23Յուլիս երկուշաբթի օր ուրախութիւնը ունեցանք «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ հիւրընկալելու լիբանանահայ հանրածանօթ մտաւորական տոքթ. Հրայր Ճեպեճեանը։ Ան քաղաքս ժամանած էր մասնակցելու համար Սուրբ Գրքի ընկերութեան շրջանակով կազմակերպուած ժողովի մը։ Մեր բարեկամը ստանձնած է այդ ընկերութեան Միջին Արեւելքի մասնաճիւղի վարչութիւնը, որ կը գործէ Կիպրոսի մէջ։ Ճեպեճեան ծանօթ գրիչի մշակ է, որուն «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» հատորէն ետք վերջերս լոյս տեսած է «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» գիրքը։
Այս հատորը իր 550 էջանոց բովանդակութեան մէջ 2011-էն սկսեալ տարեթիւ առ տարեթիւ ի մի բերած է սփիւռքեան բազմաթիւ պատկերներ ու տպաւորութիւններ։
Այդ բոլորին մէջ ընթերցողը կը շրջի սփիւռքի զանազան կեդրոններու միջեւ եւ կը հաղորդուի մերթ իրեն այնքան ծանօթ եւ մերթ ալ այնքան հեռու ապրումներուն։ Ինչպէս ըսինք գրութեան մուտքին միօրեայ ժողովի առթիւ կայացած այս հանդիպումը ուրախութիւն մըն էր մեզ՝ «Ակօս»ի խմբագրութեան համար, որուն յաջորդները եւս պիտի սպասենք կարօտով։