Հայրենի լեռներու վրայ, աշակերտական հանրաշարժի մէջ, Բարինի հետ ժամ մը առաջ «այո» բառի շուրջ սկսած զրոյցը իր աւարտին կը հասնի։ Հասած ենք Գորիս։ Միրհաւ հիւրանոց։ Ծաղկաւէտ բուսականութեամբ պարուրուած գողտրիկ տուն-պանդոկ մը, որ իր անունը առած է յայտնի թռչունէն։
- Բարին, ի՞նչ էր հարցումդ։
- Պարո՝ն, կա՞ն այո-էն աւելի դրական ոչ-եր։
- Անկասկած։ Նախ, բոլորս սեղան նստինք, ապա մտածենք «ոչ»ի մասին։
Ո՛չ յոգնածութիւն, ո՚չ ցանցրոյթ։ Հակառակ երկարատեւ ճանապարհորդութեան՝ ճաշասրահի մէջ կայ պատանեկան աշխուժութիւն։ Կը շուրջբոլորենք հաւաքական սեղանը։ «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ...»։ Կը նստինք հացի ու կը վայելենք այն ի՛նչ, որ հայրենի հողը պարգեւած է. լաւաշ, պանիրի տեսականի, կանաչիներ, լոլիկ-վարունգով աղցան։ Խանդավառութիւնը նաեւ կը գտնէ իր զուարթ ձայնը։ Վէմը, ինքնաբուխ մեներգիչ, կը սկսի «Երգ Բաքոսի»ն երգել։ Ինքը՝ հինգ տուները, դասընկերները՝ կրկներգերը։
«Ակոռիի մեծ կարասին բոլորտիքն են բազմեր, աւագ իշխանք եւ պարոնայք ժողովք են հոն կազմեր»։ Բոլորս կը ձայնակցինք. «Այո՜, այո՜, ժողովք են հոն կազմեր»։
- Բարին, «ոչ»ը շատ դրական է, շինի՛չ։ Հակառակ իր սահմանափակ չափերուն, ան եղաւ զարմանալիօրէն պտղաբեր, առատաձեռն։ Այս փոքրակազմ միավանկը մայրենիին պարգեւեց երեսունի չափ բառ, ինչպէս՝ ոչինչ, ոչուփուչ, ոչնչութիւն, չաստուած, չքմեղանք, չնաշխարհիկ... Յիշէ՛, թէ ոչ մէկ բառ ծներ էր այո-էն։ Եւ նայէ Սուրբ գիրքին։ Հոն «այո»ի 42 գործածութեան դիմաց, ոչ-ի ընտանիքը ունի խոշոր ներկայութիւն՝ 8,000։
Վէմը կը շարունակէ խանդավառել սեղանը. «Սաստիկ է վէճն, մեծ է խնդիրն, զոր այնտեղ կը խորհին, թէ ի՛նչ կերպով դարման մ՚ընեն հիւանդ մեր աշխարհին»։ Կրկներգը կու գայ միաբերան. «Այո՜, այո՜, հիւանդ մեր աշխարհին»։
- Պարոն, առօրեային մէջ աւելի ոչ-ե՞ր կան, թէ այո-ներ։
- Ոչ-եր։ Փա՞ստը։ Ոչ-ով շինուած բազմաթիւ դարձուածքներ եւ արտայայտութիւններ։ Ո՛չ ոք գիտէ, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր ծնունդ առած են անոնք, սակայն կը շարունակեն համեմել մեր զրոյցները։ Քանի մը օրինակ. Ոչ այլ կերպ, ոչ արասցէ, ոչ իսկ, ոչ արեւ տեսած՝ ոչ անձրեւ թակած, ոչ ոք, ոչ ապաքէն, ոչ բարով, ոչ միայն հացիւ։ Հայաստանի ոտնագնդակի հաւաքականը Յունիսին խաղացած էր Մալթայի դէմ։ Արդիւնքը կը յիշե՞ս։
- Ո՛չ ոքի։
Ճաշասրահի մէջ ո՛չ միայն մենք ենք, այլ կան նաեւ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ։ Մեր կողմ դարձած, ու անակնկալի եկած, ժպտադէմ կը լսեն մեր երգը։ Ափսոս, որ չեն կրնար ձայնակցիլ կրկներգերուն. «Այո՜ այո՜, աւանին պետն արթուն»։
- Բարի՛ն, ըմբռնելի է «ոչ»ին ստուգաբանութիւնը։ Ունի երկու տարր. «ո» եւ «չ»։ Առաջինը՝ բուն արմատն է, իսկ երկրորդը՝ մասնիկը։ Մեզի ծանօթ է անոր նախագրային, ամենահին գործածութիւնը։ Խորենացին է փոխադրեր. «Զի վասն միոյ քինու ոչ է օրէն դիւցազանց»։ 1922-1940 թուականներու միջեւ, շնորհիւ խորհրդահայ քաղաքագէտներու հնարած վերանորոգեալ ուղղագրութեան, ոչ-ը 50 տոկոս աճեցաւ, դարձաւ «վոչ»։
«Այո՜, այո՜, եւ գահն ալ յԱրտաշատ»։
- Բարի՛ն, տե՛ս, «ոչ» բառը հետաքրքրական է..., աղցան պիտի չուտե՞ս...
