ՄԵՀՄԵՏ ՓՈԼԱԹԷԼ
Թուրք պատմութեան կաճառը պետութեան պաշտօնական տեսութիւնները կրկնող վաւերագրականներու շարք մը տեղադրած է իր կայքէջին վրայ։ Թրքերէն, անգլերէն, իսպաներէն, գերմաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով տրամադրուած շարքը կը բաղկանայ եօթը անջատ մասերէ։ Ինչպէս կ՚ըսուի ներածականին մէջ, այս վաւերագրականներու շարքը պատրաստուած է երկրի եւ միջազգային հասարակութիւնը հայկական խնդրի մասին տեղեակ պահելու միտումով։ Ամբողջ ֆիլմերու մէջ հայեր կը ներկայացուին «ապստամբութիւն» եւ «ահաբեկչութիւն» եզրերով։ Այս յօդուածի տարողութիւնով կարելի չէ պնդումները մի առ մի գնահատել, բայց ընդհանուր դիտարկումով կրնանք ըսել, որ այդ ամբողջին մէջ հայերու վերաբերեալ դրական ոչ մէկ արտայայտութիւն կայ։ Տակաւին առաջին յօդուածով անոնք կը մեղադրուին Բիւզանդիոնի դէմ ապստամբած ըլլալու պատճառաւ։ Իսկ ո՞վ են հայերը, ո՞ւր է իրենց երկիրը, ի՞նչ տեսակ ներդրում ունեցած են համաշխարհային մշակոյթին, այս ու նման հարցումները դատապարտուած են անպատասխան մնալու։ Ընդհանրապէս տեսութեան հիմքը կը կազմեն Միացում եւ զարգացում կուսակցութեան 1916 թուակիր հայկական կազմակերպութիւններու մասին գիրքի մէջ նշուած պնդումները։ Աւելի վերջ 1950-ական տարեթիւերուն Էսատ Ուրասի հրատարակած գիրքի եւ ապա անոր վրայ հիմնուած պատմական ուրացումի բոլոր տուեալները շահագործուած են այս ֆիլմերու պատրաստութեան մէջ։
Ուշագրաւ պնդումներէն մէկն է Հայոց տարագրութեան հայ հասարակութիւնը նոյն ինքն հայ ահաբեկիչներու յարձակումներէն խնայելու համար կատարուած ըլլալու պնդումը։ Նաեւ կ՚ըսուի թէ տարագրութեան ղրկուած հայերու ունեցուածքը բծախնդրութեամբ գրանցուած են եւ անոնց փոխարժէքը պետութեան կողմէ հատուցուած է։ Նշենք որ, լքեալ կալուածներու վերաբերեալ արխիւները մինչեւ օրս փակ են ուսումնասիրողներու դիմաց, հետեւաբար կարելի չէ եղած իմանալ, որ այս մասին ո՞ր տուեալներու հիման վրայ կը ներկայացուին այս պնդումները։ Մնաց որ նոյն ինքն Օսմանեան արխիւներու մէջ այս պնդումները հերքող բազմաթիւ փաստեր գոյութիւն ունին։ Փաստեր՝ որոնք ուսումնասիրուած են զանազան պատմաբաններու կողմէ եւ հրատարակուած զանազան անուններով։ Հետեւաբար պատմաբաններու համաշխարհային հասարակութեան համար այս պնդումները առհասարակ նշանակութիւն մը չեն ներկայացներ։
Այստեղ կ՚արժէ խորհրդածել այս նիւթի վերաբերեալ վերջին տարիներուն ընդունուած համեմատաբար աւելի մեղմ ոճին ալ կտրուկ կերպով շրջանցումը։ Վերջերս պաշտօնական տեսութիւնը կ՚ընդունէր հայոց մատնուած տառապանքները, բայց կը մերժէր անոնց ցեղասպանութիւն մը ըլլալով ճանաչուելու վարկածը։ Պաշտօնական տեսութեան համաձայն այդ տարիներուն տեղի ունեցած զանգուածային կեանքի կորուստներու բուն պատճառը պատերազմի միջավայրն էր եւ այդ միջավայրին մէջ յայտնուող հիւանդութիւնները։ Մինչդեռ հիմա կը տեսնենք որ որդեգրուած է աւելի յարձակողական ոճ մը, որու շարունակութիւնը նոյնիսկ կը հասնի ներկայ ժամանակներու մեկնաբանութեան։ Օրինակի համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններու միջեւ կնքուած համաձայնագրին կեանքի չկոչուելը կը վերագրուի հայկական կողմի դժկամութեան, առանց հարցնելու թէ այդ նոյն արձանագրութիւնները ինչ տեսակ հակազդեցութեան տեղի տուած էին Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։
Բացի այս բոլորը վերջերս նիւթի ուղղութեամբ անհամար ուսումնասիրութիւններ կատարուած եւ հրապարակումներ եղած են, որոնց դոյզն իսկ ակնարկութիւն չէ կատարուած այս եօթը վաւերագրական ֆիլմերու պատրաստութեան ընթացքին։