Մարդիկ դուրս եկան արդարադատութեան հաստատման յոյսով

Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքական օրակարգի վրայ նախորդ շաբաթուայ ամենացնցիչ զարգացումը կայացաւ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպէրտ Քոչարեանի ձերբակալութիւնով։ Այս աղմկայարոյց ձերբակալութիւնը բնականաբար ունեցաւ իր թերուդէմ արձագանգները։ Հայաստանի ընկերային օրակարգի վրայ յաճախակի քննարկուած նիւթ էր պատերազմի աւարտին ղարաբաղցիներու Հայաստանի քաղաքական օրակարգի վրայ ունեցած ծանրութիւնը։ Արդարեւ Ռոպէրտ Քոչարեան նախքան Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլ արդէն կը նախագահէր Ղարաբաղի հանրապետութիւնը։ Ապա իրեն յաջորդեց մի այլ ղարաբաղցի՝ Սերժ Սարգսեանը, որ իր կարգին ամրացուց ղարաբաղցիներու գերակայութիւնը Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ։ Այս պատճառաւ ալ վերջին ձերբակալութենէ ետք ամենաբարձր առարկութիւնները լսուեցան Ղարաբաղէն։ Ստորեւ այս կարեւոր խնդրին շուրջ արեւմտահայերէնի վերածելով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Հելսինկեան քաղաքացիական միութեան Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար Արթուր Սաքունցի կարծիքները, որոնք փոխանցած է «lragir.am» կայքէջի թղթակից Սիրանոյշ Պապեանին։

ՍԻՐԱՆՈՅՇ ՊԱՊԵԱՆ

Պարոն Սա­­­քունց, Ռո­­­պէրտ Քո­­­չարեանի պաշտպան­­­նե­­­­­­­րը կը պնդեն, որ Քո­­­չարեանի դէմ քրէական գոր­­­ծի յա­­­րու­­­ցումն ու կա­­­լանա­­­ւորու­­­մը հա­­­կասահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան է։ Քո­­­չարեանի գրա­­­սենեակի ղե­­­կավարն ալ կ՚ըսէ, որ սա քա­­­ղաքա­­­կան հե­­­տապնդում է եւ վրի­­­ժառու­­­թիւն։ Ինչպէ՞ս կը գնա­­­հատէք այդ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւննե­­­րը։

Ճիշ­­­դը ըսե­­­լու հա­­­մար, դժո­­­ւար էր ակնկա­­­լել փաս­­­տա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րու կող­­­մէ այլ վար­­­քա­­­­­­­գիծ, քան պաշտպա­­­նել Ռո­­­պէրտ Քո­­­չարեանին։ Ի վեր­­­ջոյ, մար­­­դիկ անոր պաշտպա­­­նու­­­թիւնը ստանձնած են ճիշդ ալ իր շա­­­հերը պաշտպա­­­նելու նպա­­­տակով։ Բնա­­­կանա­­­բար, պէտք է շատ հան­­­գիստ վե­­­րաբե­­­րուիլ նման մօ­­­տեց­­­ման։ Իսկ թէ որ­­­քա­­­­­­­նով հիմ­­­նա­­­­­­­ւոր է այն, ինչ ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած է, այլ հարց է ։ Այ­­­դուհան­­­դերձ, մենք ծա­­­նօթ չենք, իրենց իսկ պնդմամբ, 160 էջա­­­նոց, ապա նաեւ յա­­­ւելեալ 15 էջա­­­նոց փաս­­­տա­­­­­­­թուղթին, որ ՀՔԾ-ի կող­­­մէ ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած է դա­­­տարա­­­նին, հիմ­­­նա­­­­­­­ւորե­­­լու հա­­­մար Ռո­­­պէրտ Քո­­­չարեանի նկատ­­­մամբ կա­­­լան­­­քը որ­­­պէս խա­­­փան­­­ման մի­­­ջոց ընտրե­­­լու հար­­­ցը։ Բայց մի բան յստակ է, որ նոյն պաշտպան­­­նե­­­­­­­րը որե­­­ւէ հիմք չու­­­նէին պնդե­­­լու, որ դա­­­տական իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան նկատ­­­մամբ կայ որե­­­ւէ քա­­­ղաքա­­­կան հրա­­­հանգ կամ պա­­­հանջ, որ ժա­­­մանա­­­կին առ­­­կայ էր Ռո­­­պէրտ Քո­­­չարեանի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան օրօք քա­­­ղաքա­­­կան հե­­­տապնդման գոր­­­ծե­­­­­­­րուն։ Նոյն Բաղ­­­րա­­­­­­­մեան 26-էն կար հրա­­­հանգ պե­­­տական կա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար իրենց բնա­­­կարան­­­նե­­­­­­­րէն դուրս վտա­­­րուող­­­նե­­­­­­­րու գոր­­­ծե­­­­­­­րով դա­­­տարան­­­նե­­­­­­­րու նկատ­­­մամբ։ Այ­­­սինքն՝ դա­­­տական իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը հի­­­մա ազատ է իր որո­­­շումնե­­­րուն մէջ։ Բնա­­­կանա­­­բար, եթէ կան հար­­­ցեր, որ անոնք կը վի­­­ճար­­­կեն կա­­­լան­­­քը որ­­­պէս խա­­­փան­­­ման մի­­­ջոց ընտրե­­­լու հետ կա­­­պուած, իրենք գի­­­տեն եւ յայտնե­­­ցին, որ բո­­­ղոք կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեն վե­­­րաքննիչ դա­­­տարան։ Այ­­­սինքն՝ հար­­­ցը ամ­­­բողջու­­­թեամբ կը գտնո­­­ւի իրա­­­ւական դաշ­­­տին։

