ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Անկախութեան յաջորդող աւելի քան 25 տարիներուն Հայաստան չէր կրցած հարազատ ժողովուրդին ապրուստը ընդունելի մակարդակին բարձրացնող տնտեսական համակարգ մը ձեւաւորել։ Պատճառը պարզ է, 1918-էն ետք հայրենի երկիրը երկրորդ անգամ կը տիրանար անկախութեան ոչ թէ իր կամքով ու նուաճումով, այլ դուրսի պայմաններու պարտադրած անհրաժեշտութեամբ։ Գոյացաւ անտէրութեան միջավայր, ուր ինքնաբերաբար թալանուեցաւ երկրի սեփական հարստութիւնը։ Եթէ անկախութիւնը կայանար որդեգրուած նպատակի եւ այդ ուղղութեամբ մղուած պայքարի հետեւանքով, պիտի կայանար նոր շրջանի պահանջներուն համապատասխանող տնտեսական դրութիւն մը։ Բան մը՝ որ Խորհրդային կարգերու փլուզումէն ետք յաջողած էին Պալթեան երեք հանրապետութիւնները, Կեդրոնական Եւրոպայի Չեխիա եւ Սլովաքիա։ Այս երկիրները իրենց ազգային գիտակցութեան մէջ միշտ պատրաստ էին անկախանալու խորհուրդին, որու հետեւանքով շատ աւելի մեղմ բոլորած էին անցման շրջանը։
Այդ իսկ պատճառաւ Խորհրդային կարգերէ դէպի անկախ հանրապետութիւն անցման շրջանը մեզ՝ հայերուս համար կարելի չէր եղած «նոր» կոչել։ Նոր Հայաստանը կը ձեւաւորուի հազիւ սոյն տարուայ Մայիս ամիսէն ետք։
Այս պահուն երկրորդական կը մնան անցնող տարիներու այդ անյաջողութեան դրդապատճառներուն վրայ խորանալ։ Պէտք չունինք երկրաշարժի, ապա ղարաբաղեան պատերազմի եւ վերջապէս անցման շրջանին տիրող անիշխանութեան մասին խօսելու։ Բոլորս բաւականին լսած ենք այդ պատճառաբանութիւնները։
Մինչեւ հիմա արդէն տանելի սահմանը անցած է «ազգայնական» պոռթկումը։ Նոր մարտահրաւէրն է եռագոյն դրօշակը վերնաշապկի նման կռնակնիս անցնելով ցոյց ընելու փոխարէն աշխատիլ ազգին վերելքին համար։
Յիշենք թէ Խորհրդային շրջանին, հակառակ երկրի զարգացած ճարտարագիտութեան, հայ ժողովուրդը կ՚ապրէր զրկանքներու մէջ։ Արդիւնաբերութիւնը ձեւաւորողը ոչ թէ շուկայի պահանջներն էին՛ այլ կեդրոնական պլանաւորման պարտադրանքները։ Անհատի կարիքները անտեսող դրութիւնը դատապարտուած էր կործանման ու կործանեցաւ։ Փոխարինեց «Ազատ շուկայի տնտեսութիւն» անուանումով մատուցուած համակարգը։
Շուտով պարզ դարձաւ, թէ ազատ շուկայի տնտեսութիւնը երբեք ազատ տնտեսութիւն մը չի նշանակեր։ Այդ շուկային ուղղութիւն կու տան համաշխարհային ընկերութիւնները։ Մայր գումարի մեծ, շատ մեծ պաշար ունեցող այդ ընկերութիւնները կտրուկ կերպով շրջանցած են «ազատ շուկայ» հասկացողութեան թելադրած մրցակցութիւնը։ Այս շրջանցումը ո՛չ թէ ընկերութիւններու, այլ երկիրներու սահմանումով կատարուած է։
Ներկայ պայմաններուն մէջ երբ անկարելի է ապրանքի փոխանակումը արգիլել կամ սահմանել մաքսային կանխամիջոցներով, երկիրներ ի վիճակի չեն իրենց արտադրութիւնը ազատ կամքով ծրագրելու։ Նշենք թէ Եւրոխորհրդարանի, «Համաշխարհային դրամատան», «Համաշխարհային դրամի հիմնարկ»ի եւ այլ բազմազգի կառոյցներու միջոցաւ պարտադրած ազատ շուկայի տնտեսութեան համակարգէն դուրս մնալու փոխարժէքը բաւական թանկ է։ Մօտ անցեալին Լիպիա, Եգիպտոս, Սուրիայէ ետք այժմ, Իրան կամ Հիւսիսային Քորէայի նման երկիրներու գլխին Դեմոկլեան թուրի նման կը ճոճուի ներքին կամ արտաքին եւ կամ ալ երկուստեք զինեալ միջամտութեան սպառնալիքը։
