ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Քարերը գլորեցան եւ իրենց տեղերը գտան

Թուրքիոյ պատ­­մութեան մէջ 9 Յու­­լիս 2018 թո­­ւակա­­նը յատ­­կանշա­­կան տեղ մը ու­­նի։ Վերջ գտած է խաբ­­կանքնե­­րու շրջա­­նը եւ իրո­­ղու­­թիւնը յստա­­կացած ժո­­ղովուրդի մե­­ծամաս­­նութեան ձայ­­նե­­­րով։ Այդ օր նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան եր­­դում կա­­տարեց եւ ստանձնեց երկրի մե­­նատի­­րու­­թեան իրա­­ւաս­­նութիւ­­նը։ Նոյն օր ան յայ­­տա­­­րարեց Նա­­խարա­­րաց խոր­­հուրդը, որ պի­­տի ծա­­ռայէր ո՛չ թէ հին հաս­­կա­­­ցողու­­թիւնով կա­­ռավա­­րու­­թեան մը հան­­գա­­­ման­­քով, այլ պի­­տի կա­­տարէր նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի պա­­տուէր­­նե­­­րը։ Ճիշդ ալ այս պատ­­ճա­­­ռաւ նո­­րըն­­տիր նա­­խարար­­նե­­­րը ընդհան­­րա­­­պէս զուրկ են քա­­ղաքա­­կան հե­­ղինա­­կու­­թե­­­նէ եւ չու­­նին իրենց ու­­րոյն հե­­ռան­­կարնե­­րը։ Անոնք պաշ­­տօ­­­նի եկած են իրենց գոր­­ծի փոր­­ձա­­­ռու­­թիւնը նա­­խագա­­հին մա­­տու­­ցե­­­լու հա­­մար։

Ան­­ցեալին ոս­­տի­­­կանա­­պետի մը խոս­­տո­­­վանու­­թիւնն էր՝ կ՚ըսէր թէ. «Յան­­ցա­­­գործ աշ­­խարհի մէջ ամէն ոք իր զբա­­ղու­­մին հա­­մապա­­տաս­­խան ոս­­տի­­­կան բա­­րեկամ­­ներ կ՚ու­­նե­­­նայ։ Ան որ պի­­տի զբա­­ղի թմրա­­նիւ­­թե­­­րու առու­­ծա­­­խով պար­­տա­­­ւոր է բա­­րեկամ­­ներ ու­­նե­­­նալ նար­­քօ-ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու շրջա­­նակէն։ Ան որ պի­­տի զբա­­ղի կնա­­վաճա­­ռու­­թեամբ, պար­­տի բա­­րեկա­­մանալ Բա­­րոյա­­կան յան­­ցանքնե­­րու բաժ­­նի ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րուն հետ։ Ան որ իր աս­­պա­­­րէզին բեր­­մամբ յա­­ճախ պի­­տի դի­­մէ մար­­դասպա­­նութեան, պէտք է լաւ յա­­րաբե­­րու­­թիւններ ու­­նե­­­նայ Անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­թեան անձնա­­կազ­­մին հետ»։

Ակա­­մայ կը յի­­շեմ նախ­­կին ոս­­տի­­­կանա­­պետի այս խոս­­տո­­­վանու­­թիւնը, երբ կը պար­­զո­­­ւի նոր նա­­խարար­­նե­­­րու անուննե­­րը եւ աշ­­խա­­­տան­­քի մար­­զե­­­րը։ Ար­­դա­­­րեւ զբօ­­սաշրջու­­թեան նա­­խարա­­րը դեռ մին­­չեւ երեկ կը գլխա­­ւորէր երկրի կա­­րեւո­­րագոյն զբօ­­սաշրջա­­յին ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րէն մէ­­կը։ Առող­­ջա­­­պահու­­թեան նա­­խարա­­րը սե­­փակա­­նատէրն է սե­­փական հի­­ւան­­դա­­­նոցի մը։ Նոյնպէս Կրթու­­թեան նա­­խարա­­րը սե­­փակա­­նատէրն էր յա­­տուկ դպրո­­ցին։ Այս պատ­­կե­­­րը նաեւ կը պար­­զէ, թէ նոր կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ինչ տե­­սակ ներդրումներ պի­­տի ու­­նե­­­նայ բո­­լոր այս մար­­զե­­­րէն ներս։ Մա­­նաւանդ յի­­շենք որ ան­­ցեալին երկրի հան­­րա­­­յին կար­­ծի­­­քը մեծ, շատ մեծ պայ­­քար տա­­րած է առող­­ջա­­­պահու­­թեան, կամ կրթու­­թեան ոլորտնե­­րու յա­­տուկ ան­­ձե­­­րու շա­­հի աղ­­բիւրը ըլ­­լա­­­լուն դէմ։