Ինչ կը վե­­­րաբե­­­րի բուն գոր­­­ծի էու­­­թեան, որ Ռո­­­պէրտ Քո­­­չարեանը իրեն մե­­­ղաւոր չի տես­­­ներ որե­­­ւէ արար­­­քի կամ իրեն առա­­­ջադ­­­րո­­­­­­­ւած մե­­­ղադ­­­րանքի առու­­­մով, այդ անձնա­­­կան գնա­­­հատ­­­ման հարց է, բայց մենք բո­­­լորս դեռ լաւ կը յի­­­շենք, թէ ինչ կա­­­տարո­­­ւած է 2008-ի Մար­­­տի 1-ին։ Աւե­­­լին՝ 2008-ի Մար­­­տի 1-ը ըն­­­դա­­­­­­­մէնը մէկ օր էր, բայց անոր նա­­­խոր­­­դած Փետ­­­րո­­­­­­­ւարի 19-ի նա­­­խագա­­­հական ընտրու­­­թիւննե­­­րուն նա­­­խոր­­­դած 5-6 ամիս­­­նե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին, նաեւ՝ նա­­­խընտրա­­­կան քա­­­րոզ­­­չութեան ըն­­­թացքին, ընտրու­­­թիւննե­­­րու օրը, ընտրու­­­թիւննե­­­րու ար­­­դիւնքնե­­­րու կեղ­­­ծումէն ետք ինչ գոր­­­ծընթաց­­­ներ եղեր են, այս բո­­­լորն ալ լաւ կը յի­­­շենք։ Եղած են բա­­­ցար­­­ձա­­­­­­­կապէս խա­­­ղաղ բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցեր, ընտրու­­­թիւննե­­­րու ար­­­դիւնքնե­­­րու կեղծման հետ կա­­­պուած։ Իսկ նա­­­խընտրա­­­կան փու­­­լին եւ քո­­­ւէար­­­կութեան օրը զան­­­գո­­­­­­­ւածա­­­բար եղած են ապօ­­­րինու­­­թիւններ, բռնու­­­թիւններ, որոնց կանխման ուղղու­­­թեամբ կամ այդ փաս­­­տե­­­­­­­րով մի­­­ջոց­­­ներ ձեռք առ­­­նե­­­­­­­լու ուղղու­­­թեամբ նոյն Ռո­­­պէրտ Քո­­­չարեանի նա­­­խագա­­­հու­­­թեամբ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը բա­­­ցար­­­ձա­­­­­­­կապէս որե­­­ւէ օրէն­­­քով սահ­­­մա­­­­­­­նուած գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւններ չէր կա­­­տարած։ Այ­­­սինքն՝ ան­­­պատժե­­­լիու­­­թիւնը որ­­­պէս գոր­­­ծե­­­­­­­լակերպ ու հա­­­մակարգ, ճիշդ ալ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու որ­­­դեգրած քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւնն էր։ Մար­­­տի 1-ի օրը առա­­­ւօտեան խա­­­ղաղ ցու­­­ցա­­­­­­­րար­­­նե­­­­­­­րու նկատ­­­մամբ բռնու­­­թիւննե­­­րը, որ տա­­­րածո­­­ւեցան ամ­­­բողջ Երե­­­ւանով մէկ, Մար­­­տի 1-էն առաջ 0038 գաղտնի հրա­­­մանի հի­­­ման վրայ զի­­­նուո­­­րական ստո­­­րաբա­­­ժանումնե­­­րու տե­­­ղաշար­­­ժը իրենց մշտա­­­կան գտնո­­­ւելու վայ­­­րէն դուրս այն պա­­­րագա­­­յին, երբ բա­­­ցար­­­ձա­­­­­­­կապէս չկար որե­­­ւէ հիմք են­­­թադրե­­­լու, որ բո­­­ղոքող­­­նե­­­­­­­րը զի­­­նուած են, կամ կը պատ­­­րաստուին զաւ­­­թել ինչ-որ բան։