- Ոչ, պարոն։
- ...ո՛չ որպէս հարցումներու ժխտման պատասխան, այլ՝ որպէս սիրելի դարձուածք։ Տէրեանը կը յիշե՞ս, Ներսէսին արտասանածը. «Ոչ տրտունջ ոչ մրմունջ սգաւոր...»։ Իսկ «Կարուսել»ի մէջ՝ «Ոչ վե՛րջ կայ, ոչ ըսկի՛զբ այս երգում»։ «Ոչ»ը յարմար եկաւ նաեւ Համօ Սահեանի գրիչին. «Ոչ թէ հողով ու հացով, այլ քարերով ես հարուստ»։
- Սա, մե՛ր երկիրն է։
- Սահեանը ունի դեռ աւելին, «Մի տեսակ տագնապ կայ, որ չես ասի ոչ մի բառով» եւ «Աւաղ, ոչ երբեւէ հանդիպել ենք կարող, ոչ հեռանալ… Ոչ յիշել ենք կարող, ոչ մոռանալ»։
- Պարոն կամարի տակ չարտասանեցի՞նք, «Իմ կարօտած սրտի համար, ո՛չ մի ուրիշ հեքիաթ չկայ»։
- Իսկ Մխիթար Սեբաստացին տուեր է մէկ խրատ. «Նիստ եւ ուսի՛ր սիրով լռիկ, այլ ո՛չ շարժուն որպէս սնդիկ»։ Քուչակի համար ինքնանկարագրութիւն էր ան. «Եկէք, զողորմուկս տեսէք, ոչ մեռած է, ոչ կենդանի»։ Մինչ Մատթէոս Զարիֆեանը կը դժգոհէր իր սիրածէն. «Ահ լոկ փուշեր կը ծաղկին. ի՛րը՝ Ոչին ճամբան է…»։ «Ոչ»ը նաեւ գիրքի խորագիր դարձաւ։ Թիւով շատ չեն, չորս հատ՝ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակին. «Մի մանկան հոգու պատմութիւն։ Վէպիկ ոչ մանուկների համար», Վաղարշապատ, «Վերջին երգեր։ Ոչ սկսել եմ, ոչ էլ դադարել», Պաքու, «Ոսկեդարեան եւ ոչ ոսկեդարեան հայերէնի խնդիրը», Գրիգորիս Գալէմքեարեանի աշխատասիրութիւնը, Կ. Պոլիս, իսկ վերջինը՝ «Կանոնագիր ոչ-իսլամ տարրերու զինուորագրութեան», Կ. Պոլիս։ Բարի՛ն, «ոչ»ի ամենամեծ վերելքը եղաւ 10-րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութեան մէջ։ Սուրբը 1,100 անգամ դիմեր է անոր։ Հոն կան «ոչ»ով սկսող յաջորդական տողեր. տասը, քսան նոյնիսկ երեսուն բանատող։ Բանաստեղծութեան 82-րդ հատուածի մէջ՝ «Ոչ ես դատապարտիչ, ոչ ես կորուսիչ, ոչ ես մահացուցիչ, ոչ ես տարագրիչ...», 43-րդ հատուածին մէջ՝ «Ոչ փակեալ... Ոչ պարունակեալ... Ոչ արգելեալ...»։ Առաւել սրտառուչը՝ Բան 28. «Ոչ ինչ օգտիմ, ոչ հասանեմ, ոչ ժամանեմ, ոչ տեսանեմ, ոչ հանդիպիմ, եւ ոչ պատահիմ»։ Բարի՚ն, թող մեր բոլոր ծրագիրները իրականանան։ Չպատահի մեզի, ինչպէս Նարեկացին կ՚ըսէ, «Երկնել, եւ ոչ ծնանել, ողբալ, եւ ոչ արտասուել, խորհել, եւ ոչ հառաչել, ամպել, եւ ոչ անձրեւել, ընթանալ եւ ոչ հասանել»։
Վերջին կրկներգը՝ յոտնկայս։ Կը բարձրանան թարխունի բաժակները։ Եւ չես գիտեր ինչո՛ւ, զբօսաշրջիկներն ալ կը բարձրացնեն իրենց բաժակները ու ոտքի կ՚ելլեն, «Այո՜, այո՜, եւ նոր մեր աշխարհ հին»։ Երբ կը վերադառնանք ուտելու, ձայնասփիւռէն կը լսենք Թաթային երգը. «Չկայ ո՛չ մի պատնէշ, ո՛չ մի փշալար՝ ազատութեան ճանապարհին, հայերի համար»։