Իս­­կա­­­պէս ալ Թուրքիոյ որ­­դեգրած նոր վար­­չա­­­ձեւին մէջ շնոր­­հիւ նա­­խագա­­հի յանդգնու­­թեան, քա­­րերը գլո­­րած եւ գտած են իրենց տե­­ղերը։ Ան­­ցեալին ալ ամ­­բողջ հա­­մակար­­գը կա­­ռու­­ցո­­­ւած է ճիշդ ալ այս մեծ գու­­մարնե­­րով ներդրում ընող եւ ապա հա­­սարա­­կու­­թեան մի­­ջոց­­նե­­­րը շա­­հագոր­­ծող դրա­­մատէ­­րերու ի նպաստ։ Բայց ոչ ոք հա­­մար­­ձա­­­կած էր այդ խա­­ղը այսքան բաց խա­­ղալու։ Ձե­­ւակա­­նը ու­­րիշ բան էր, երե­­ւոյ­­թը ու­­րիշ։ Հի­­մա վե­­րացած է այս եր­­կուքի մի­­ջեւ ձե­­ւական պատ­­նէ­­­շը եւ ամէն ինչ գտած իր յստակ իմաս­­տը։ Ան­­ցեալին այս բո­­լորին նկատ­­մամբ ան­­տարբեր մնա­­ցող­­նե­­­րու այ­­սօ­­­րուայ ճիչն ու աղա­­ղակը շատ ալ իրա­­ւացի չէ։ Պար­­տինք տես­­նել եւ խոս­­տո­­­վանիլ իրո­­ղու­­թիւնը։ Թուրքիա որ­­պէս եր­­կիր իր նա­­խընտրու­­թիւննե­­րուն թե­­լադ­­րած ար­­դիւնքին հետ առե­­րեսո­­ւելու պար­­տա­­­ւոր է։ Միամ­­տութիւն է. «Մենք այսպէս չէինք յու­­սա­­­ցած» ըսել։ Ար­­դէն չէի՞նք գի­­տեր, ով որո՞ւ խնա­­մին է կամ ով որու գոր­­ծա­­­կատա­­րը։ Ան­­շուշտ գի­­տէինք, բայց կը սի­­րէինք չգիտ­­ցած երե­­ւիլ։ Բայց ո՛չ, այդ իրա­­ւունքը այ­­լեւս չեն տար։ Ամէն ոք պար­­տի իր գոր­­ծած մեղ­­քին պա­­տիժը հա­­տու­­ցել։ Թա­­գաւո­­րու­­թիւն կո­­չուա­­ծը միայն հե­­րոսա­­պատում կար­­ծողնե­­րը հի­­մա թող առե­­րեսո­­ւին իրենց իսկ ձեռ­­քե­­­րով հիմ­­նո­­­ւած թա­­գաւո­­րու­­թեան հետ, իսկ մենք, գա­­լով մե­­զի մենք պի­­տի բաժ­­նենք մեր իսկ ժո­­ղովուրդի նա­­խասի­­րու­­թեան հե­­տեւան­­քը։ Եւ ան­­շուշտ ոչ առա­­ջին անգամ։

 

 

pakrates@yahoo.com