Խորհրդային տարիներուն, երբ Հայաստանի պաշտօնական կրճատումն էր ՀՍՍՀ, Լենիականը արժանի կերպով կը ներկայանար հանրապետութեան երկրորդ մեծագոյն քաղաք։ Անկախութեան շրջանին իր պատմական Կիւմրի անուանումին վերատիրացած քաղաքը ինչ մեղք որ վերջին 30 տարիներուն կորսնցուցած է իր երբեմնի հպարտ հոգեբանութիւնը։
Խորհրդային իշխանութիւնները իրենց բոլոր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած էին քաղաքամայր Երեւանի զարգացման։ Չէ որ Երեւան ունենալով հանդերձ Էրեբունիէ ժառանգուած հսկայ պատմութիւն, դասուելով հանդերձ երկրագունդի հնագոյն բնակավայրերու շարքին, Ի. դարու սկիզբներուն աննշան աւան մըն էր բաղդատմամբ Կիւմրի, Ալեքսանդրապոլի։ Եւ ահա շնորհիւ Խորհրդային միութեան փլանաւորման ծրագիրներուն եւ Ալեքսանդր Թամանեանի նման հսկայի մը մշակած նախագիծերուն, Երեւան զարգացաւ ու տիրացաւ արդիաշունչ քաղաքէ մը ակնկալուած բոլոր յատկութիւններուն։
Այդ շրջանին Կիւմրիի զարգացման յատկացուած ներդրումները շատ աւելի սահմանափակ մնացին։ Ան ունէր իր աւանդութիւնները, տակաւին կար ու կը մնար Գուսան Շերամին նուագած սրճարանը, Ֆայթոն Ալեքը եւ տակաւին բիւրաւոր յատկանշական երեւոյթ, որոնց հետ ուրախ էր կիւմրեցին։ Հին քաղաքը կար իր հմայքով, որու կողքին կը կառուցուէր ինը յարկանի բնակելի շէնքերը, եւս ուրախացնելով այս քաղաքի ժողովուրդը։
Երկրաշարժը մեծ աւեր գործեց շէնքերու հետ միասին փլելով նաեւ կիւմրեցիի ոգեւորութիւնը։ Անցնող տարիներուն որոշ չափով վերականգնեց քաղաքը, բայց քաղաքացիի հոգեբանութիւնը տակաւին կը շարունակէ վիրաւոր մնալ։
Այս համայնապատկերին վրայ շատ աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի վերջին նախաձեռնութիւնը։ Այսպէս Կիւմրիի Շառլ Ազնաւուր հրապարակի յարակից Բարեկամութեան զբօսայգին կը դառնայ հանրային հանգիստի վայր։
«Այգու բարեկարգման եւ վերակառուցման գաղափարն ինքնին արտայայտում է սոցիալական կապիտալի դերն ու նշանակութիւնը։ Այս նախաձեռնութիւնը մեկնարկել է բազմաթիւ կիւմրեցիների առաջարկութեամբ, ովքեր ցանկանում են քաղաքում ունենալ հանգստի ու ժամանցի գօտի, որտեղ երեխաները, մեծահասակները կարող են անցկացնել իրենց ազատ ժամանակը, որտեղ քաղաքի երիտասարդութիւնը կարող է կազմակերպել տարաբնոյթ միջոցառումներ՝ կեանքի կոչելով իրենց ամենաստեղծագործ գաղափարները»,- կ՚ըսէ IDeA հիմնադրամի Կիւմրու զարգացման ծրագրի ղեկավար Ելենա Մուրադեանը։
Հիմնադրամի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ծրագրի իրագործման նպատակով IDeA հիմնադրամը եւ Կիւմրիի համայնքապետարանը յուշագիր ստորագրած են։ Հիմնադրամը ու քաղաքային իշխանութիւնները կ՚աշխատին այգու տարածքին առկայ տնակները բնակող ընտանիքներու բնակարանային խնդիրը լուծելու ուղղութեամբ։ IDeA հիմնադրամի ֆինանսական աջակցութեամբ արդէն 8 ընտանիք տեղափոխուած են յարմարաւետ բնակարան, որոնք հիմնականում կը գտնուին այգուն յարակից տարածքին եւ ընտրուած են բացառապէս ընտանիքներու հետ համատեղ։ Միւս ընտանիքներու հետ բնակարանի ընտրութեան եւ անոնց ձեռքբերման գործընթացը կը շարունակուի։
IDeA հիմնադրամը համոզուած է, որ Բարեկամութեան զբօսայգին իրականացուելիք ծրագիրը կը դառնայ Կիւմրի քաղաքի զարգացման համար խարսխային ծրագիր։ Ներկայում հիմնադրամը կ՚աշխատի ծրագրի ամբողջական հայեցակարգի վրայ, որը պատրաստ կ՚ըլլայ 2018թ. Հոկտեմբերին։ Ծրագրի տարբեր բաղադրիչներու իրագործման համար IDeA-ն կը նախատեսէ ներգրաւել գործընկեր-կազմակերպութիւններ։