Բառ, որ ունեցաւ ժխտական տրամադրութիւն
-Պարոն, մինչեւ Գորիս քանի՞ ժամ է։
- Այո։
Այսպէս է, որ կը պատասխանեմ Բարինի հարցումին, երբ մեր աշակերտական հանրաշարժը ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Սիւնիքի մարզի այդ գողտրիկ քաղաքը։
- Բարի՛ն, ժամով պէտք չէ չափել այս ուղեւորութիւնը, այլ՝ իր պարգեւած բնապատկերներով։ Աչքերդ պատուհանէն մի՛ հեռացներ, դիտէ։ Դիտէ ու կշտացի՛ր հայրենի բնաշախարհի զմայլելի գոյներուն։ Գիտե՞ս Բարին, ռուս գեղանկարիչներ շատ քննադատեր են Մարտիրոս Սարեանին, թէ ան իրապաշտ չէ եղած, գործածեր է անիրական գոյներ։ Օր մը սակայն, վարպետը վերջիններուն ցոյց տուեր է Սիւնիքի դաշտերը ու անոնք ամօթով ներողութիւն խնդրեր են նկարիչէն։
«Այո»։ Ի՛նչ լաւատես բառ։ Ըստ երեւոյթին, դրական խօսքի եւ միտքերու արտայայտութիւնը։ Սակայն, երբ հանրաշարժը կը սուրայ դէպի հարաւ, Բարինին հետ առիթ կ՚ունենանք զրուցելու «այո» բառի մասին, ու կը բացայայտուի, թէ ան ունեցեր է բոլորովին տարբեր տրամաբանութիւն։
- Պարոն, կարելի՞ է գիտնալ, թէ ո՛վ ըսաւ առաջին «այո»ն։
- Ոչ։ Բազմաթիւ լեզուաբաններ, ստուգաբաններ մտածեր են այդ հարցի մասին։ Անոնք չեն գտած բառին բուն կաղապարը։ Սակայն, կայ հետեւեալ եզրակացութիւնը. «Այո» բառը բնաձայն է, ինչպէս՝ ֆշշալ, մլաւել եւ ծլվլալ։ Հռաչեայ Աճառեանը զարմացեր է, թէ այսպիսի բառ մը, հայերուս համար շատ սովորական, գոյութիւն չէ ունեցած բազմաթիւ լեզուներու մէջ։ Հին յոյները եւ լատինները հարցումը պատասխաներ են նոյն բայով. Ինչպէս՝ «Ըսի՞ր», պատասխանը կ՚ըլլար «Ըսի», կամ «Անշուշտ»։
- Անո՞նք ալ, ուրեմն, չեն գիտեր, թէ ո՛վ ըսեր է իրենց առաջին «այո»ն։
- Չեն գիտեր։ Սակայն, մենք առաւելութիւն մը ունինք. Աստուածաշունչը։ Հոն կայ 47 «այո»։ Ամենայայտնին Մատթէոսի աւետարանին մէջ է. «Այլ եղիցի ձեր բան՝ այոն այո, եւ, ոչն ոչ»։ Յիշել կ՚արժէ քանի մը այլ խօսք. «Եւ ասացին. Այո, այո, տեսին աչք մեր», «Դարձեալ ասէ ցնա. Սիմովն Յովնանու, սիրե՞ս զիս։ Ասէ ցնա. Այո, Տէր»։ «Այո» բառը, Բարին, այնքան կարծր էր, որ չտուաւ բարդ կամ ածանց բառ։ Նոյնիսկ գաւառական երանգներ չէ ունեցած։ Միակ ճկունութիւնը, որ ցոյց տուեր է, հին գրականութեան մէջ առած ձեւերն են. «այոյ», «հայո» եւ «հայոյ»։
- Պարոն, ինչո՞ւ կը մտածէիք, թէ «այո»ն ընկճուած ապրումներու արտայայտութիւնն է։
- Կ՚ուզե՞ս, որ Գէորգ Էմինը պատասխանէ քու հարցումդ։
- Հա։
- Տե՛ս, բանաստեղծը աշխարհին ի՛նչպէս կը յանդիմանէ «Սիամանթոյի մենախօսութիւնը» բանաստեղծութեան մէջ.
«Թքել եմ, այո՛,
Օ՜, դու մարդկային
Կամ.. անմարդկային
Կեղծ արդարութիւն...
Թքե՛լ եմ ես քո կեղտոտ ճակատին…»
...«Այո»ն, Բարին, լսեցիր, զայրոյթի պոռթկում է։ Մինչդեռ Պետրոս Դուրեանը աւելի մեղմաձայն էր ու հեզ, երբ հրաժեշտ պէտք էր, որ տար աշխարհին. «Այո՛, ալ հիմա հաւատացի, թէ կը ծիւրիմ եղեր, գիտեմ, թէ ալ շատ չապրիմ պիտի։ …Ափսոս, այո, ահ մ՛եր սկիզբս, վախ մ՛եղաւ վախճանս… Մնաք բարեաւ»։
Երասխ գիւղի մէջ հանրաշարժը իննսուն աստիճան դարձ մը կը կատարէ ու կ՚ուղղուի դէպի արեւելք։ Կ՚անցնինք Պարոյր Սեւակ գիւղը։ Ապա Զանգակատունը։ Հոն է, որ ծնած եւ թաղուած է Պարոյր Սեւակը եւ ուր կայ անոր տուն-թանգարանը։
- Բարի՛ն, Սեւակի համար «այո» բառը դարձաւ քաղաքական ընդդիմութիւն.
