Ստալինեան մաքրագործումներու առաջին հայ զոհը

Համացանցը այն բացառիկ լրատու աղբիւրն է, որմէ ամենաանսպասելի պահուն կը հասնին տեղեկութիւններ, որոնք լոյս կը սփռեն շատ կարեւոր, բայց ներկայ պահուն օրակարգէն դուրս մնացած նիւթերու վրայ։ Այս անգամ ալ այդպէս եղաւ, երբ յղումով մը ստացանք հայ քաղաքական պատմութեան կարեւոր դէմքերէն մէկուն՝ Աղասի Խանճեանի մահուան տարեդարձի առթիւ։ Որքան ալ խուսափինք հեղինակը անյայտ գրութիւններու արտատպումէն, բովանդակութիւնը մեզ մղեց այս խիստ կարեւոր յօդուածը «Ակօս»ի հայերէն էջերու ընթերցողներուն հետ կիսելու։ Փորձեցինք գրութեան հեղինակը ճշդել, անշուշտ կրկին անգամ խուզարկելով համացանցը։ Չենք յաջողած մեր ակնկալած արդիւնքին մէջ, սակայն նկատեցինք որ գրութիւնը իրականութեան մէջ երեք տարի առաջ լոյս տեսած է «Ալիք» թերթի կայքի վրայ, դարձեալ առանց ստորագրութեան։ Համացանցը իր բոլոր հրապոյրով հանդերձ միշտ չէ որ վստահելի դաշտ մըն է, քանի որ ան շատ անգամ դիտումնաւոր կերպով ապատեղեկատուութեան աղբիւր կը դառնայ։ Բայց ինչ որ ըսինք վերեւ, նիւթը խիստ ուշագրաւ էր եւ մենք չէինք կրնար անհաղորդ մնալ մօտ անցեալը լուսաբանող այս ուշագրաւ նիւթին նկատմամբ։ Արդարեւ ապաւինելով հեղինակի ներողամտութեան, յօդուածը կը ներկայացնենք իր ամբողջութեամբ։

9 Յուլիսին, 1936 թուին, Աղասի Խանճեան առաջին հայ զոհը դարձաւ «ստալինեան մաքրագործումներ»ուն

 

82 տարի առաջ, Թիֆ­­­լի­­­­­­­սի մէջ բրտօ­­­րէն կտրո­­­ւեցաւ 35-ամեայ կեան­­­քի թե­­­լը Աղա­­­սի Խան­­­ճեանի, որ 20-րդ դա­­­րաս­­­կիզբի հայ քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծիչնե­­­րու՝ յատ­­­կա­­­­­­­պէս ակ­­­նա­­­­­­­ռու պոլ­­­շե­­­­­­­ւիկ­­­նե­­­­­­­րու շար­­­քին իր ու­­­րոյն տե­­­ղը ու­­­նի իբ­­­րեւ նա­­­հատա­­­կուած կեր­­­պա­­­­­­­րը հայ պոլ­­­շե­­­­­­­ւիկ-հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­վար յե­­­ղափո­­­խակա­­­նի ու սո­­­վետա­­­հայ-պե­­­տական ղե­­­կավար գոր­­­ծի­­­­­­­չի։

Խորհրդա­­­յին ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րուն իսկ տա­­­րածո­­­ւած եւ ըն­­­դունե­­­լու­­­թիւն գտած էր այն վար­­­կա­­­­­­­ծը, թէ Խան­­­ճեան սպան­­­նո­­­­­­­ւեցաւ Ստա­­­լինի մութ՝ ներ­­­քին գոր­­­ծե­­­­­­­րու յանձնա­­­կատար Բե­­­րիայի ձե­­­ռամբ։ Բայց այդ շրջա­­­նին պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս ըն­­­դունո­­­ւած էր հաս­­­տա­­­­­­­տել, թէ Աղա­­­սի Խան­­­ճեան հար­­­ցաքննու­­­թեան եւ հա­­­ւատաքննու­­­թեան հա­­­մար Թիֆ­­­լիս կան­­­չո­­­­­­­ւած էր Բե­­­րիայի կող­­­մէ, որուն գրա­­­սենեակին մէջ իբր թէ ատրճա­­­նակով ինքնաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւն գոր­­­ծե­­­­­­­լով՝ վերջ դրած էր իր կեան­­­քին…

