Նոր յոյսը արտերկրի մէջ

Թուրքիոյ մէջ բաւականին ծանօթ բամբ ջութակահար Արտաշէս Ակոշեան եւ իր կինը՝ Միմար Սինան Համալսարանի Արեւմտեան լեզուներու եւ գրականութեան բաժնի վարիչ՝ Նաթալի Պօղոսեան հրաժարած են իրենց պաշտօններէն եւ բնակութիւն հաստատած Հոլանտա։ Այս մասին զրուցեցինք իրենց հետ իմանալու համար այդ որոշումին տեղի տուող գործօններու մասին։

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

estukyan@gmail.com

Աւելի քան 15 տա­­­րի է կը պաշ­­­տօ­­­­­­­նավա­­­րէք Իս­­­թանպու­­­լի երաժշտա­­­նոցին մէջ։ Ի՞նչ էր պատ­­­ճա­­­­­­­ռը, որ որո­­­շեցիք հրա­­­ժարիլ եւ ու­­­րիշ եր­­­կիր եր­­­թալ։

ԱՐ­­­ՏԱ­­­­­­­ՇԷՍ ԱԿՈ­­­ՇԵԱՆ- Նախ պի­­­տի ու­­­զեմ զգու­­­շա­­­­­­­նալ քիչ յե­­­տոյ ըսե­­­լիք­­­նե­­­­­­­րուս մա­­­սին, որ­­­պէսզի անզգա­­­լաբար չվի­­­րաւո­­­րեմ կամ գո­­­նէ անար­­­դար չգտնո­­­ւիմ բո­­­լոր այն ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր պաշ­­­տօ­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րու եւ դա­­­սախօս­­­նե­­­­­­­րու նկատ­­­մամբ, որոնք ընդմիշտ իմ կող­­­քին եղան եւ աջակ­­­ցե­­­­­­­ցան զա­­­նազան դժո­­­ւարու­­­թիւններ յաղ­­­թա­­­­­­­հարե­­­լուս։ Շատ աւե­­­լի ուշ ափ­­­սո­­­­­­­սան­­­քով վե­­­րահա­­­սու եղայ, թէ անոնցմէ ոմանց դէմ ճնշումներ բա­­­նեցո­­­ւած են իմ ու­­­սումս խա­­­փանե­­­լու հա­­­մար։ Իրա­­­կանու­­­թեան մէջ այս որո­­­շու­­­մի ետին որե­­­ւէ յան­­­կարծա­­­կի պա­­­տահար մը գո­­­յու­­­թիւն չու­­­նի։ Ան հե­­­տեւանք է եր­­­կար տա­­­րինե­­­րու կու­­­տա­­­­­­­կու­­­մի մը։ Սոյն կու­­­տա­­­­­­­կու­­­մը սկսած է տա­­­կաւին երաժշտա­­­նոցի ուսման տա­­­րինե­­­րէն եւ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուած է ար­­­հեստա­­­վարժ ար­­­տադրու­­­թեան շրջա­­­նին եւս։ Իմ հայ ինքնու­­­թիւնը ընդմիշտ խնդիր մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով ներ­­­կա­­­­­­­յացաւ յա­­­րատեւ կեր­­­պով։ Մար­­­դիկ հրա­­­ժարե­­­ցան նա­­­խապէս խոս­­­տա­­­­­­­ցուած կրթա­­­թոշա­­­կը հա­­­տու­­­ցե­­­­­­­լէ։ Քա­­­նի քա­­­նի ան­­­գամներ իմ մաս­­­նակցե­­­լիք դա­­­սախօ­­­սու­­­թեան քննու­­­թիւննե­­­րու նա­­­խօրեակին զգու­­­շա­­­­­­­ցումնե­­­րու են­­­թարկո­­­ւեցայ։ Իմ յօ­­­րինումնե­­­րը դուրս հա­­­նուե­­­ցան թուրք եր­­­գա­­­­­­­հան­­­նե­­­­­­­րու ցան­­­կէն։ Վեր­­­ջա­­­­­­­պէս եր­­­կար տա­­­րինե­­­րու ծա­­­ռայու­­­թե­­­­­­­նէն ետք, երբ ան­­­ցեալ տա­­­րի պար­­­զո­­­­­­­ւեցաւ որ հայ ինքնու­­­թեանս պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ պի­­­տի չան­­­դա­­­­­­­մակ­­­ցիմ երաժշտա­­­նոցի անձնա­­­կազ­­­մին։ Այս բո­­­լորէն ետք հա­­­մոզո­­­ւեցայ, թէ շատ ալ իմաստ պի­­­տի չու­­­նե­­­­­­­նայ յա­­­մառիլ տեղ մը գո­­­յատե­­­ւել շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կել, ուր գո­­­յու­­­թիւնդ այնքան ալ ցան­­­կա­­­­­­­լի չէ։ Յայտնի է, որ ես ալ աւե­­­լի ար­­­դիւնա­­­ւէտ պի­­­տի չըլ­­­լա­­­­­­­յի իմ աս­­­պա­­­­­­­րէզին մէջ։ Դժբախ­­­տա­­­­­­­բար նման վկա­­­յու­­­թիւններ կրնաք լսել նաեւ պաշ­­­տօ­­­­­­­նակից այլ հա­­­յերէ եւս։