Ես լաւ կը յի­­­շեմ, որ Երե­­­ւանի փո­­­ղոց­­­նե­­­­­­­րուն, այ­­­նուհե­­­տեւ վե­­­րադար­­­ձը դէ­­­պի Ազա­­­տու­­­թեան հրա­­­պարակ բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցե­­­­­­­րու ըն­­­թացքին գէթ մէկ մե­­­քենայ չէ քեր­­­ծո­­­­­­­ւած, գէթ մէկ քա­­­ղաքա­­­ցի բռնու­­­թեան չէ են­­­թարկո­­­ւած։ Ընդհա­­­կառա­­­կը, ոս­­­տի­­­­­­­կան­­­ներն էին ամէն կերպ ցու­­­ցա­­­­­­­րար­­­նե­­­­­­­րու նկատ­­­մամբ ճնշումներ բա­­­նեց­­­նո­­­­­­­ղը, սպառ­­­նա­­­­­­­ցողը մարդկանց չմաս­­­նակցել ցոյ­­­ցե­­­­­­­րուն, այդ թո­­­ւում նաեւ ճնշումներ գոր­­­ծադրո­­­ղը, որ կա­­­րող են զրկո­­­ւել աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քէն։ Այդ ժա­­­մանակ շա­­­տեր զրկո­­­ւեցան աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քէ։ Չենք մո­­­ռացած ար­­­տա­­­­­­­կարգ դրու­­­թեան մա­­­սին հրա­­­մանա­­­գիրը, որ թէեւ յայ­­­տա­­­­­­­րարո­­­ւած էր Երե­­­ւան քա­­­ղաքը, բայց փաս­­­տա­­­­­­­ցի իրա­­­կանա­­­ցաւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ողջ տա­­­րած­­­քին։ Սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կուե­­­ցան լրա­­­տուա­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու գոր­­­ծունէու­­­թիւնը այն պա­­­րագա­­­յին, երբ որոշ այսպէս կո­­­չուած իշ­­­խա­­­­­­­նական լրա­­­տուա­­­կան մի­­­ջոց­­­ներ ազատ կը գոր­­­ծէին։ Ազա­­­տու­­­թիւն ռա­­­տիոկա­­­յանի հա­­­ղոր­­­դումնե­­­րը սահ­­­մա­­­­­­­նափա­­­կուե­­­ցան առանց որե­­­ւէ հիմ­­­քի, տպա­­­րան­­­նե­­­­­­­րը թոյլ չտո­­­ւին, որ թեր­­­թե­­­­­­­րը տպագ­­­րո­­­­­­­ւին։ Այ­­­սինքն՝ ԱԱԾ-ն ներգրա­­­ւուած էր քա­­­ղաքա­­­կան հե­­­տապնդումնե­­­րու։

