Յեղափոխութիւն կ՚արդարանայ իր նուաճումներով

ԱԼԻՆ ՕԶԻՆԵԱՆ

 

Նիկոլ Փաշինեան վար­չա­­պետի պաշ­­տօ­­­նը ստանձնե­­լէ ետք մեծ թափ ու եռանդ ստա­­ցած են զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րու դէմ պայ­­քա­­­րի գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը։ Այս աշ­­խոյժ գոր­­ծընթաց­­քին հե­­տեւող­­ներ հա­­մոզո­­ւած են, որ վար­­չա­­­պետը եր­­կար տա­­րինե­­րէ ի վեր ար­­դէն պատ­­րաստուած էր այս փու­­լին հա­­մար։ Կա­­րեւոր երե­­ւոյթ է կա­­ռավա­­րու­­թեան նոր ու ան­­փորձ անձնա­­կազ­­մի ան­­սայթաք աշ­­խա­­­տու­­թիւնը։ Աւագ սե­­րունդի պե­­տական պաշ­­տօ­­­նեաներ ի զուր տեղ կը սպա­­սեն անոնց սայ­­թա­­­քու­­մը։ Այդ սայ­­թա­­­քու­­մը ոչ միայն տե­­ղի չու­­նե­­­նար, այլ ամէն օր պար­­զա­­­բանո­­ւող նոր զեղ­­ծա­­­րարու­­թեան երե­­ւոյթնե­­րով ալ աւե­­լի կաս­­կա­­­ծի տակ կը թո­­ղու նա­­խորդ շրջա­­նի կազ­­մե­­­րու աշ­­խա­­­տաոճը։

Նա­­խորդ Մա­­յիս ամ­­սուն Փա­­շինեան պաշ­­տօն ստանձնե­­լէ ետք առա­­ջին գործ ըլ­­լա­­­լով գոր­­ծա­­­զուրկ ըրած էր Հա­­յաս­­տա­­­նի Ապա­­հովու­­թեան տնօ­­րէն Վլա­­տիմիր Գաս­­պա­­­րեանը եւ Ազ­­գա­­­յին անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­­թեան պետ՝ Կէոր­­կի Քու­­տո­­­յեանը։ Այդ պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րը փո­­խարի­­նեցին Ապա­­հովու­­թեան տնօ­­րէնի նախ­­կին տե­­ղակալ Վա­­լերի Օսի­­կեան եւ Ար­­թիւր Վա­­նեցեան։

Փա­­շինեան պաշ­­տօն ստանձնե­­լէ ան­­մի­­­ջապէս ետք յայ­­տա­­­րարած էր, թէ Ազ­­գա­­­յին անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­­թիւնը իս­­կոյն պի­­տի զբա­­ղի զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րու խնդի­­րով։ Այդ խոս­­տումը շու­­տով իրա­­կանա­­ցաւ եւ Հան­­րա­­­պետա­­կան պատ­­գա­­­մաւոր Երկրա­­պահ կա­­մաւոր­­նե­­­րու միու­­թեան նա­­խագահ՝ զօ­­րավար Ման­­վէլ Գրի­­գորեան իր առանձնա­­տու­­նէն յայտնա­­բերո­­ւած բազ­­մա­­­թիւ գո­­ղու­­թեան իրե­­րով ձեր­­բա­­­կալո­­ւեցաւ։ Զօ­­րավար Գրի­­գորեան երկրի առա­­ջատար գո­­ղերէն էր եւ սար­­սափ կը պատ­­ճա­­­ռէր բո­­լորին։ Ժո­­ղովուրդը մեծ զար­­մանքով կը հե­­տեւի այդ իշ­­խա­­­նաւո­­րին մատ­­նո­­­ւած ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րուն։

Յի­­շենք, որ Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցինե­­րու հա­­մար Ազ­­գա­­­յին անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­­թիւնը բա­­ւական տխուր համ­­բաւ մը ու­­նէր, որ ժա­­ռան­­գո­­­ւած էր Խորհրդա­­յին իշ­­խա­­­նու­­թեան տա­­րինե­­րէն։ Մար­­դիկ նոյ­­նիսկ կը խրտչէին այդ ծա­­ռայու­­թեան անու­­նը յի­­շելու։ Իսկ հի­­մա այդ նոյն ծա­­ռայու­­թիւնը սկսած է յոյ­­սեր ներշնչել երկրի մէջ օրի­­նակա­­նու­­թեան հաս­­տատման առու­­մով։

