Նորայր Տատուրեան ուրախացուց «Ակօս»ի ընտանիքը

«Ակօս»ի վաստակաւոր աշխատակից Նորայր Տատուրեան արժանացաւ Հայաստա­նի կա­ռավա­րու­թեան գնա­հատան­քին։ Նախ­կին պոլ­սե­ցի մըն էր Տա­տու­րեան, որ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր կը պաշ­տօ­նավա­րէ Միացեալ Նա­հանգնե­ր, ՀԲԸՄ-ի Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեանի անո­ւան երկրոր­դա­կան վար­ժա­րանի մէջ, իբ­րեւ հա­յերէ­նի ու­սուցիչ։ Սա­կայն Տա­տու­րեանի պատ­րաստո­ւածու­թիւնը բա­ւակա­նին կը գե­րազան­ցէ սո­վորա­կան ու­սուցի­չէ մը սպա­սուած, ակնկա­լուած յատ­կութիւննե­րը։ Այդ գե­րազան­ցումին մէջ կան եր­կու շատ կա­րեւոր գոր­ծօններ։ Մէ­կը այն՝ որ Տա­տու­րեան տա­կաւին Պոլ­սոյ մէջ գտնո­ւած շրջա­նին մեծ նո­ւիրում ու­նէր հա­յերէն գիր ու գրա­կանու­թեան հան­դէպ։ Ան ու­սա­նողա­կան տա­րինե­րէ սկսեալ վե­րականգնեց միու­թեան «Սան» պար­բե­րակա­նը, որ այս նոր շրջա­նին ստա­ցաւ «Նոր Սան» անու­նը։ Նշենք որ սփիւռքի յա­տուկ երե­ւոյ­թով մը «Նոր Սան» կրկին դադ­րե­ցաւ հրա­տարա­կու­թե­նէ իր նո­ւիրեալ գոր­ծի­չին ար­տա­գաղ­թով։ Սա­կայն Ինչպէս որ ոս­կին իր ար­ժէ­քը կը պա­հէ նոյ­նիսկ ցե­խի մէջ ,Տա­տու­րեան ալ Ամե­րիկեան պայ­մաննե­րու տակ բա­րեցաւ իր նո­ւիրեալ գոր­ծին եւ ստանձնեց իր պատ­րաստո­ւածու­թեան ամ­բողջո­վին պատ­շա­ճող աշ­խա­տանք մը։ Այս իրո­ղու­թեան վառ վկա­յու­թիւններն են շրջա­նաւարտ դա­սարա­նի աշա­կեր­տութեան հետ դէ­պի Հա­յաս­տան կա­տարո­ւած շրջա­գայու­թիւննե­րը։ Մի գու­ցէ պա­տանի­ներ իրենց պա­տանե­կան ան­հո­գու­թեան մէջ չանդրա­դառ­նան, թէ ի՞նչ է կա­տարո­ւածը, ամէն ինչ ամուր կեր­պով կը դրոշ­մո­ւի անոնց են­թա­գիտակ­ցութեան մէջ եւ յար­մար բո­լոր պա­րագա­ներուն կը վե­րայայտնո­ւի այդ թաքստո­ցէն։

Այս ան­գամ մե­զի հա­մար ու­րա­խու­թիւն է տես­նել, թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը աննկատ չէ թո­ղած այս կրթու­թեան մշա­կի անձնո­ւէր ծա­ռայու­թիւնը եւ զայն գնա­հատած է յա­տուկ պար­գեւնե­րով։ Ար­դա­րեւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պետու­թեան Սփիւռքի նա­խարա­րու­թիւնը Տա­տու­րեանին շնոր­հած է պա­տուոյ մրցա­նակ՝ հա­յերէ­նի զար­գացման, պահ­պա­նու­թեան եւ դա­սաւանդման մէջ անոր բե­րած աւան­դին հա­մար։

Գնա­հատան­քի երկրորդ ար­տա­յայ­տութիւն մը եկաւ այս ան­գամ ալ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան նա­խարա­րու­թեան երախ­տա­գիտու­թեան վկա­յագի­րով։ Ան­շուշտ որ մեզ «Ակօս»ի անձնա­կազ­մի հա­մար ու­րա­խու­թեան բա­ցառիկ առիթ մըն է այս գնա­հատա­կան­նե­րը, քա­նի որ Նո­րայր Տա­տու­րեան եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր կ՚աշ­խա­տակ­ցի «Ակօս»ին, իւ­րա­քան­չիւր շա­բաթ պատ­րաստե­լով հա­յերէ­նի ստու­գա­բանու­թեան իւ­րօ­րինակ յօ­դուած­ներ։ Ան­հա­մար են հա­յերէն բա­ռամ­թերքի այն բա­ռերը, որոնց ծագ­ման ոդի­սակա­նին վե­րահա­սու եղանք Նո­րայր Տա­տու­րեանի գրչին մի­ջոցաւ։

Ու­րեմն մենք ալ մեր կար­գին կը շնոր­հա­ւորենք թերեւս սիրելի աշխատակիցը, անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ հետզհետէ իր աշակերտներու նուաճումներով եւս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