Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի, Հանրապետութեան նախագահին ուղղեալ բաց նամակը յայտնի է, որ անհանգստութիւն պատճառած է Պատրիարքի փոխանորդի աթոռին վրայ Ներքին գործոց նախարարութեան հրահանգով բազմած Արամ սրբազանի մօտ։ Սրբազանը աճապարանքով յայտարարութիւնը մը հրապարակեց, ուր կ՚ըսէր թէ Պատրիարքարանը տեղեակ չէ այս գրութենէն, ուրեմն ան ունի անհատական բնոյթ եւ նման յայտարարութիւններ կը վիճակին միայն ու միայն Պատրիարքական աթոռին։
Այս յայտարարութեան դիմաց տրամաբանական առաջին խօսքը պիտի ըլլայ. «Այն ատեն դուք գրէիք»։ Ինչո՞ւ չի գրեր, երբ Թուրքիոյ հայութիւնը կը բոլորէ առանց պատրիարքի ամենաերկար շրջանը։ Գիտենք, որ Աթէշեանի եւ իր շուրջը համախմբուած կարգ մը աշխարհականներու հոգը չէ այս երեւոյթը։ Ընդհակառակը անոնք բաւական գոհ էին պետութեան պարտադրած այս դրութենէն։ Առանց ընտրութեան երթալու, առանց ոեւէ մէկու մը հաշիւ տալու, թէ Պատրիարքարանը եւ թէ համայնքային հաստատութիւնները կը ղեկավարեն եւ այս ընթացքը կը շարունակեն պետութեան հովանաւորութիւնով։ Թերեւս ալ անհանգստութեան բուն պատճառը ոմանց այս հաճելի միջավայրը խանգարելն է։ «Ինչո՞ւ մեր գործը կը խանգարեն»։ Կը խանգարեն, որովհետեւ պէտք է խանգարուի։ Սահակ սրբազանի այս կամ նախորդ ելոյթներուն հետ կրնանք համակարծիք չըլլալ, բայց նախագահին ուղղեալ եւ այս թերթի սիւնակներուն վրայ ալ տեղ գտած խօսքերուն առարկել կարելի՞ է։ Յիշենք թէ ինչ ըսած էր սրբազանը։ «Չենք կրնար պատրիարք ընտրել։ Ընտրութեան սնտուկները արգիլուած են մեր դիմաց։ Դատապարտուած ենք ժամանակավրէպ վարչայիններու։ Չենք կրնար վերաթարմանալ։ Տարիներու փտածութիւնը ախտի մը նման դրոշմուած է մեր վրան։ Թէ քանակութեամբ կը նուազինք եւ թէ որակով։ Կը հիւծուինք տաք ջուրերուն երեսին լողացող սառնակոյտի մը նման։ Մեր համայնքի անդամներէն շատեր հիասթափութեան մէջ լծուած են ճամբրուկները հաւաքելու։ Մանաւանդ երիտասարդներ իրենց հայեացքը ուղղած են դէպի օտար հորիզոններ։ Անվերադարձ պիտի հեռանան մեզմէ։ Ով գիտէ թերեւս ակնկալուածն ալ այս է։ Այսպէս կը խորհինք, քանի որ պետութեան ոչ իրաւացի արգելքները հետզհետէ վերածուած են տանջանքի մը։ Կը բողոքեմ ընդ ձեզ»։
Վերջերս որու հետ որ կը խօսինք, կը լսենք արտագաղթի պատմութիւն մը։ Ոմանք կը փորձեն գաղթի ճամբան բռնել։ Իսկ ոմանք իրենց յոյսը կապած են դէպի Հայաստան ներգաղթի։ Ի՞նչ է այս գործընթացի դրդապատճառը։ Արդեօք համայնքին մէջ կա՞ն մարդիկ, որոնք այս բոլորին մասին մտմտան կամ ելքի միջոցներ մտածեն։ Ինչ առաքելութիւն ունենալը անյայտ Պատրիարքական խորհրդակցական մարմինը, օրինակ բնաւ այս նիւթերով մտահո՞գ է։ Յայտնի է որ, ո՛չ։ Թուրքիոյ հայ համայնքը իր ապագան կը կորսնցնէ։ Այս երեւոյթին ետեւ քանի մը գործօններ կան։ Նախ երկրի մէջ տիրող մենատիրական եւ պահպանողական քաղաքականութիւնը ո՛չ միայն հայերուն, այլ իշխանութեան հետ համակարծիք չեղող բոլորին վրայ ծանր ճնշում մը կ՚իրականացնէ։ Մարդիկ շնչահեղձ եղած են։ Համատարած մտահոգութիւն մը կայ եւ այդ պայմաններու ներքեւ յատկապէս երիտասարդութիւնը սկսած են նոր ուղիներ որոնել։ Հայ հասարակութենէ ներս պետութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցողներու շնորհիւ կղպուած է, թէ պատրիարքի եւ թէ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները։ Ուրեմն հիասթափութիւնը կամ յուսալքութիւնը պատած է նաեւ մեր համայնքը։ Ահա այս պայմաններու մէջ հասարակութիւնը, թէ քանակով կը նահանջէ եւ թէ տրամադրութիւնով։
Նախարարներու հետ կամ փոքրամասնութիւններու հետ առնչուած խնդիրներու համար գործող գրասենեակներու պաշտօնէութեան հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալով թերեւս լողացնէք ձեր նաւերը։ Բայց եւ այնպէս ժողովուրդը դէպի ուր պիտի երթայ։ Ըստ երեւոյթի քանի մը տարի անց այլեւս պիտի չունենաք ձեր իշխանութեան զօրութիւնով կարգի բերուած համայնք մը։ Սա ծանր յանցագործութիւն մըն է, որուն հաշիւը չէք կրնար հատուցել։ Գործին ճիշդ եղանակը Մաշալեանի նման Հանրապետութեան նախագահին նամակ գրել կրնայ ըլլալ, կամ ալ որեւէ այլ միջոց։ Ժողովրդավարական սկզբունքներու սահմանին մնալու պայմանաւ կրնանք ուրիշ միջոցներ ալ որոնել։ Բայց բան մը շատ յստակ է՝ անկարելի է այսպէս շարունակել։ Խնդիրը լուծելու համար ամէն ոք պարտաւոր է ձեռքը քարին տակ դնելու։ Իսկ այդ քարին վրայ նստողներու պատմութեան առջեւ դատաստանը շատ ծանր պիտի ըլլայ։