Աղա­­­սի Խան­­­ճեանը սպան­­­նե­­­­­­­ցի՞ն, թէ՞ ինքնաս­­­պան եղաւ հար­­­ցը ան­­­շուշտ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ պատ­­­մա­­­­­­­քաղա­­­քական կա­­­րեւո­­­րու­­­թիւն։ Բայց յու­­­շա­­­­­­­տետ­­­րի ա՛յս օրուան խոր­­­հուրդը նո­­­ւիրո­­­ւած է նո­­­րագոյն մեր պատ­­­մութեան Մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին Եղեռ­­­նը խորհրդան­­­շող Ստա­­­լինեան «մաք­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծումնե­­­րուն», որոնք 1936-1937-ին մո­­­լեգ­­­նօ­­­­­­­րէն թափ առին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ եւ գլխա­­­տեցին մեր ազ­­­գա­­­­­­­յին մտա­­­ւորա­­­կանու­­­թիւնը՝ առա­­­ջին հեր­­­թին գլու­­­խը ու­­­տե­­­­­­­լով Աղա­­­սի Խան­­­ճեանի։

Պատ­­­մութիւ­­­նը ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած է Խան­­­ճեանի քա­­­ղաքա­­­կան վախ­­­ճա­­­­­­­նին մա­­­սին եր­­­կու հիմ­­­նա­­­­­­­կան իրո­­­ղու­­­թիւն.-

Առա­­­ջին՝ իբ­­­րեւ պոլ­­­շե­­­­­­­ւիկ-կո­­­մու­­­նիստի եւ «մար­­­տա­­­­­­­կան» յե­­­ղափո­­­խակա­­­նի հռչա­­­կին ար­­­ժա­­­­­­­նացած «խորհրդա­­­հայ հե­­­րոս»ի, 1928-ին Խորհրդա­­­յին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի պե­­­տական ղե­­­կին տի­­­րանա­­­լէ ետք, Աղա­­­սի Խան­­­ճեան ամ­­­բաստա­­­նուե­­­ցաւ եւ մե­­­ղադ­­­րո­­­­­­­ւեցաւ իբ­­­րեւ ազ­­­գայնա­­­կան քա­­­ղաքա­­­կան գոր­­­ծի­­­­­­­չի՝ «դաշ­­­նա­­­­­­­կիստ»ի եւ «Թրոց­­­քիստ»ի ու պաշ­­­տօ­­­­­­­նազրկո­­­ւեցաւ, յե­­­տոյ ալ գնդա­­­կահա­­­րուե­­­ցաւ։

Երկրորդ՝ անոր մա­­­հէն քսան տա­­­րի ետք միայն, 1956-ի Յու­­­լիս 17-ին, Խրուշչովեան տի­­­րապե­­­տու­­­թեան օրե­­­րուն, Խան­­­ճեան պաշ­­­տօ­­­­­­­նապէս «ար­­­դա­­­­­­­րացո­­­ւեցաւ»՝ Խ.Մ.Կ.Կ. Կենտկո­­­մի նա­­­խագա­­­հու­­­թեան որո­­­շու­­­մով։

Կը մնայ, որ հայ ժո­­­ղովուրդը եւս ի՛ր գնա­­­հատա­­­կանը կա­­­տարէ Աղա­­­սի Խան­­­ճեան հայ գոր­­­ծի­­­­­­­չին՝ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի եւ հա­­­յոց պե­­­տակա­­­նու­­­թեան ազ­­­գա­­­­­­­յին-քա­­­ղաքա­­­կան ար­­­ժե­­­­­­­չափ­­­նե­­­­­­­րուն հի­­­ման վրայ իր վճի­­­ռը կա­­­յաց­­­նե­­­­­­­լով անոր ան­­­ձին ու գոր­­­ծին թէ՚ բա­­­ցասա­­­կան, թէ՚ դրա­­­կան հա­­­շուեկշռին վե­­­րաբե­­­րեալ։