Մենք միշտ նշած ենք, որ ար­­­տա­­­­­­­կարգ դրու­­­թիւն յայ­­­տա­­­­­­­րարե­­­լու հրա­­­մանը բա­­­ցար­­­ձա­­­­­­­կապէս որե­­­ւէ հիմ­­­նա­­­­­­­ւորում ու հիմ­­­քեր չու­­­նէր։ Ար­­­տա­­­­­­­կարգ ռե­­­ժիմի սահ­­­մանմամբ պար­­­զա­­­­­­­պէս զօ­­­րաշար­­­ժի մէջ մտաւ իշ­­­խա­­­­­­­նական ողջ կա­­­րելիու­­­թիւննե­­­րը՝ հպա­­­տակեց­­­նե­­­­­­­լու քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րուն, ճնշե­­­լու բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցե­­­­­­­րը եւ խախ­­­տե­­­­­­­լու, հե­­­տապնդումներ իրա­­­կանաց­­­նե­­­­­­­լու, որու հե­­­տեւան­­­քով 100-էն աւե­­­լի քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչներ, ընդդի­­­մադիր գոր­­­ծիչներ, ակ­­­տիվ քա­­­ղաքա­­­ցիներ յայտնո­­­ւեցան բան­­­տե­­­­­­­րը։ Ընդդի­­­մու­­­թեան հա­­­մախոհ­­­նե­­­­­­­րը յայտնո­­­ւեցան բան­­­տե­­­­­­­րը, որոնցմէ շա­­­տերը առող­­­ջա­­­­­­­կան լուրջ խնդիր­­­նե­­­­­­­րով, քա­­­նի որ բռնու­­­թիւննե­­­րու են­­­թարկո­­­ւած էին։ Այ­­­սինքն Մար­­­տի 1-ի յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը՝ սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան կար­­­գի զի­­­նուած զաւ­­­թումի հե­­­տեւանք հան­­­դի­­­­­­­սացան քա­­­ղաքա­­­կան հե­­­տապնդումնե­­­րը։ Բո­­­լոր այդ մարդկանց եւ ՀՀ քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րու ազատ խօս­­­քի, կար­­­ծի­­­­­­­քի ար­­­տա­­­­­­­յայտման իրա­­­ւունքը խախ­­­տո­­­­­­­ւած է։

Վիկ­­­տոր Սո­­­ղոմո­­­նեանը նաեւ յայ­­­տա­­­­­­­րարած է, որ Քո­­­չարեանը որե­­­ւէ մեղ­­­քի զգա­­­ցում չու­­­նի։ Այս ի՞նչ կը նշա­­­նակէ։

Սո­­­վորա­­­կան յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծի հո­­­գեբա­­­նու­­­թիւն է, որ հա­­­մոզո­­­ւած է, որ ին­­­քը ճիշդ ըրած է այդ յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը։ Ինքն այդ տրա­­­մաբա­­­նու­­­թեամբ այն, ինչ կա­­­տարած է, անոնցմէ դուրս ոչինչ չի տես­­­ներ։ Այս հիմ­­­նա­­­­­­­ւորո­­­ւած է իր ողջ գոր­­­ծունէու­­­թեամբ, երբ կը յայ­­­տա­­­­­­­րարէր, թէ ով է այն տղա­­­մար­­­դը, որ կա­­­րող է ինչ-որ բան ըսել, կամ երբ Փետ­­­րուարի 26-ին կը յայ­­­տա­­­­­­­րարէ, որ շատ-շա­­­տերը շատ եր­­­կար ժա­­­մանա­­­կով կը յայտնո­­­ւին բեր­­­դե­­­­­­­րը, անա­­­զատու­­­թեան մէջ։ Նման ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ կ՚ընէր ամե­­­նաբարձր պաշ­­­տօ­­­­­­­նը զբա­­­ղեց­­­նող ան­­­ձը, որ իր ձեռ­­­քին կեդ­­­րո­­­­­­­նացու­­­ցած էր ողջ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը, իւ­­­րա­­­­­­­ցու­­­ցեր էր նաեւ դա­­­տական իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը, որ օր ցե­­­րեկով պար­­­տադրեց եւ ակնյայտ կեղ­­­ծիքնե­­­րով անցկա­­­ցուց սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան փո­­­փոխու­­­թիւննե­­­րը 2005-ին։

