Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը այս անգամ բարեխիղճ գտնուեցաւ

Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ընթացք կու տայ քրիս­տո­նեայ հա­մայնքնե­րուն աղօ­թավայ­րեր տրա­մադ­րե­լու գոր­ծընթա­ցին։ Այսպէ­սով որո­շում կա­յացած է, թէ տնօ­րէնու­թեան պատ­կա­նող եկե­ղեցի­ներ կամ րա­բու­նա­րան­ներ անվճար կեր­պով տրա­մադ­րո­ւին ոչ իս­լամ քա­ղաքա­ցինե­րու օգ­տա­գործման։ Այս մա­սին որո­շում կա­յացած էր 25 Մա­յիս 2018 թո­ւակա­նի Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր խոր­հուրդի ժո­ղովի ըն­թացքին։ Այդ որո­շու­մէն ետք Իս­թանպու­լի ասո­րի կա­թողի­կէ եկե­ղեցին եւ Հա­թայ Ար­սուզ գա­ւառի Յոյն ուղղա­փառ եկե­ղեցին 49 տա­րուայ պայ­մա­նաժա­մով տրա­մադ­րո­ւեցան տեղ­ւոյն հա­մայնքնե­րուն, որ­պէս եկե­ղեցի օգ­տա­գոր­ծութեան հա­մար։ 

Այսպէս Իս­թանպու­լի ասո­րի կա­թողի­կէ հա­մայնքը Կիւ­միւշսու­յու թա­ղամա­սին մէջ գտնո­ւող եւ Ճիզ­վիդնե­րու (փրկչա­կան­ներ)ու հա­մայնքա­զուրկ եկե­ղեցին նո­րոգո­ւեցաւ ասո­րի հա­մայնքի կող­մէ եւ սկսաւ այս հա­մայնքին ծա­ռայե­լու։ Այս մա­սին «Անա­տոլու» լրա­տուա­կան գոր­ծա­կալու­թեան բա­ցատ­րութիւններ տո­ւող Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թեմ նշեց, որ այս որո­շու­մը ար­դէն բա­րի ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի գոր­ծէ Եւ­րո­պայի մօտ Թուրքիոյ վար­քագծին վրայ։ Իս­թանպու­լի Կա­թողի­կէ ասո­րի հա­մայնքի պետ Զէ­քի Պա­սաթե­միր ալ «Ակօս»ին տո­ւաւ հե­տեւեալ բա­ցատ­րութիւ­նը. «Տա­րինե­րէ ի վեր կը զբա­ղինք այս խնդի­րով։ Նա­խապէս վար­ձած էինք այդ եկե­ղեցին, բայց Վա­քըֆ­նե­րու ընդհա­նուր տնօ­րէնու­թիւնը դատ բա­ցած եւ չե­ղեալ հա­մարած էր մեր կնքած հա­մաձայ­նա­գիրը։ Կայացաւ երկարատեւ դատական գործընթացք մը, որ սկսած էր իրաւապաշտպան Տիրան Պաքարի օրով։ Արդիւնը ուրախալի է մեզ համար»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