Ձեր ըրած յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թեան մէջ կ՚ըսէք, թէ մարդկայ­­­նօ­­­­­­­րէն եւ թէ արուես­­­տի առու­­­մով չէք գնա­­­հատո­­­ւած։ Ինչպէ՞ս գո­­­յացաւ այդ հա­­­մոզու­­­մը։

Ա.Ա.- Նո­­­ւիրեալ աշ­­­խա­­­­­­­տեցանք եւ ու­­­զե­­­­­­­ցինք մեր կա­­­րելիու­­­թե­­­­­­­նէն աւե­­­լիով ծա­­­ռայել երկրի մշա­­­կոյ­­­թին։ Մեր շուրջին­­­նե­­­­­­­րը ար­­­դէն ակա­­­նատեսն են այս իրո­­­ղու­­­թեան եւ կը հաս­­­տա­­­­­­­տեն։ Երաժշտա­­­կան աս­­­պա­­­­­­­րէզի մէջ եր­­­գա­­­­­­­հան, նո­­­ւագա­­­ծու, ու­­­սուցիչ ըլ­­­լա­­­­­­­լով ծա­­­ռայու­­­թիւնը նախ կամք կը պա­­­հան­­­ջէ։ Մարդ պէտք է ինքզինք պատ­­­րաստէ այդ կամ­­­քի ուղղու­­­թեամբ։ Սա­­­կայն չենք գտած նման նո­­­ւիրու­­­մի մը ար­­­ժա­­­­­­­նի ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գը։ Այս հիաս­­­թա­­­­­­­փու­­­թիւնը նաեւ ուղղո­­­ւած է մեր հայ հա­­­մայնքին։ Մենք պայ­­­քա­­­­­­­րեցանք, այնպի­­­սի մի­­­ջավայ­­­րին մէջ, ուր ան­­­տե­­­­­­­սուած էինք, ար­­­հա­­­­­­­մար­­­հո­­­­­­­ւած եւ աւան­­­դա­­­­­­­կան մնա­­­լու դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած։ Ահա այդ պայ­­­մաննե­­­րու մէջ պատ­­­րաստե­­­ցինք մեր աշա­­­կերտնե­­­րը, անոնց փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­ցինք մեր գի­­­տելի­­­քը եւ ահա հա­­­սանք աւար­­­տին։ Մեր հա­­­մայնքէ ներս երե­­­ւոյ­­­թը ալ աւե­­­լի մտա­­­հոգիչ է։ Ան­­­ցեալին Կո­­­միտաս ինչ դժգո­­­հու­­­թիւններ, որ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէր, ին­­­չե­­­­­­­րու մա­­­սին որ կ՚ընդվզէր այդ նոյ­­­նը վի­­­ճակո­­­ւեցաւ նաեւ մեզ։

 