Անո՛ւշտ, Աղա­­­սի Խան­­­ճեանի ող­­­բերգա­­­կան վախ­­­ճա­­­­­­­նը՝ իբ­­­րեւ «ստա­­­լինեան մաք­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծումներ»ու հա­­­յազ­­­գի պոլ­­­շե­­­­­­­ւիկ զո­­­հերէն մէ­­­կու՝ Ազ­­­գի եւ Հայ­­­րե­­­­­­­նիքի հա­­­մար նա­­­հատա­­­կուած հե­­­րոսի լու­­­սապսա­­­կով կը զար­­­դա­­­­­­­րէ անոր դէմ­­­քը։ Մա­­­նաւանդ որ 1936-1937-ի «ստա­­­լինեան մաք­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծումներ»ուն զո­­­հաբե­­­րուած ու ող­­­բերգա­­­կան միեւ­­­նոյն վախ­­­ճա­­­­­­­նին դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած մեր մե­­­ծու­­­թիւննե­­­րը՝ Չա­­­րենցն ու Բա­­­կունցը, որո­­­շակի առու­­­մով նաեւ Մա­­­հարին, ոչ միայն վա­­­յելե­­­ցին Խան­­­ճեանի ուղղա­­­կի հո­­­վանա­­­ւորու­­­թիւնը, այ­­­լեւ իրենց գրա­­­ւոր վկա­­­յու­­­թիւննե­­­րով օրին իսկ մե­­­ծարե­­­ցին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի խորհրդա­­­յին իշ­­­խա­­­­­­­նաւո­­­րին ազ­­­գա­­­­­­­յին վար­­­քա­­­­­­­գիծն ու ծա­­­ռայու­­­թիւնը։

Այ­­­սուհան­­­դերձ՝ ար­­­դէն ժա­­­մանակն է ամ­­­բողջա­­­կան ճշմար­­­տութեան վե­­­րականգնու­­­մին եւ վե­­­րար­­­ժե­­­­­­­ւորու­­­մին՝ ըսե­­­լու հա­­­մար, որ ինչպէս Չա­­­րենցնե­­­րը, նոյնպէս եւ Խան­­­ճեան­­­նե­­­­­­­րը պա­­­տանե­­­կան գի­­­նովու­­­թեամբ տա­­­րուե­­­ցան պոլ­­­շե­­­­­­­ւիզ­­­մի քան­­­դիչ մո­­­լեգ­­­նութեամբ, եւ այդ օրե­­­րու իրենց գի­­­նովու­­­թեամբ՝ հա­­­յոց ազ­­­գա­­­­­­­յին սրբու­­­թիւննե­­­րը քար­­­կո­­­­­­­ծեցին ու ոտ­­­նա­­­­­­­կոխե­­­ցին եւ իրենց գա­­­ղափա­­­րական-քա­­­ղաքա­­­կան խա­­­բուա­­­ծու­­­թեան ու մո­­­լարան­­­քին անդրա­­­դար­­­ձան շատ ուշ, միայն այն ատեն, երբ ար­­­դէն իրենց իսկ գլու­­­խը պա­­­հելու դժո­­­ւարու­­­թիւն ու­­­նէին, որով­­­հե­­­­­­­տեւ հրէշ­­­ներ սնու­­­ցած էին մեր երկրի եւ ժո­­­ղովուրդի ծո­­­ցին մէջ…

Այդ առու­­­մով շա­­­հեկան ու խօ­­­սուն է վեր­­­ջին տաս­­­նա­­­­­­­մեակին հրա­­­պարա­­­կուած մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւնը Վա­­­հէ Ան­­­թա­­­­­­­նէսեանի, որ Խան­­­ճեանի ող­­­բերգա­­­կան ճա­­­կատագ­­­րին վե­­­րաբե­­­րեալ իր մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւնը կը խտաց­­­նէ այսպէ՚ս.

