110տարի առաջ նոր սահմանադրութեան գործադրման շնորհիւ վերացաւ նաեւ Թուրքիոյ գրաւոր մամուլի մէջ տխուր հռչակ մը վայելող գրաքննութիւնը։ Կայսրութեան շրջանակները ինչպէս բոլոր նորութիւններ՝ մեծ վերապահութիւն ցուցաբերած էին նաեւ թերթերու, որպէս զանգուածային լրատուամիջոց հրատարակութեան։ Այդ մասին ալ երկրէ ներս նախափորձը կատարեցին ազգային փոքրամասնութիւնները։ Նախքան թրքերէնով թերթի մը հրատարակութիւնը, արդէն հայ կամ յոյն խմբագիրներ սկսած էին իրենց մայրենի լեզուներով թերթեր հրատարակելու։
Երկար վարանումներէ ետք նման թոյլտուութիւն շնորհուեցաւ նաեւ թրքերէն թերթ հրատարակելու համար։ Իսկոյն գործադրուեցաւ շատ ծանր գրաքննութիւն մը։ Խմբագիրներ պարտաւոր էին յաջորդ օր լոյս տեսնելիք թերթին գրութիւնները ղրկելու պալատի գրաքննիչ մարմնին եւ հազիւ անոնց թոյլտուութիւնը ստանալէ ետք տպել թերթը։ Յաճախակի երեւոյթ էր վերջին պահուն դրուած արգելքներու պատճառաւ թերթի էջերուն վրայ հանդիպիլ պարապ սիւնակներու։ Նոյնիսկ կը պատահէր օրեր, երբ ամբողջ էջ մը պարապ լոյս կը տեսնէր։
Գրաքննութեան միջոցաւ իշխանաւորները համոզուած էին, թէ պահած կ՚ըլլան երկրին անվտանգութիւնը։ Իրականութեան մէջ անոնց հոգը ո՛չ թէ երկրին անվտանգութիւնն էր, այլ իրենց հսկած պետութեան անսասանութիւնը։
1908-ին գրաքննութեան վերացումը երկրի մէջ աւանդաբար կը յիշուի որպէս «Մամուլի ազատութեան օր», բայց ինչ մեղք որ անցնող 110 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ մամուլը երբեք ազատ չէ եղած։ Յաճախակի երեւոյթ է յօդուածագիրներու կամ լրագրողներու իրենց մեկնաբանութիւններու եւ լրատուութիւններու պատճառաւ հարցաքննութիւնը, դատապարտութիւնը, բանտարկութիւնը եւ նաեւ սպանութիւնը։ Այս մերկ իրողութեան դիմաց արդէն բաւականին հակասական էր Մամլոյ ազատութեան օր տօնելը։
Իրողութիւններու ուրացումը եւ ժխտումը դարձեալ աւանդութիւն մըն է մեր երկրի մէջ։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ աշխարհի երեսին ամենաշատ լրագրողներ բանտարկած երկրի նախագահը անփութօրէն կրնայ ճարել ազատ մամուլի մասին։ Բայց անդին կայ «Լրագրողներ առանց սահմանի» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կանոնաւոր կերպով կը հետեւի աշխարհի բոլոր երկիրներէ ներս լրագրութեան ասպարէզին գործելու պայմաններուն։ Այդ կազմակերպութեան վերջին հրապարակումներուն համաձայն Թուրքիա մամուլի վրայ ամենածանր ճնշումներ գործադրող երկիրներուt շարքին է։
Նախորդ չորեքշաբթի օր հրատարակուած տեղեկագիրը Թուրքիան կը համարէ «Լրագրողներու համար աշխարհի մեծագոյն բանտը» սահմանումով։ Մանաւանդ կ՚ակնարկէ երկու տարի առաջ ձեռնարկուած անյաջող զինուորական յեղափոխութեան եւ կ՚ըսէ թէ բազմաթիւ լրագրողներ այդ դէպքէն ետք ձերբակալուեցան եւ տակաւին նոր կը սկսի իրենց դէմ դատավարութեան գործընթացը։ Թէեւ Լրագրողներ առանց սահմանի տեղեկագիրը դիտել կու տայ, թէ լրագրողներու դէմ թշնամութիւնը միայն Թուրքիոյ յատուկ երեւոյթ մը չէ եւ չէ սահմանուած Իրան, Թուրքիա կամ Եգիպտոսի նման բռնատիրական վարչակարգ ունեցող երկիրներով։
Կազմակերպութեան մատնանշած ուրիշ մէկ խնդիրն ալ լրագրողներուն ահաբեկիչներ ըլլալով ցոյց տրուիլն է։ Այս մասին օրինակ կը տրուի ԱՄՆ նախագահ Թրամբը, որ լրագրողները մեղադրած էր «ժողովուրդի թշնամիներ» կոչելով։ Արդարեւ ԱՄՆ ալ Թրամբի նախագահութեան առաջին տարուայ մէջ արդէն երկու աստիճանով նահանջած է մամլոյ ազատութեան ցանկին վրայ։ Իսկ Թուրքիա 180 երկիրներու միջեւ կը գրաւէր 157-րդ տեղը։
pakrates@yahoo.com