Շատ զար­­­մա­­­­­­­նալի զու­­­գա­­­­­­­դիպու­­­թեամբ սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան փո­­­փոխու­­­թիւննե­­­րու հան­­­րա­­­­­­­քուէ­­­ները միշտ նա­­­խոր­­­դած են իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան մայ­­­րա­­­­­­­մու­­­տին։ Ես չեմ գի­­­տեր՝ սա պա­­­տահա­­­կանու­­­թիւն է, թէ օրի­­­նաչա­­­փու­­­թիւն, բայց այդ ալ պէտք է ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րել։ Կը կար­­­ծեմ՝ ան­­­հերքե­­­լի փաս­­­տե­­­­­­­րը, որոնք ներ­­­կա­­­­­­­յացո­­­ւած են, հա­­­րիւ­­­րա­­­­­­­ւոր քա­­­ղաքա­­­ցիներ տու­­­ժողներ կը ճա­­­նաչո­­­ւեն եւ ըստ էու­­­թեան ան­­­մի­­­­­­­ջակա­­­նօրէն վկա­­­յու­­­թիւններ կու տան իրենց դէմ հա­­­լածանքնե­­­րու մա­­­սին, որ կը բա­­­ցայայ­­­տէ, կը հիմ­­­նա­­­­­­­ւորէ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան կող­­­մէ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւած մար­­­դու իրա­­­ւունքնե­­­րու զան­­­գո­­­­­­­ւածա­­­յին խախ­­­տումնե­­­րու փաս­­­տը։ Այ­­­սինքն՝ զի­­­նուած մե­­­թոտով սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան կար­­­գի կամ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան զաւ­­­թումը վե­­­րացա­­­կան խօսք չէ, ան ու­­­նե­­­­­­­ցեր է ան­­­մի­­­­­­­ջական հե­­­տեւանքներ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւրի ճա­­­կատագ­­­րին վրայ։

Աւե­­­լին, պէտք է յի­­­շատա­­­կել նաեւ ար­­­տա­­­­­­­կարգ դրու­­­թեան պայ­­­մաննե­­­րուն Սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան դա­­­տարա­­­նի նիս­­­տը, ուր բո­­­ղոքար­­­կո­­­­­­­ւում էին նա­­­խագա­­­հական ընտրու­­­թիւննե­­­րու ար­­­դիւնքնե­­­րը։ Այս ալ հա­­­կասահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան էր իր էու­­­թեամբ։ Իսկ այն, որ Ռո­­­պէրտ Քո­­­չարեանն ու իր փաս­­­տա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րը կը փոր­­­ձեն ար­­­դա­­­­­­­րաց­­­նել, թէ ըն­­­դունո­­­ւած է ԿԸՀ-ի եւ ՍԴ-ի կող­­­մէ հա­­­մապա­­­տաս­­­խան որո­­­շումներ, ապա իրենք կը մո­­­ռանան, որ թէ ՍԴ-ն, թէ ԿԸՀ-ն, թէ ցան­­­կա­­­­­­­ցած պե­­­տական մար­­­մին այ­­­լեւս կը գոր­­­ծէին սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութե­­­նէն դուրս։ Ոչ թէ օրէնսդրու­­­թեամբ սահ­­­մա­­­­­­­նուած նոր­­­մե­­­­­­­րով, այլ Ռո­­­պէրտ Քո­­­չարա­­­նի թե­­­լադ­­­րանքով ու հրա­­­հանգնե­­­րով, որոնք իրենց ամ­­­բողջ էու­­­թեամբ հա­­­կասահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան էին։ Այնպէս որ, մեղ­­­քի զգա­­­ցում հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւնը անոր մօտ առաջ կու գայ ան­­­հերքե­­­լի փաս­­­տե­­­­­­­րու հի­­­ման վրայ, դա­­­տարա­­­նի կող­­­մէ մե­­­ղադ­­­րանքի վե­­­րաբե­­­րեալ որո­­­շու­­­մէն ետք, երբ ան կը գտնո­­­ւի քրէակա­­­տարո­­­ղական հիմ­­­նարկը եւ բա­­­ւարար ժա­­­մանակ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ վե­­­րիմաս­­­տա­­­­­­­ւորե­­­լու, հաս­­­կա­­­­­­­նալու, թէ ինչ է ըրած ին­­­քը։