Փա­­շինեան իր ելոյթնե­­րէն մէ­­կուն մէջ յայ­­տա­­­րարած էր, թէ յետ այ­­սու Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ ոչ ոք ան­­ձեռնմխե­­լի է։ Այս յայ­­տա­­­րարու­­թիւնը եւս իրա­­ւացի կը դառ­­նայ, երբ այս ան­­գամ Ազ­­գա­­­յին անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­­թեան պաշ­­տօ­­­նեաներ սկսած են զբա­­ղուիլ Հա­­յաս­­տան հա­­մահայ­­կա­­­կան հիմ­­նադրա­­մի տնօ­­րէն՝ Արա Վար­­դա­­­նեանի զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րով։ Արա Վար­­դա­­­նեան հիմ­­նադրա­­մին պատ­­կա­­­նող պան­­քա­­­յի քար­­տի մի­­ջոցով առ­­ցանց բախ­­տա­­­խաղե­­րու մաս­­նակցած եւ գրպա­­նած էր իրեն վստա­­հուած գու­­մարնե­­րը։ Հետզհե­­տէ զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րը պար­­զե­­­լու ալի­­քը եկած հա­­սած է նախ­­կին նա­­խագահ Սերժ Սարգսեանի հա­­րազատ­­նե­­­րուն։ Շա­­տերու հա­­մար գաղտնիք մը չէր, որ Սարգսեանի եղ­­բայրը Ալեք­­սանդր բռնի կեր­­պով գոր­­ծընկեր դար­­ձած էր զա­­նազան ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու։ Նոյնպէս բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցան նա­­խագա­­հի դիկ­­նա­­­զօրի պե­­տը, որ կը պատ­­րաստո­­ւէր մեծ քա­­նակու­­թեամբ գու­­մարներ փո­­խադ­­րել դրա­­մատու­­նէն դէ­­պի տուն։ Ներ­­կայ դրու­­թեամբ Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ աւե­­լի քան 2,000 ան­­ձե­­­րու դէմ երկրէ դուրս ել­­լա­­­լու ար­­գելք կը կի­­րար­­կո­­­ւի։ Այս պա­­հուն բա­­ցի Ման­­վէլ Գրի­­գորեանէ ձեր­­բա­­­կալո­­ւած­­ներ չկան։ Բայց հար­­ցաքննու­­թիւննե­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կուի մեծ թա­­փով։ Քա­­նի որ հա­­սարա­­կու­­թիւնը յա­­ճախ կը յի­­շէ Ապ­­րիլ 1-եան դէպ­­քե­­­րը։ Ըստ երե­­ւոյ­­թի մօտ ապա­­գային հար­­ցաքննու­­թիւննե­­րը պի­­տի հաս­­նին նաեւ Հան­­րա­­­պետու­­թեան երկրորդ նա­­խագահ Ռո­­պէրթ Քո­­չարեանին։ Այս վեր­­ջինս ժո­­ղովուրդի կող­­մէ կը մե­­ղադ­­րո­­­ւի Ապ­­րիլ 1-եան դէպ­­քե­­­րու տե­­ղի տո­­ւած ըլ­­լա­­­լու պատ­­ճա­­­ռաւ։ Հան­­րա­­­պետա­­կան­­նե­­­րու դի­­մադ­­րութեան վեր­­ջին ամ­­րոցն էր Երե­­ւանի քա­­ղաքա­­պետա­­րանը եւ այդ ալ ին­­կաւ քա­­ղաքա­­պետ Տա­­րօն Մար­­գա­­­րեանի հրա­­ժարու­­մով։

Վար­­չա­­­պետ Նի­­կոլ Փա­­շինեանի ամե­­նակա­­րեւոր խոս­­տումն էր վար­­չա­­­կար­­գի թա­­փան­­ցի­­­կու­­թիւնը։ Ան յար­­գած է այս խոս­­տումը եւ ժո­­ղովուրդը լա­­րուած ու­­շադրու­­թեամբ կը հե­­տեւի Փա­­շինեանի քայ­­լե­­­րուն։ Թաւ­­շեայ յե­­ղափո­­խու­­թիւնը հա­­սած է իր յաղ­­թա­­­նակին եւ հի­­մա հեր­­թը հա­­սած է, այդ յաղ­­թա­­­նակին պար­­գե­­­ւած ու­­րա­­­խու­­թիւնը միաս­­նա­­­բար ըմ­­բոշխնելու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