Բառ որ իր երգը ունի
- Դժբախտաբար աշակերտներ՝ դար մը առաջ հայուն հացը սեղան չեկաւ։ Հերկել եղաւ, ցանել եղաւ, գարնան անձրեւները եկան, արտը հասունցաւ, հունձքը ժողուեցինք, սայլերը եկան ու տարան այդ հունձքը, կալի երգը երգեցինք երբ լուսնեակ գիշեր էր, հայրենի աղօրիքներն ճռնչեցան ու վերջաւորութեան՝ միաբերան ալ աղօթեցինք, որ չորս կողմն աշխարհի՝ խաղաղութիւն ըլլայ եւ բերրիութիւն, առատութիւն ըլլայ եւ պտղաբերում։ Բայց մեր հացը չեկաւ սեղան։ Ուշացաւ։
- Հապա, գիրքին ի՞նչ եղաւ։
- Ձեռագի՞րը, ըսել կ՚ուզես… Հրաշքով փրկուեցաւ։ Եւ սա առաջին անգամն չէր, որ հայկական ձեռագիր մը գերի կ՚իյնար օտարի ձեռքին ու կը փրկուէր կաշառակերութեամբ։ Դանիէլը, սիրելի Լարին, այդ գիրքի մէջ ծրագրած էր պատմել հացին ամբողջ պատմութիւնը։ Բայց մնաց կիսաւարտը։ Վերջաւորութեան հացը պէտք էր որ թխուէր ու սեղան գար, ու բոլորը պէտք էր որ ուտէին ու բաժնեկցէին այդ սրբութիւնը։
- Եւ, մե՞նք պիտի ամբողջացնենք ան։ Մենք բանաստեղծներ չենք։
- Պիտի ամբողջացնենք հացը թխելով ու սեղան դնելով, վաղը, դասի ժամուն։
Եւ յաջորդ օր, դպրոցի խոհանոցին մէջ կարմրած է Լարինին մօր բերած հացը։ Դասարանին մէջտեղը կը բանանք երկու սեղան։ Սեղանի վրայ կը դնենք պանիր, կանաչեղէն, թան եւ այն ամէնը, որ կը սիրէ ընկերակցիլ հացին։ Ու 24 հայորդիներ կը նստին սեղան։ «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ...»։ Միաբերան։ Զոհուածներու յիշատակին։ Իսկ երբ բոլորը ձեռքով կը սկսին պատռել տաք հացը (արգիլուած է դանակ գործածել), Լարինը ու ես կը զրուցենք «հաց» բառի մասին։
- Լարին, հացը, եռատառ համեստ բառ՝ ընկերութիւն է, ընտանիք է, տուն է, օճախ է։ Դժուար է հաւատալ, թէ ինչպէ՛ս «հաց»ը կրնար այսքան շատ թիւով իմաստներ հաւաքել իր փոքր մարմնի վրայ։ Առաւելաբար, Յիսուսն անգամ իջաւ եւ ամփոփուեցաւ անոր մէջ։ Հացը ունի փոխաբերական այլ իմաստներ եւս. ապրուստ, եկամուտ, երախտիք, բարերարութիւն։ Մեր ժողովուրդի համար արտայայտութիւններու սննդարար աղբիւր է «հաց»ը. Ճաշելը «հաց ուտել» է, սեղան պատրաստելը «հաց դնել», գոյութեան կռիւը եւ ապրուստի խնդիրը «հացի խնդիր», արհեստաւոր դառնալ «հացի տէր դառնալ», շողոքորթել կամ մէկուն անուղղակիօրէն օգնել «հացին իւղ քսել»։ Մեր լեզուն կը ճանչնայ հիւրասէր «հացով մարդ», «հազար մաղի հաց կերած» մարդ, «քարէն հաց հանող» մարդ եւ մարդ, որ «դեռ շատ հաց պէտք է, որ ուտէ»։ Հացով կը չափենք նաեւ թշուառութիւնը ու կ՚ըսենք «օրուայ հացին կարօտ է»։ Այս դարձուածքներու թիւը քառասունի կը հասնի, Լարին։ Իսկ «հաց»ով շինած ենք 140-ի չափ բարդ բառ։ Ամենէն բուրումնալիցները՝ հացաբոյր, հացածառ, հացահատիկ, հացամեծար, հացամեղր, հացառատութիւն, հացասեղան, հացատուն, հացընկեր, հացկերոյթ, հացօղի։
- Մենք հացամոլ ժողովուրդ ենք, չէ՞։
- Մեր հացամշակոյթն է այդպէս։ Իսկ հետեւեալ երկու բառերը պիտի չուզէի, որ դուք լսէք. հացադուլ, հացասակաւութիւն։
- Պարոն, ասիկա ձեր պատառը։
- Շնորհակալ եմ։ Տե՛ս, հացը սերտօրէն շաղախուած է մեր կենցաղին հետ։ Անոր հետ եփած ունինք տասնեակներով բառակապակցութիւն։ Հացը կ՚ըլլայ թարմ, սպիտակ, անխմոր, չոր, ցամաք, կարծր, սեւ… Արտերու հացը, Լարին, դարձաւ նաեւ «Հաց կենաց» եւ «Երկնաւոր հաց»։ Համապատասխանաբար, ունեցանք Սուրբ պատարագի երգ, որ կը հնչէ հացի եւ գինիի փոխակերպման ժամանակ. «... հաց կենաց բաշխիս ի մեզ…»։