Ձեր կար­­­ծի­­­­­­­քով, այս գոր­­­ծի բա­­­ցայայտման կծի­­­կը մին­­­չեւ ո՞ւր կը հաս­­­նի, ո՞վ պէտք է յա­­­ջոր­­­դէ Քո­­­չարեանին։

Մենք ժա­­­մանա­­­կին հրա­­­պարա­­­կած ենք «Մար­­­տի 1»-ի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու­­­նե­­­­­­­րու ցու­­­ցա­­­­­­­կը։ Այն ժա­­­մանա­­­կուայ պաշ­­­տօ­­­­­­­նատար ան­­­ձինք, որոնք կա­­­տարած են Ռո­­­պէրտ Քո­­­չարեանի ապօ­­­րինի հրա­­­հանգնե­­­րը եւ ան­­­գործու­­­թիւն ցու­­­ցա­­­­­­­բերած են սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րա­­­­­­­կան նոր­­­մե­­­­­­­րու խախ­­­տումնե­­­րու դէմ, այդ թո­­­ւին նաեւ ԱԺ պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր­­­նե­­­­­­­րուն ան­­­ձեռնմխե­­­լիու­­­թե­­­­­­­նէն զրկե­­­լու որո­­­շու­­­մը՝ ոս­­­տի­­­­­­­կանա­­­պետը, Ռազ­­­մա­­­­­­­կան ոս­­­տի­­­­­­­կանու­­­թեան պե­­­տը, գլխա­­­ւոր դա­­­տախա­­­զը, դա­­­տաւոր­­­նե­­­­­­­րը, քննիչ­­­նե­­­­­­­րը, որոնք այդ ամ­­­բողջ զաւթման գոր­­­ծընթա­­­ցի մէջ եղած են։ Ցու­­­ցա­­­­­­­կը բա­­­ւական մեծ կրնայ ըլ­­­լալ, բայց ամէն մէ­­­կու պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թեան չա­­­փը պէտք է որո­­­շուի քննու­­­թեամբ։ Սա ես կը հա­­­մարեմ հայ­­­կա­­­­­­­կան Նիւրնպերգ-1։ Ես կ՚աւելցնեմ նաեւ Սերժ Սարգսեանի անու­­­նը, ով 10 տա­­­րի ըստ էու­­­թեան իր քա­­­ղաքա­­­կան դիր­­­քո­­­­­­­րոշ­­­մամբ ան­­­գործու­­­թեան մատ­­­նեց ՀՔԾ կող­­­մէ այն քննու­­­թիւնը, որ հի­­­մա նոր սկսած է։ Այ­­­սինքն, այստեղ նաեւ ՀՔԾ պե­­­տերը ու­­­նին ըսե­­­լիք եւ պէտք է բա­­­ցատ­­­րեն, թէ այդ ինչպէս եղաւ, որ ակնյայտ փաս­­­տե­­­­­­­րու առ­­­կա­­­­­­­յու­­­թեամբ իրենք քրէական գործ չհա­­­րու­­­ցե­­­­­­­ցին։ Մենք այդ մա­­­սին յստակ շեշ­­­տած ենք թէ մա­­­մու­­­լին, թէ մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին ատեան­­­նե­­­­­­­րուն Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի կող­­­մէ իր պար­­­տա­­­­­­­ւորու­­­թիւննե­­­րու կա­­­տար­­­ման վե­­­րաբե­­­րեալ զե­­­կոյցնե­­­րու քննարկման ժա­­­մանակ, նաեւ ԱԺ-ին այս տա­­­րի «Մար­­­տի 1»-ի վե­­­րաբե­­­րեալ հան­­­րա­­­­­­­յին լսումնե­­­րու ժա­­­մանակ։ Այ­­­սինքն՝ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատու­­­նե­­­­­­­րը ոչ միայն կա­­­տարող­­­ներն են, այ­­­լեւ յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութեան վե­­­րաբե­­­րեալ փաս­­­տե­­­­­­­րու հի­­­ման վրայ քրէական հե­­­տապնդում չի­­­րակա­­­նաց­­­նողնե­­­րը։