Տե­­­ղափո­­­խուած էք Հո­­­լան­­­տա, այժմ ին­­­չո՞վ կը զբա­­­ղիք։

Ա.Ա.- Երաժշտա­­­կան ոլոր­­­տէ ներս Հո­­­լան­­­տա աշ­­­խարհի ամե­­­նազար­­­գա­­­­­­­ցած եր­­­կիրնե­­­րու շար­­­քին կը դա­­­սուի։ Այժմ Ամստեր­­­դա­­­­­­­մի երաժշտա­­­նոցի մէջ կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տիմ պա­­­րոք երաժշտու­­­թեան մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թեամբ, որ շու­­­տով կը յանձնեմ աւար­­­տա­­­­­­­ճառս։ Միաժա­­­մանակ Փա­­­րիզի մէջ կը խո­­­րանամ եր­­­գա­­­­­­­հանու­­­թեան, յօ­­­րին­­­ման ու­­­սումին ծա­­­նօթ եր­­­գա­­­­­­­հան Ալեք­­­սանդր Ռաս­­­քա­­­­­­­թովի հետ։ Պատ­­­րաստած եմ օփե­­­րա մը, որ պի­­­տի բե­­­մադ­­­րո­­­­­­­ւի 2020-ին։ Սա պա­­­հուն կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տիմ նաեւ արեւմտա­­­հայե­­­րէն օփե­­­րայի մը վրայ։ Մինչ այդ կինս Նա­­­թալի Պօ­­­ղոսեան հրա­­­ւէր ստա­­­ցաւ Քրիս­­­տա Լու­­­տո­­­­­­­ւիկի մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­կան դա­­­սերուն մաս­­­նակցե­­­լու։ Հի­­­մա միասին կը պատ­­­րաստենք տար­­­բեր յայ­­­տա­­­­­­­գիրե­­­րով հա­­­մեր­­­գա­­­­­­­յին ծրա­­­գիր­­­ներ։ Նաեւ նա­­­խագիծ մը կը պատ­­­րաստենք, որուն կեդ­­­րո­­­­­­­նին պի­­­տի ըլ­­­լայ մեծն Կո­­­միտա­­­սը։

***

Նման հար­­­ցումներ կ՚ուղղեմ նաեւ Ար­­­տա­­­­­­­շէս Ակո­­­շեանի կնոջ՝ Նա­­­թալի Պօ­­­ղոսեանի, որ ինք եւս բաժ­­­նած է ամուսնոյն ճա­­­նապար­­­հը եւ յայտնո­­­ւած Ամստեր­­­դամ։ Ան հրա­­­ժարած է 20 տա­­­րուայ պե­­­տական ծա­­­ռայու­­­թե­­­­­­­նէն։

 

ՆԱ­­­ԹԱԼԻ ՊՕ­­­ՂՈՍԵԱՆ- «Իմ որո­­­շումնե­­­րուս յա­­­ւելեալ իմաստներ վե­­­րագ­­­րող մի­­­ջավայ­­­րէն ձանձրա­­­ցած եմ։ Յու­­­սամ թէ այս հանգրո­­­ւանին իմ միտ­­­քե­­­­­­­րը կա­­­մ խոր­­­հուրդնե­­­րը կը դի­­­տուին լոկ մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­կան չա­­­փանի­­­շով եւ յա­­­ւելեալ իմաստներ կամ նպա­­­տակ­­­ներ չեն վե­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւիր պար­­­զա­­­­­­­պէս հայ ըլ­­­լա­­­­­­­լուս պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ»։

 

Ին­­­չո՞ւ հրա­­­ժարե­­­ցաք ձեր պաշ­­­տօ­­­­­­­նէն։

Ն.Պ.- Մենք ակա­­­դեմա­­­կան­­­ներս, ծա­­­ռի բեր­­­քը կը չա­­­փենք անոր պտղա­­­տու կա­­­րողու­­­թեամբ։ Իսկ մեր գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը յա­­­ջորդ սե­­­րունդնե­­­րու փո­­­խան­­­ցելն ալ աս­­­պա­­­­­­­րէզի երկրորդ յատ­­­կութիւնն է։ Հրա­­­ժարե­­­լուս իս­­­կա­­­­­­­կան պատ­­­ճա­­­­­­­ռը, այն եղաւ որ նկա­­­տեցի, թէ պի­­­տի չու­­­նե­­­­­­­նամ կամ ինձմէ պի­­­տի խնա­­­յուի այս առա­­­քելու­­­թիւննե­­­րը իրա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լու կա­­­րելիու­­­թիւնը։ Ցա­­­ւով նկա­­­տեցի, որ իմ հիմ­­­նած Արեւմտեան լե­­­զու­­­նե­­­­­­­րու եւ գրա­­­կանու­­­թեան բա­­­ժինը հետզհե­­­տէ պի­­­տի դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւի ան­­­գործու­­­թեան։ Եթէ դա­­­սեր պի­­­տի չկա­­­րենամ տալ, եթէ ու­­­րիշ եր­­­կիրնե­­­րու մէջ կամ երկրէ ներս ազա­­­տօրէն պի­­­տի չկա­­­րողա­­­նամ աշ­­­խա­­­­­­­տիլ ինչ նշա­­­նակու­­­թիւն պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նար շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելը։ Բա­­­ւական լուրջ մա­­­քառե­­­ցայ իմ ձեռ­­­քե­­­­­­­րով հիմ­­­նած բաժ­­­նի յա­­­րատե­­­ւու­­­թեան հա­­­մար, բայց ան­­­զօր մնա­­­ցի։ Այս հանգրո­­­ւանին միայն շնոր­­­հա­­­­­­­կալու­­­թիւն կը պար­­­տիմ ու­­­րիշ բա­­­ժին­­­նե­­­­­­­րէն այն ակա­­­դեմա­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն, որոնք ամե­­­նայու­­­սա­­­­­­­հատ պայ­­­մաննե­­­րուն իսկ փոր­­­ձե­­­­­­­ցին օգ­­­նա­­­­­­­կան ըլ­­­լալ։

