ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
oksana.karapetian@gmail.com
Հայ թէ օտարական, կին թէ տղամարդ ամէնքը լսած էին Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի զօրութեան մասին, եւ ամէնքը, հեռու թէ մօտիկ տեղերէ, կը փութային հասնիլ Ս.Կարապետի կամ Գլակա վանք կամ Իննակնեայ տեղիք՝ մուրազատու Ս. Կարապետէն խնդրելու ընդունելի դարձնել իրենց իղձերը։
Բայց եւ ամէնքը գիտէին թէ որքան խստաշունչ է Մշոյ Սուլթանը, յատկապէս՝ ուխտադրուժների եւ սուրբ ծէսերն ու կանոնները խախտողների հանդէպ։ Զորօրինակ՝ յայտնի էր ամէնքին՝ Ս. Կարապետի վանք եւ, մասնաւորապէս, խորանի աջ կողմում գտնուող մատուռ, ուր կը պահուէին Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի մասունքները, «կին արմատների» մուտքն արգելուած էր։
Արգելքը խախտողի պատիժը խիստ էր եւ արագահաս։ Յիշենք Արծրունեաց Մարիամ տիկնոջը, ով խախտելով արգելքը, մտել էր վանք՝ ուխտը կատարելու, սակայն դուրս գալիս Սրբին է տեսել. «Տեսնում եմ մի գիսաւոր տղամարդ՝ ամպի նման որոտացող եւ գալիս է դէպի ինձ. տեսնում եմ նրա մօտ սրուած եւ արիւնաներկ զէնք»։ Այս խօսքերի աւարտին նա յանկարծամահ է եղել։
Մինչդեռ սասունցիները հաւատացած էին, որ նման կանայք «կծռէին», ասել կ՚ուզէ՝ կը խենթանան։ Ժողովրդի յիշողութեան մէջ պահպանուել է այդպիսի մի կնոջ պատմութիւնը։
Օրէն մէկը գեղջուկ աղջիկ մը վանքի մատուռը կը մտնէ եւ Սըբ Կարապետէն կը խնդրէ իրեն գեղեցիկ ամուսին բաժին անել։ Այդ միջոցին տաճարի գմբէթները անսպասելիօրէն կը թնդան եւ վիհէն կը լսուի ձայն մը. «Արու-էգ դառնաս»։
Աղջիկը, որ իրականէն Հուրի էր, կը կերպարանափոխուի, պեխեր եւ նոյնիսկ, պոչ կաճեն մարմնին։ Աղջիկը ամօթահար կը մնայ եւ կ՚ուխտէ Ս. Կարապետի վանքէն չհեռանալ եւ անմար պահել նրա օճախի կրակը։ Ամէն Աստծու օր Հուրի խառնարարածը իր պոչով կը մաքրէր վանքը, կը վառէր կրակը, բայց ամէն անգամ նոյն վանքում բնակուող Տիր անունով մէկը ծածուկ կը մարէր այն։
Օր մը արու-էգ Հուրին յաջողութիւն կ՚ունենայ բռնել Տիրին եւ հաստ բրով ուժգին զարկել գլխին եւ անիծել. «Այլեւս Սուրբ Կարապետի օճախի փոշեհանը լինես եւ կաղանաս»։ Քիչ անց Տիրը կը կառչէ Հուրիէն, կը կծէ ու կը պոկէ նրա պոչը։
Այս բանը պատճառ կը դառնայ Հուրիի յղիութեանը։ Որոշ ժամանակ անց լոյս աշխարհ կու գայ Լոշտակը։ Այս դէպքէն ետք Հուրի կը յիշուի իբր Անպոչ ճգնաւոր։
Սըբ Կարապետը, գթալով Անպոչ ճգնաւորին, նրան մինչեւ ոտքերը հասնող մօրուք կու տայ, որով Անպոչը պիտի մաքրէր Սրբի օճախը։ Նաեւ սազ նուագելու եւ երգելու շնորհք կը պարգեւէ։
Այնքան սքանչելի էին Անպոչ ճգնաւորի երգերը, որ դրանք տարածուել էին երկրով մէկ, դրանց հնչիւնները կը լսուէին Թուխ Մանուկների ուխտավայրերում, Լուսաղբիւրներում եւ այլ սրբավայրերում։ Եւ միայն Լոշտակը կը ծաղրէր դրանք՝ ըսելով. «Այդ Աստուա՞ծը կը պաշտէք, որուն ծնունդը Բեթղեհէմի երեխաները կենազրաւ ըրած է»։ Եւ մայրը կանիծէ որդուն.
«Ոճիրդ է մեծ, գետինն անցիր,
Զի է՞ր քեզ պէս պիղծ ոք ժպիրհ
Ընէ դեռ կոխ
Սուրբ Կարապետի հող»։
Իսկոյն եւեթ գետինը կը բացուի եւ իր մէջ կ՚առնէ Լոշտակին։ Անդունդի խորքէն կը բարձրանայ Լոշտակի աղիողորմ ձայնը. «Մէկը չկա՞յ, որ զիս հողէն դուրս հանէ. գթութի՜ւն»։ Կը հետեւէ մօր անէծքը.
«Ով որ զքեզ հանէ տեղէդ,
Ան թող մտնէ քուկին տեղը.
Վկա՜յ թող ըլլայ սա արեւը»։
Եւ, իրաւ, մարդիկ լոշտակը արմատէն չէին հաներ, որովհետեւ կը հաւատային, թէ հանելիս լոշտակի ճիչը լսողը հոգին Աստծուն կը յանձնէ։
Լոշտակի «գթութի՜ւն, գթութի՜ւն» աղերսներն ի վերջոյ շատ կ՚ազդեն Անպոչի վերայ, եւ նա կոճղերով կը թեժացնէ օճախի կրակը եւ զինքը կը նետէ կրակի մէջ՝ թողութիւն հայցելով. «Մեղայ Տէ՜ր, մեղա՜յ»։
Սըբ Կարապետի սիրտը վերջապէս կը մեղմի եւ նա, պատռելով երկնքի լուսածրար ամպերը, կիջնէ եւ ափ մը ջուր կը նետէ կրակը, կը բռնէ Անպոչի մօրուքէն եւ երեք անգամ կը ճօճէ օդի մէջ, ապա ածխացած մարմինը կը նետէ լեռն ի վեր՝ ըսելով. «Այսպէս քարարձան թող մնայ նա, ով Աստծու լոյսը հողի մէջ կը թաղէ»։
Այդ օրէն ի վեր Սուրբ Կարապետի օճախը մարած է. հարցին, թէ ինչո՞ւ է մարած, մատնացոյց կ՚ընեն քարէ արձանը՝ ըսելով. «դատաւորն՝ ահաւոր, դատաստանն՝ արդար»։