Մեկնարկեց Երեւանի կարեւորագոյն գեղարուեստական նախաձեռնութիւններէն մին հանդիսացող «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը։ Այս տարի փառատօնի դատակազմը կը գլխաւորէ պարսկական շարժանկարի կարեւորագոյն դէմքերէն Ասկար Ֆարհատի։ Ֆարհատի արդէն իսկ երկու անգամներ նուաճած է «Օսկար»ի արձանը։ Այս տարի դարձեալ կարեւոր ժապաւէններ կը մասնակցին փառատօնին։ Անցեալ տարուայ փառատօնին տեղի ունեցած էր ձախողութիւն մը, քանի որ նախ որոշուած էր միասեռականներու խնդիրներուն ձօնուած յատուկ բաժին մը, բայց ապա այդ բաժիններուն մէջ ցուցադրուելիք կարգ մը ֆիլմերուն դէմ կատարուեցան բողոքներ, որոնց հետեւանքով արգելք չեղեալ հանդիսացաւ փառատօնի այդ բաժինը։
Այս տարուայ ուշագրաւ ֆիլմերու կարգին է նաեւ Կարօ Պիպերեանի նկարահանած «Դանիէլ» ֆիլմը, որ նիւթ կ՚առնէ արեւմտահայերէնի մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանը։
Երեւանի 15-րդ «Ոսկէ ծիրան» փառատօնը կ՚աւարտի 15 Յուլիսին։