 

Ձեր կա­­­տարած յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թեան մէջ նշած էիք, որ դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով մե­­­կու­­­սա­­­­­­­ցուած էք։ Ինչպէ՞ս կա­­­յացաւ այդ մե­­­կու­­­սա­­­­­­­ցու­­­մը։

Ն.Պ.- Ես եր­­­կու աս­­­պա­­­­­­­րէզ­­­ներ ու­­­նիմ։ անոնցմէ մէ­­­կը ակա­­­դեմա­­­կան դա­­­սախօ­­­սու­­­թիւն է, իսկ միւ­­­սը օփե­­­րայի եւ հա­­­մեր­­­գի երգչու­­­թիւն։ Նախ փոր­­­ձեմ առա­­­ջինին մա­­­սին պատ­­­մել։ Բաժ­­­նին բա­­­ցուած օրե­­­րուն մեծ ոգե­­­ւորու­­­թեամբ լե­­­ցուն էի։ Կը հա­­­ւատա­­­յի, որ ամէն ինչ շատ լաւ պի­­­տի ըլ­­­լայ։ Փրոֆ. Աք­­­շիթ Կէօք­­­թիւրքի դուստրը ազ­­­նիւ գտնո­­­ւեցաւ իր հօ­­­րը գրա­­­դարա­­­նը բաժ­­­նին նո­­­ւիրե­­­լու։ Իս­­­կոյն ձեռ­­­նարկե­­­ցի Աք­­­շիթ Կէօք­­­թիւրքի անու­­­նով գրա­­­դարան մը կեան­­­քի կո­­­չելու եւ հոն ապ­­­րե­­­­­­­ցայ առա­­­ջին հիաս­­­թա­­­­­­­փու­­­թիւնս։ Յե­­­տոյ ձա­­­խորդ զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րը իրար յա­­­ջոր­­­դե­­­­­­­ցին։ Մենք, որ աւար­­­տած էինք անգլե­­­րէնի գրա­­­կանու­­­թեան բա­­­ժինը, ստի­­­պեցին, որ սկզբնա­­­կան մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կի անգլե­­­րէն դա­­­սաւան­­­դենք։ Շու­­­տով մատ­­­նո­­­­­­­ւեցայ այն տպա­­­ւորու­­­թեան, թէ ոչ ոքի պի­­­տանի բաժ­­­նի մը հիմ­­­նա­­­­­­­դիրը եղած եմ, հե­­­տեւա­­­բար զրկո­­­ւեցայ իմ գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը ու­­­րիշնե­­­րու փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու հնա­­­րաւո­­­րու­­­թե­­­­­­­նէն։ Սա պա­­­հուն Ամստեր­­­դա­­­­­­­մի երաժշտա­­­նոցի մէջ կ՚ու­­­սումնա­­­սիրեմ ար­­­դի օփե­­­րայի արո­­­ւես­­­տը։ Գա­­­լով երգչու­­­թեան, այդ ոլոր­­­տէ ներս Ար­­­տա­­­­­­­շէսի հետ բա­­­ւական վաս­­­տակ ու­­­նինք։ Նշեմ, որ որ­­­դեգրե­­­լով պա­­­րոկ երաժշտու­­­թեան եր­­­գե­­­­­­­ցողու­­­թիւնը, ար­­­դէն դժո­­­ւար ու­­­ղի մը ճշդած էինք եւ այստեղ ալ այդ առու­­­մով որոշ դժո­­­ւարու­­­թիւններ մեզ կը սպա­­­սեն, բայց վհա­­­տելու պատ­­­ճառ չկայ, սա մեր նախասիրութիւնն է։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