ԷՎՐԵՆ ՏԵՏԷ
Յունաստանի Աթիքի շրջանին մէջ ծագած հրդեհը վերածուած է աղէտի մը, ուր մեռնողներուն թիւը վերջին ստուգումներով հասած է 81-ի։ Հասած տեղեկութիւններու համաձայն հիւանդանոցներու մէջ դարմանումի տակ են 187 վիրաւորեալներ, որոնց մէկ մասը կը տառապին ծանր այրուցքներով եւ անոնց մէջ կան մանուկներ։ Բացի զոհուածներէ կամ հիւանդանոց փոխադրուածներէ աւելի քան 100 հոգի կորած են։ Մտահոգութիւն մը տիրէ, թէ այդ կորածներու յայտնաբերումով ալ աւելի բարձրանայ աղէտի զոհերու թիւը։ Երկուշաբթի առաւօտ Մաթի, Զուտլայի շրջանին մէջ յայտնաբերուած 26 ածխացած դիակները իրարու փաթթուած վիճակով գտնուած էին եւ կը կարծուի, թէ անոնք իրենց ծնողներուն փաթթուած պատանիներ ըլլան։ Աննախադէպ այս աղէտէն ետք Յունաստանի կառավարութիւնը եռօրեայ սուգ հռչակեց երկրի տարածքին։ Անյայտ կորածներէն գէթ լուր մը գտնելու յոյսով համացանցի վրայ բացուեցաւ կայքէջ մը։ Մերձաւորները այդ կայքէջին կ՚առաքեն իրենց հարազատներուն լուսանկարները եւ անհատական տեղեկութիւնները։
Նոյնպէս կորսուածներու ընտանիքները աւելի կտրուկ լրատուութեան համար կը դիմեն հրշէջներու 199 հեռախօսահամարին։ Այս աղէտէն անմիջապէս ետք ամբողջ Յունաստանի տարածքին սկսած է արիւն տալու եւ սննդամթերք առաքելու արշաւ մը։
Միւս կողմէ սոսկալի է աղէտէն փրկուածներու փոխանցած վկայութիւնները։ Հրդեհէն փրկուելու համար այդ գիշեր ընտանիքի վեց անդամներուն հետ ծով փախած Նիքօս Սթավրինիտիս պատմեց հետեւեալը՝ «Միակ բանն է, որ ընել կ՚աշխատէինք, ջուրին երեսը մնալ էր։ Նախ ութը հոգի էինք եւ առաջին հերթին կորսնցուցինք երիտասարդ մը, որուն մայրը եւ քոյրը մեզ հետ էր։ Ապա կորսնցուցինք 70 տարեկանի շուրջ կին մը։ Մօտ մէկ ժամ կողք կողքի մնացինք դիակի մը հետ»։ Ան նաեւ յայտնեց թէ ծուխի հետեւանքով ոչ մէկ բան կրնային տեսնել։ «Օդակայան իջնող ինքնաթիռներուն լոյսերը եւ յետոյ բարձրացող լուսինը մեր նկատած միակ լոյսի աղբիւրները եղան։ Յետոյ ժամը գիշերուայ 22.00-ի սահմաններուն ձկնորսներու նաւեր եկան ու ազատեցին մեզ։ Նոյնիսկ եթէ յաջողէին մէկ ժամ առաջ գալ, մեզմէ երկու ընկերներ եւս կենդանի մնացած պիտի ըլլային»։