Մօտ անցեալին արդէն բաւականին մելան հոսեցուցած էինք անդրադառնալով եկեղեցիին եւ յատկապէս ալ եկեղեցականին հաւաքականութեան մէջ ունեցած դերակատարութեան շուրջ։ Սակայն զարգացումները կը թելադրեն եւս բաներ մը ըսել այս նիւթի վերաբերեալ։ Ամբողջ հայաշխարհը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարձրագոյն գահակալը դէպի հրաժարում ուղղող գործընթացին։ Ոմանք այս զարգացումները կը դիտեն մեծ ընդվզումով, քանի որ իրենց համար պատահածները եկեղեցւոյ խորհրդանշած սրբութեան դէմ անարգանք է։ Սակայն բոլորը չէ որ կը բաժնեն այս համոզումը։ Ուրիշներ ալ կը պնդեն, թէ դժգոհութիւնը ո՛չ թէ եկեղեցիին ուղղեալ է, այլ իր առաքելութեան մէջ թերացող հոգեւորականին։
Հայ քրիստոնէական աւանդութեան մէջ կը սիրենք եկեղեցին ժողովուրդ կոչել։ Այս կ՚ընենք նկատի ունենալով անոր ժողովուրդը համախմբելու կարողութիւնը։ Այս մէկը շատ յաճախ որպէս պատգամ կ՚օգտագործենք եւ շատ vնուազ նոյնիսկ բացառիկ պահերուն է, որ կ՚արդարացնենք այդ հաստատումի թելադրածը։ Ուրեմն եթէ խուսափինք եկեղեցւոյ պահանջած պարտականութիւններուն մէջ, կը դժուարանանք նաեւ այդ հաստատութեան հաւաստիութիւնը փաստելու։
Այսօր Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ գահակալները հեռացած կ՚երեւին ժողովուրդի նախասիրութիւններէն։ Թէ Գարեգին կաթողիկոս եւ թէ պատրիարքական փոխանորդ Աթէշեան եկեղեցիէն, այսինքն ժողովուրդէն աւելի հաւատարիմ կը մնան իշխանութիւններուն։ Աւելին, ով որ կը ներկայացնէ այդ իշխանութիւնը չեն վարանիր անմիջապէս անոր փէշերուն տակ տեղ գրաւելու։ Հայաստանէ ներս շատ կարեւոր յեղափոխութիւն մըն էր, որ ապրեցանք։ Ժողովուրդը որդեգրելով միասնական անհնազանդութեան փորձ մը իշխանութիւնը պարտադրեց գահընկէց ըլլալու։ Այսօր Կաթողիկոսին կողքին կանգնողները, այդ ժամանակ ալ իրենց բոլոր ձայնով նախկին մեղադրուած իշխանութեան կողքին կանգնողներն էին։ Երբ դէպքերը ընդացան իրենց համար անսպասելի արդիւնքներու հասնելով , իսկոյն դադրեցուցին իրենց հակակեցուածքը այս կարեւոր իշխանափոխութեան դէմ։ Մինչդեռ կատարուածը ճիշդ ալ այդ իշխանափոխութեան շարունակութիւնն էր։ Յիշենք ամենուրէք հնչած կարգախօսը՝ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ»։
Անցած է լոկ հոգեւորական ըլլալու բերմամբ սրբադասուելու ժամանակները։ Ներկայիս սրբադասութիւնը միայն հոգեւորականներուն ճշդելիք բանը ըլլալէ դադրած է։ Ժողովուրդն է որ պիտի սրբադասէ եւ անշուշտ այդ հանգամանքը պիտի շնորհէ միայն ու միայն իր արժանի գտածներուն։ Թող բոլորը հանգիստ ըլլան ու խաղաղ։ Այս բոլորին մէջ եկեղեցւոյ դէմ ո՛չ մէկ բողոք կամ նախատինք, այդ բոլորը եթէ կան ուղղուած է միայն ու միայն կաթողիկոսի անձին։ Ո՞ւր էր կաթողիկոսը, երբ «Սասնայ Ծռեր»ը կը գործադրէին ապստամբութիւնը։ Այդ խնդրին խաղաղ եղանակներով լուծման համար ի՞նչ պաշտօն ստանձնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Կրցա՞ւ միջնորդի դեր կատարել կողմերու միջեւ, որպէսզի դէպքը իր աւարտին հասնի առանց ոեւէ քաղաքացիին վնաս տեսնելուն։ Ընդհակառակը ան շարունակեց մնալ իր գահին վրայ հազիւ հեռուէն հետեւելով բոլոր անցուդարձերուն։ Համբերութեամբ սպասեց, որ գոյացած խոչընդոտը գտնէ իր լուծումը եւ ինք հազիւ այդ հանգրուանէն ետք բեմ ելլէ բարեխօսութիւններով։
Թէ կաթողիկոսը եւ թէ պատրիարքական փոխանորդը պատրաստի կերպով պիտի չտիրանան եկեղեցւոյ ապահոված անձեռնմխելիութեան։ Պարտին նախ արդարացնել իրենց առաքելութիւնը եւ հազիւ անկէ ետք է որ պահանջեն իրենց համար արժանի տեսածնին, բայց յիշենք որ այս մասին պահանջելն ալ ի զուր է։ Ժողովուրդը իր իմացականութեամբ կը դատէ, կը կշռէ եւ հազիւ անկէ ետք է, որ կ՚ընծայէ սրբազանի կոչումը։
pakrates@yahoo.com