ Անոր հա­­­մար է, որ կը մնայ Նա­­­րեկա­­­ցին եւ իր խօս­­­քը. «Ի վե­­­րայ աւա­­­զոյ զշի­­­նուածս յի­­­մարու­­­թեան կա­­­ռու­­­ցի»։ Ան հնա­­­րեր է նաեւ «աւա­­­զափուլ շի­­­նուածք» բա­­­ռակա­­­պակ­­­ցութիւ­­­նը։

- Սուրբը չէր ու­­­զեր այդպի­­­սի անձնա­­­ւորու­­­թիւն մը ըլ­­­լալ, չէ՞։

- Ճիշդ է, չէր ու­­­զեր այդպէս ներ­­­կա­­­­­­­յանալ բար­­­ձեալին։ Վա­­­նայ, եւ կայ Սա­­­յաթ Նո­­­վան եւ անոր ինքնան­­­կա­­­­­­­րագ­­­րութիւ­­­նը. «Հիմքս աւա­­­զից չի­­­մանաս, քա՛րափ է, քա՛րուկրէն է»։ Աւա­­­զի մէջ աշու­­­ղը տե­­­սեր է նաեւ կեան­­­քի իմաս­­­տա­­­­­­­սիրու­­­թիւն. «Որ­­­քան էլ որ քա­­­մին տա­­­նի՝ ծո­­­վիցը աւազ չի պակ­­­սի»։

«Աւազ»ը, այս աննշան, այս չնչին, այս մանր տար­­­րը, ի՛նչ զար­­­մա­­­­­­­նալի բան, 20-րդ դա­­­րուն կրկին մա­­­կերես ելաւ։ Հայ քեր­­­թո­­­­­­­ղի գրչին տակ նկա­­­րագ­­­րեց ցե­­­ղի ցաւն ու վիշ­­­տը։ Նախ եկաւ Չա­­­րեն­­­ցը։ Ան «աւազ»ը յար­­­մար գտաւ մեր նո­­­րակա­­­ռոյց մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քը գո­­­վաբա­­­նելու հա­­­մար. «Երե­­­ւա՛ն, ես սի­­­րում եմ քեզ, գոր­­­շա­­­­­­­ւազ շէն­­­քերդ քա­­­րէ»։ Ապա Սիլ­­­վա Կա­­­պու­­­տի­­­­­­­կեանը եկաւ ու նկա­­­րագ­­­րեց ազ­­­գի չսպիացած վէր­­­քը. «Եւ քա­­­նի մե­­­ծեր, օ, ան­­­լուր օր­­­հաս, սրա­­­հար ըն­­­կան անա­­­պատի մէջ, շիր­­­մի փո­­­խարէն տա­­­տասկ ու աւազ...»։ Պա­­­րոյր Սե­­­ւակը աւազ բա­­­ռի չորս տա­­­ռերու մէջ ամ­­­փո­­­­­­­փեց Հա­­­յաս­­­տան աշ­­­խարհի պատ­­­մութիւ­­­նը. «Վշտերդ՝ ջուր, ինքդ աւազ»։ Տէ­­­րեանը հայ­­­րե­­­­­­­նաբաղձ տո­­­ղեր եր­­­գեց աւա­­­զէ. «Թո­­­ղի եր­­­կիրն իմ հայ­­­րե­­­­­­­նի, բո­­­լորը ծուխ, բո­­­լորն աւազ»։ Տէ­­­րեանը խօ­­­սեցաւ նաեւ Մա­­­սիսին. «Շար­­­ժի՛ր, հա շար­­­ժի՛ր, աւազդ Մա­­­սիս… Որ քո ման­­­կը­­­­­­­տեաց յու­­­սոյ նշան լի­­­նի»։ Այս օրե­­­րուն, Վա­­­նայ, երբ նոր հայ­­­րե­­­­­­­նիք կը կա­­­ռու­­­ցենք, պէտք է վեր­­­յի­­­­­­­շել Պա­­­րոյր Սե­­­ւակը։ Ան էր, որ կը բաղ­­­ձար նո­­­րաշէն Հա­­­յաս­­­տան մը. «Ապ­­­րե­­­­­­­լով նոյ­­­նիսկ հա­­­մակ-անսպառ աւա­­­զի վրայ՝ մեզ հար­­­կա­­­­­­­ւոր է, յատ­­­կա­­­­­­­պէս հի­­­մա, աւազ ներ­­­մուծել մեր շէն­­­քի հա­­­մար։ Հար­­­կա­­­­­­­ւո՜ր աւազ»։

 

 

Իսկ այ­­­սօր աւա­­­զը դար­­­ձած է գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի նոր տե­­­սակ եւ հա­­­մապա­­­տաս­­­խան խո­­­շոր բառ՝ աւա­­­զան­­­կարչու­­­թիւն։ Կը մթննայ, Վա­­­նայ, բո­­­լորին լուր տանք, եր­­­թա­­­­­­­լու ժամ է։

- Պա­­­րոն, ես թո­­­ղեցի եր­­­գին խօս­­­քե­­­­­­­րը եւ անուն մը աւա­­­զի վրայ։

Երբ հա­­­զիւ ոտ­­­քի կ՚ել­­­լենք, ան­­­պի­­­­­­­տան ալիք մը կու գայ ու կը հար­­­թէ աւա­­­զը։ Ըն­­­թեռնե­­­լի կը մնայ քա­­­նի մը բառ, քա­­­նի մը տառ... ու­­­զում... գի­­­շերա... աւա... Մ...տ։