Սա նաեւ խորհրդա­­­րանա­­­կան ընտրու­­­թիւննե­­­րէն առաջ Նի­­­կոլ Փա­­­շինեանի գլխա­­­ւոր յաղ­­­թաթղթե­­­րէն մէ՞կն է։

Ես ամ­­­բողջու­­­թեամբ կը մեր­­­ժեմ նման մօ­­­տեցու­­­մը։ Աւե­­­լին, մենք պէտք է ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րենք, որ ան­­­պատժե­­­լիու­­­թիւն ըսո­­­ւածը, որու մա­­­սին մենք բազ­­­միցս խօ­­­սած ենք, կա­­­րող է յաղ­­­թա­­­­­­­հարո­­­ւել մի­­­միայն յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րու հա­­­մար պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թեան են­­­թարկե­­­լու մի­­­ջոցով։ Այդ չի կրնար պայ­­­մա­­­­­­­նաւո­­­րուած ըլ­­­լալ քա­­­ղաքա­­­կան նպա­­­տակա­­­յար­­­մա­­­­­­­րու­­­թեամբ։ Աւե­­­լին, եթէ հի­­­մա այդ չըլ­­­լար, ապա շատ տա­­­րօրի­­­նակ կ՚ըլ­­­լար, թէ ինչ է փո­­­խուած։ Այ­­­սինքն՝ իրա­­­ւապահ մար­­­միննե­­­րը եթէ շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն նախ­­­կին դիր­­­քո­­­­­­­րոշու­­­մը, կը նշա­­­նակէ ոչինչ չէ փո­­­խուած։ Հի­­­մա այդ քա­­­ղաքա­­­կան ձեռքբե­­­րումներ շա­­­հելու իմաս­­­տով պայ­­­մա­­­­­­­նաւո­­­րելը բո­­­լորո­­­վին ան­­­տե­­­­­­­ղի է։ Ընդհա­­­կառա­­­կը, եթէ գոր­­­ծը չբա­­­ցուի, ապա ան­­­ձամբ ես բա­­­ւական լուրջ հար­­­ցեր կը բարձրաց­­­նեմ, որ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի քա­­­ղաքա­­­կան հրա­­­հան­­­գը։

Բայց հի­­­մա քա­­­ղաքա­­­կան հրա­­­հանգ չկայ, կո­­­ռուպցիայի դէմ պայ­­­քա­­­­­­­րին ի՞նչ քա­­­ղաքա­­­կան ձեռքբե­­­րումնե­­­րու մա­­­սին է խօս­­­քը։ Այո, միակ ձեռքբե­­­րու­­­մը այն է, որ կը շա­­­հի Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը ու ՀՀ քա­­­ղաքա­­­ցին։ Ձեռքբե­­­րում ըսուա­­­ծը ար­­­դա­­­­­­­րադա­­­տու­­­թեան կա­­­յացումն է եւ ան­­­պատժե­­­լիու­­­թեան վե­­­րացու­­­մը։ Ասոնք են հիմ­­­նա­­­­­­­կան ձեռքբե­­­րումնե­­­րը, որ ոչ թէ ինչ-որ քա­­­ղաքա­­­կան ու­­­ժի կամ Նի­­­կոլ Փա­­­շինեանին կը պատ­­­կա­­­­­­­նի, այլ ՀՀ իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր քա­­­ղաքա­­­ցիի շահն է, որու հա­­­մար մար­­­դիկ դուրս եկան փո­­­ղոց եւ իրա­­­կանա­­­ցու­­­ցին թաւ­­­շեայ յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւն։ Հա­­­պա ին­­­չո՞ւ հա­­­մար այդ յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւնը եղաւ, որ ոչ մէկ բան չփո­­­խուէ՞ր, ան­­­պատժե­­­լիու­­­թիւնը, կո­­­ռուպցիան շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուէի՞ն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