- Լարին այս հացը, որ այսօր կը բաժնենք, գիտենք, թէ ուրկէ՛ եկած է։ Բայց «հաց» բա՛ռը... Հայրենի լեզուաշխարհի ո՞ր դաշտերուն մէջ հասունցաւ՝ չենք գիտեր։ Չէին գիտեր նաեւ հիներէն Տաթեւացին, նորերէն Աճառեանը, ո՛չ ալ հայագէտ հայ եւ օտար բազմաթիւ լեզուագէտներ։ Բոլորը զանազան կարծիքներ յայտնած են։ Անոնք Աճառեանի «Արմատական» բառարանին մէջ երեք սիւնակ կը բռնեն։ Ընդհանուր համաձայնութիւն մը կայ, թէ փոխյարաբերութիւններ եղած են դրացի լեզուներու հետ։
- Պարոն, պատառ մը եւս առէք։ Մէջը ամէն ինչ դրի։ Ես կը նախընտրեմ հացը ուտել։ Երբ այսպէս թարմ ու տաք է, չոր-չոր ալ կը սիրեմ։
- Մեր լեզուական հացը ճաշակել սիրած են նաեւ մեր բանաստեղծները։ Դանիէլ Վարուժանի կամար «բարի» էր հարսերուն թխած հացը. «Ու երբ թխեն հարսերը հացը բարի՝ սիրերգութի՜ւն թող ըլլայ»։ Համօ Սահեանի համար մեր լեզուն էր հացը. «Մեր լեզուն մեր խիղճն է դա, սուրբ հացը մեր սեղանի»։ Սահեանին կը պատկանին նաեւ սիրային բանաստեղծութեան մը հետեւեալ խօսքերը. «Ես կ՚ուզէի… քեզ հետ կիսել վերջին պատառն իմ հացի»։ Թէքէեանին համար մեր անցեալի հետ հաղորդուելու միջոց էր հացը. «Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինուով կենսառողջ»։ Միսաք Մեծարենցը անոր հետ համեմատեց գրաբարի արժէքը. «Օգտուինք եւրոպական լեզուներու նորանոր եւ թարմ արտայայտութիւններէն, բայց չմոռնանք գրաբարին յուռթի շտեմարաններէն օգտուիլ մանաւանդ։ Ինչո՞ւ մեր հացը գետին ձգենք ու մուրացիկ, ուրիշին ետեւէն վազենք»։ Իսկ օր մը, Լարին, հացը դարձաւ գիրքի խորագիր. «Հացի Խնդիր»։ Պերճ Պռոշեան վիպագրի գաղափարն էր ասիկա։ Իսկ «հաց» բառի ամենապատուաբեր օրն էր անիկա, երբ շշնջաց տէրունական աղօթքի մէջ. «Զհաց մեր հանապազորդ տուր մեզ այսօր»։
- Պարոն, հացին համը ամէն տեղ նոյնը չէ։ Մեծ հայրս կ՛ըսէ, թէ իր գիւղի հացը տարբեր էր։
- Լարին, ո՛չ թէ միայն հացի գոյնն ու համն է որ կը տարբերի բուռէ բուռ, գիւղէ գիւղ, կը տարբերի նաեւ անոր հնչումը։ Ո՞ւրտեղացի էք դուք։
- Վան քաղաքի անունը շատ կը լսեմ ընտանիքիս մէջ։
- Դուք «հ» տառին կու տաք առաւել շեշտ, կոկորդային, ու ան կը հնչէ «խ»։
- Մենք, այսինքն, հացին կ՚ըսենք՝ խաց։
- Ճիշէ այդպէս։ Ինչպէս նաեւ Վաճայ լիճի հարաւ-արեւելեան շրջաններու մեր բոլոր հայրենակիցները. Մոկքի հայերը, սալմաստցիները, մարաղացիները, ոզմիցիները...։ Մուսա լեռցիները կ՚ըսեն՝ հուց, այնդապցիները՝ հաս, անտիոքի հայերը՝ հուէօց, զէյթունցիներն ու հաճընցիները՝ հօց... Լարին, կարծեմ «խաց» չմնաց։
- Ամէնը կերանք։ Տղաները աւելի կերան։ Բայց զգացի, որ ասիկա տարբեր հաց մըն էր, պարոն. դասարանի մէջ, դասընկերներուս հետ եւ կային մեր գլխաւոր հիւրերը, Դանիէլը եւ «Հացին Երգը»։ Բոլորս միասին կշտացանք։
- Անուշ ըլլայ։ Տե՛ս այս բառի շուրջ զարգացեր է, չէ՞, մեր հացամշակոյթը մատնաքաշն ու բաղարջ, լոշն ու լաւաշը, ճաթն ու զանգակը, ինչպէս նաեւ միտքն ու հաւատքը, ընտանեկան եւ ընկերային սրբութիւնները։
- Այսօր զգացի, որ մեր ուշացած հացը սեղան եկաւ, պարոն։ Եւ կը հաւատամ, թէ այդ բառը փոքր, բայց շատ համով ու ջերմ, մեզ պիտի պահէ միասին։