«Ես յոգնած եմ, այո՛։
Տիկնիկն էլ է յոգնում, երբ ետեւից բեմի
Ինչ-որ թելեր նրան ստիպում են
ապրել…
Գուցէ կարողանան ինձ ամէ՜ն ինչ անել,
Բայց չեն կարող խլել լաւատեսի
Իմ ժպիտը, այո՚, իմ ժպի՜տը»։
...1935 թուականին Չարե՛նցը համոզուած էր, որ ան..., գիտեմ դժուար է, որ հաւատաս՝ հոգեւոր պետ էր. «Եղել եմ, այո, ես հոգեւոր պետ, ձեր մտայնութեան»։ Այդ թուականին ծնաւ եւ մեր աշխարհահռչակ ծաղրածուն, ծաղրածուներու ամենէն տխուրը, Լեոնիդ Ենգիպարեանը։ Տե՛ս ի՛նչ իմաստուն եւ իմաստասէր տղայ էր ան. «Ես անդունդի եզրին եմ՝ «Ոչ»-ի ու «Այո»-ի արանքում։ Քո Ոչ֊ից ես իմ Այո-ին եմ հասնում՝ ցանկութիւնից, ամաչկոտութիւնից ու սիրուց հիւսուած պարանով... Եւ Այոն, որ այնքան գրաւիչ ու մօտ էր թուում, հիմա անհասանելի է»։ Բարին, դուն լսա՛ծ ես Արցախի հանրապետութեան քայլերգը։ Ահա, այդ հիանալի ստեղծագործութեան հեղինակը, Վարդան Յակոբեանն ալ ունեցեր է իր «այո»ի միտքերը «Ոչ մի Այո, ոչ մի Ոչ» բանաստեղծութեան մէջ արտայայտուած.
Ես ոչ մէկի «ոչ»-ի հետ
համաձայն չեմ,
եւ համաձայն չեմ
ոչ մէկի «այո»-ի հետ,
ես ունեմ իմ «այո»-ն ու «ոչ»-ը։
- Պարոն, այս բոլոր «այո»ները շատ տխուր են։
- Այո... Բայց կայ, յիշէ՛, «այո»ներու ամենագեղեցիկն ու ամենասիրայինը։ Ամուսնական առաջարկին հետեւող այդ բացականչութիւնը, այդ ցնծալից «Ա՛ՅՈ»ն։
Ելփին, Չիւա, Ռինդ... Ապա, ճանապարհի ամենագեղեցիկ հատուածը... Սպենտիարեանի ջրամբարի հարեւանութեամբ՝ Գորայք, Ծղուկ եւ Սառնակունք…
- Բարին, 2014 թուականին, հայաթափութեան վտանգի մէջ գտնուող Ջաւախքի մէջ կեանք առաւ ազգօգուտ մէկ շարժում, «Այո՛ բազմազաւակութեանը»։ Տեսա՞ր, ո՛չ բոլոր «այո»ները տխուր են կամ մելամաղձոտ։ Թէեւ Թէքէեանը միշտ ալ վերջին տեսակի տողիկներ կը գրէր.
«Ըսիր որ քեզ ես չէի սիրեր ինչպէս որ կ՚ուզես,
Սրտով, հոգւով, մտածմամբ, գուցէ նաեւ յարգանքով…
Ըսի՛ր, այո՛…»
...Այս բառը, ժուժկալ եւ շատ անգամ կտրուկ, օր մը, զարմանալի էր եւ անսպասելի, մեր մայրենիին տուաւ դարձուածք։ Եւ այդ դարձուածքը, «Այո-ի եւ ոչ-ի առաջ կենալ», որ կը նշանակէ երկընտրանքի առջեւ ըլլալ՝ յարմար եկաւ Գրիգոր Զոհրապի գրիչին, երբ պիտի նկարագրէր Թագուկ տուտուի կեանքի հաշուեյարդարը. «Այո՛ի ոչի անընդհատ անցուդարձին առջեւ կը կենար ժամերով վարանած, իր իրաւանց ու պարտուց զուգակշիռը ընելով»։
- Պարոն, երկու ձայնաւորի եւ մէկ կիսաձայնի զարմանալի միաձուլում։ Այո, այս բառը ներշնչում տուեր է խոշորագոյն ստեղծագործութիւններու, ինչպէս մեզի ընկերակցող այս գունագեղ տեսարանը... Իսկ հիմա կը մտածեմ. արդեօ՞ք կան այոյէն աւելի դրական ոչեր... Պարոն, երբ Գորիս հասնինք, ո՞ւր պիտի ուտենք։
- Այո։