Մահագրութիւն Էմմա Քիւլէկէչի կորուստի առթիւ

Կեան­քի ամե­նաթարմ իրո­ղու­թիւնն է մա­հը։ Եւ այդ իրո­ղու­թե­նէն իրա­ւունք չու­նինք ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջե­լու։ Կար­ծես ան­յայտ ձեռք մը թերեւս ալ առա­ջին օ­րէն ճա­կատա­գիր մը դրոշ­մած է մեր վրայ, որը ուղղե­լու, սրբագ­րե­լու կամ պատ­շա­ճեց­նե­լու ո՛չ մէկ հնարք կայ։ Քա­նի որ այսքան ան­զօր ենք մահ կո­չուած իրա­կանու­թեան դի­մաց, այն ատեն թող մեզ չմե­ղադ­րեն, երբ ընդվզինք այդ անար­դա­րու­թեան։ Լսե­լով շատ սի­րելի ու ազ­նիւ ըն­կե­րու­հիի մա­հուան գոյ­ժը, ակա­մայ կը տա­րուինք այս զգա­ցումնե­րուն։ Այդ ո՞ր հա­շիւն է, որ մէկ կող­մէն մար­դիկ կը չար­չա­րուին կեան­քի իրենց վեր­ջին օրե­րուն հաս­նե­լու հա­մար եւ ան­դին մա­հը կու գայ կը խլէ այնպի­սիներ, որոնք տա­կաւին որ­քան շատ բան ու­նէին մա­տու­ցե­լու իրենց շուրջին­նե­րուն։ Բա­նաս­տեղծը ըսած էր. «Այսպէս է կեանքն աշ­խարհի կու գան ու կ՚եր­թան»։ Լաւ՝ հասկցանք, կու գան ու կ՚եր­թան, բայց ո՞ւր է կար­գը։ Այս պա­հուն կը զգանք, որ խօս­քը նշա­նակու­թիւն մը չու­նի, մեզ մնա­ցած է սի­րելի Էմ­մա Քիւ­լէ­կէչի կո­րուստին պատ­ճա­ռած ծանր կսկի­ծը։ Մխի­թարան­քի ո՛չ մէկ խօսք, ո՛չ մէկ մի­ջոց։ Միայն այն թէ սրտանց կը կի­սենք մեր սի­րելի­ներու՝ Սար­գի­սին, Սա­րեմին եւ ըն­տա­նիքի բո­լոր պա­րագա­ներուն սու­գը։ Կը վշտակ­ցինք, կը սգակ­ցինք ու միաս­նա­բար կ՚ող­բանք միշտ յի­շելով սի­րելի Էմ­մա­յի բա­րի յի­շատա­կը։

Ան մեր ըն­կե­րական շրջա­նակի մէջ մտեր­մութեան խորհրդա­նիշն էր, բա­րեացա­կամա­կան խորհրդա­նիշը եւ այդ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր մօտ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