Այս պահուն Հայաստան կը նմանի լարախաղացի մը, որուն ոտքերուն տակ երկու լառեր կան։ Ան կացութեան համաձայն մարմնի ծանրութեան մեծ բաժինը կուղղէ աջ կամ ձախ լառի վրայ ու կը պահէ որոշ հաւասարակշռութիւն։ Երկու լառերու գոյութիւնը կ՛ապահովէ որոշ անվտանգութիւն։ Նախապէս այդ լառերէն մէկուն բացթողումը բաւական սուղ արժած էր Վրաստանի եւ Ուկրանիայի համար։
Ազատատենչ հայ մտքի համար կարելի չէ Եւրոպական լառէն խուսափիլ։ Մենք սիրած ենք Եւրոպական մտայնութեան շեշտադրած մարդու իրաւունքներու հասկացողութիւնը, մտքի ու խօսքի ազատութիւնը, անհատի իրաւունքներու անձեռնմխելիութիւնը։ Գրականութեան, երաժշտութեան, ճարտարապետութեան ոլորտներու մէջ իւրացուցած ենք արեւմտեան գեղարուեստի ճաշակը, համակերպած ենք կենցաղին։
Նոյնպէս կարելի չէ ռուսական լարեն խուսափիլ։ Յատկապէս արեւելահայ հատուածը պատմական կապեր ունի Ռուսաստանի հետ։ Թագաւորութեան շրջանէն այս կողմ հետզհետէ ամրանալով շարունակուած այդ կապերը, մանաւանդ լեզուամտածողութեան միջոցաւ կերտած են յատուկ մշակոյթ, որուն բացակայութիւնը դարձեալ մեծ կորուստ է ազգին համար։
Երկու լարերու առկայութիւնը նաեւ բարեբախտութիւն է ազգային տնտեսական ծրագիր մը ձեւաւորելու առումով։ Եթէ ամբողջութեամբ յանձնուած ըլլայինք արեւմտեան լառին, ուրիշներու ցուցմունքով պիտի ճշդէինք մեր արտադրութիւնը։ Օրինակի համար Թուրքիա որդեգրելով արեւմտեան լառի գերակայութիւնը, կորսնցուցած է հողամշակման իր մեծ կարողութիւնը։ Երկրի մէջ սպառող ընդեղէնի մեծամասնութիւնը կը ներածուի զանազան երկիրներէ։ Նոյնպէս կորսնցուցած է անասնապահութիւնը։ Հարկադրուած է անդրովկիանոսեան երկիրներէ միս ներածելու։ Թուրքիոյ Ճարտարագիտական զարգացումները եւս մնացած են սահմանափակ։ Ճարտարագիտական արտադրութիւնը դեր տակաւին հաւաքման մակարդակով է, այլ ոչ թէ ամբողջական։ Աւելորդ է ըսել թէ այս բոլորը ոչ թէ երկրի գիտական կամ քաղաքական գործիչներու նախասիրութեան հետեւանք է, այլ դուրսէն կատարուած ցուցմունքներու։ Այլ խօսքով ազգային ծրագրի բացակայութեան։
Չենք կրնար անտեսել թէ երկու լառերու վրայ հաւասարակշռութիւն պահելու գործիմ մէջ առանցին չենք։ Մեր յատկապէս ալ անվտանգութեան առումով դաշնակից համարած Ռուսաստան Ատրպէյճանի գլխաւոր զէնք մատակարարողն է։
Նմանապէս Թուրքիա իր 80 միլիոնը անցնող բնակչութեամբ շատ աւելի մատչելի շուկայ մը կը կազմէ Եւրոպայի համար, քան Հայաստան։
Նոր Հայաստան հիմա ունի երկրի բոլոր ներուժը եւ մարդուժը զօրակոչի բերելու լծակներ։ Ունի սփիւռքի կարելիութիւնները։ Կը մնայ այս բոլորին մասին խորհրդածելու, նպատակներ ճշդելու եւ ապա գործակցելու միջավայրը պատրաստել։
Նոր Հայաստանի նկատմամբ հաւատն ու յոյսը բաւականին խթան են շարժման անցնելու համար։
(*) Արտատպուած՝ generalnews.am կայքէջէ։