6Յուլիս ուրբաթ օր, սուրբ քաղաք Էջմիածնի մայրավանքի կամարները ականատես եղան պատմական իրադարձութիւններու։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրաժարումը պահանջող ցուցարարներ խուժեցին դիւանատուն։ Այս մասին լուրը հաղորդուեցաւ Կաթողիկոսարանի մամլոյ ծառայութեան տնօրէն Վահրամ քահանայ Մելիքեանի դիմատետրի էջի միջոցաւ։ Ան իր յայտարարութեան մէջ անընդունելի կը գտնէր եւ սադրիչ կ՚անուանէր կատարուածները։ «Նոր Հայաստան, նոր առաջնորդ» շարժումի անդամները կը պահանջէին կարգ մը եկեղեցապատկան իրերու ներկայութիւնը տեսնել։ Այս մասին Մելիքեան անգամ մը եւս յայտարարութիւնով հանդս եկաւ եւ յայտնեց, թէ անհիմն են սուրբ մասունքներու վաճառման մասին կատարուած պնդումները եւ անոնք կը մնան անձեռնմխելիութեան մէջ։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի յատկապէս գեղարդին, քանի որ այդ մասունքի վերաբերեալ նախորդ պնդումներ միշտ մնացին հակասական բացատրութիւններու նիւթ։ Եկեղեցին նախ մերժեց անոնց վաճառուած ըլլալու վարկածը՝ պնդելով որ գեղարդը իր տեղն է, բայց ապա շուտով սրբագրեց այս յայտարարութիւնը, այս անգամ ըսելով, որ գեղարդէն հատուած մը նուիրուած է Ռուսաց եկեղեցւոյ։ Ահա այս հակասական երեւոյթներու մէջ ցուցարարներ այլեւս շատ ալ հաւատք չունէին իրենց փոխանցուած բացատրութիւններուն նկատմամբ։
Այս վերիվայրումներու մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստը։ Ժողովականներ անընդունելի գտնելով եկեղեցւոյ սրբութեան դէմ կատարուած ոտնձգութիւնը, պահանջեցին, որ այս բոլորին մէջ պարագլուխ հանդիսացող Կորիւն աբեղայ Առաքելեան կարգաթող համարուի։ Իսկ միւս կողմէ Կաթողիկոս սրբազան դիտել տալով եկեղեցւոյ ներման կարգ ու կանոնը, յորդորեց, թէ աբեղային ճանչցուի զղջման եւ ապաշխարանքի առիթ։ Այսպէս առաջարկուեցաւ, որ ան ապաշխարութեան շրջանը բոլորէ վանքի մը մէջ։ Բայց Կորիւն աբեղայ անդրդուելի մնաց իր բռնած դիրքին մէջ եւ մերժեց Կաթողիկոսի դէմ հաւատարմութիւնը դրժած ըլլալու մեղադրանքը։ «Ես հաւատարմութեան ուխտ կատարած եմ ո՛չ թէ Կաթողիկոսին, այլ Հայ Առաքելական եկեղեցիին։ Չեմ թերացած իմ ուխտին մէջ, հետեւաբար զղջումի կամ ապաշխարանքի պատճառ մըն ալ չունիմ»։
Նշենք որ, այս բողոքի հոսանքին մէջ Կորիւն աբեղայ բոլորովին առանձին չէ եւ կան իրեն հետեւողներ, որոնք կը պահանջեն Կաթողիկոսի հրաժարումը, այս վերջինս մեղսակից համարելով նախորդ իշխանութեան։ Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, Թաւշեայ յեղափոխութենէ ետք նախորդ վարչութեան հետ համերաշխութիւն պահած բոլոր կարգերը առայժմ մատնուած են ժողովուրդի մեղադրանքին։ Այս պայմաններու տակ շատ ալ նշանակութիւն չունենար եկեղեցւոյ անձեռնմխելիութեան խնդիրը, քանի որ մեղադրանքները շատ անգամ ուղղուած են ոչ թէ եկեղեցիին, այլ եկեղեցիի հովանիի ներքեւ կատարուած անպատշաճ արարքներուն։
Վերջերս նիւթին ուշադրութեամբ կը հետեւի նաեւ սփիւռքահայ մամուլը եւ իր որդեգրած ռազմավարութեան համապատասխան մեկնաբանութիւններով կը ցոլացնէ կատարուածները։ Սփիւռքի կարգ մը թերթեր յառաջ կը տանին սրբապղծութեան պնդումներ, նշելով որ կատարուածը եկեղեցիի դէմ արարք մըն է։ Բայց միւս կողմէ կան նաեւ թերթեր որոնք մեկնելով վերջերս տեղի ունեցած յայտնաբերումներէն, աւելի զգոյշ լեզուով կը մօտենան դէպքին, սպասելով խնդրին քիչ մը աւելի յստակացումը։