«Աղա­­­սի Խան­­­ճեանը ըմ­­­բոստ էր ու չէր կա­­­մենում Ստա­­­լին-Բե­­­րիա զոյ­­­գի հլու կա­­­մակա­­­տարը լի­­­նել…»։

Խան­­­ճեան Ղե­­­ւոն­­­դի Աղա­­­սին ծնած է 30 Յու­­­նո­­­­­­­ւար 1901-ին Վան, ուր եւ ստա­­­ցած է իր նախ­­­նա­­­­­­­կան կրթու­­­թիւնը։ Մեծ Եղեռ­­­նի տա­­­րինե­­­րուն, Վա­­­նի պար­­­պումէն ետք, Խան­­­ճեան ըն­­­տա­­­­­­­նիքը եւս գաղ­­­թա­­­­­­­կան տե­­­ղափո­­­խուե­­­ցաւ Երե­­­ւան, ուր Խան­­­ճեան յա­­­ճախեց ու աւար­­­տեց Թե­­­մական դպրո­­­ցը եւ Էջ­­­միած­­­նի Գէոր­­­գեան Ճե­­­մարա­­­նը։

Տա­­­կաւին 16 տա­­­րեկան, 1917-ի Ապ­­­րի­­­­­­­լին, Աղա­­­սի Խան­­­ճեան՝ ար­­­դէն կլա­­­նուած հա­­­մառու­­­սա­­­­­­­կան յե­­­ղափո­­­խու­­­թեան ար­­­ձա­­­­­­­գանգնե­­­րով՝ Ղ. Ղու­­­կա­­­­­­­սեանի հետ հիմ­­­նե­­­­­­­ցին Երե­­­ւանի այսպէս կո­­­չուած «Երի­­­տասարդ Մարքսիստ-Ին­­­տերնա­­­ցիոնա­­­լիստնե­­­րի Միու­­­թիւնը»։ Իսկ 1919-ին, նոյն Ղ. Ղու­­­կա­­­­­­­սեանի եւ Ա. Բու­­­դա­­­­­­­ղեանի հետ, Խան­­­ճեան հիմ­­­նեց «Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի երի­­­տասարդ կո­­­մու­­­նիստնե­­­րի Սպար­­­տակ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւն»ը, որ ամիս մը ետք՝ Մա­­­յիսին, սկսաւ լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յել իր ընդյա­­­տակեայ պաշ­­­տօ­­­­­­­նաթեր­­­թը՝ «Սպար­­­տակ» անու­­­նով։

1919-ի Սեպ­­­տեմբե­­­րին, հե­­­ռակայ կար­­­գով, Աղա­­­սի Խան­­­ճեան ընտրո­­­ւեցաւ Կո­­­մու­­­նիստա­­­կան Երի­­­տասար­­­դա­­­­­­­կան Կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութեան Անդրկով­­­կա­­­­­­­սի Բիւ­­­րո­­­­­­­յի ան­­­դամ։ 1920-ի Յու­­­նո­­­­­­­ւարին մաս­­­նակցե­­­ցաւ Երե­­­ւանի մէջ հայ հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­վար­­­նե­­­­­­­րու ընդյա­­­տակեայ առա­­­ջին հա­­­մագու­­­մա­­­­­­­րին, որ հիմ­­­նեց Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Կո­­­մու­­­նիստա­­­կան Կու­­­սակցու­­­թիւնը (Հ.Կ.Կ.) ու որո­­­շեց եւ ծրագ­­­րեց Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետութեան տա­­­պալումն ու խորհրդա­­­յին կար­­­գե­­­­­­­րու հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մը Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ։

1920-ի Մա­­­յիս Մէ­­­կի խռո­­­վու­­­թիւննե­­­րուն մէջ իր ու­­­նե­­­­­­­ցած աշ­­­խոյժ գոր­­­ծունէու­­­թեան հա­­­մար, 1920-ի Յու­­­լի­­­­­­­սին, Ա. Խան­­­ճեան ընտրո­­­ւեցաւ Հ.Կ.Կ.-ի Կենտկո­­­մի ան­­­դամ եւ ամիս մը ետք, Օգոս­­­տո­­­­­­­սին, երբ Հ.Հ. Պիւ­­­րօ- կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը խստա­­­ցու­­­ցած էր պոլ­­­շե­­­­­­­ւիկ խռո­­­վարար­­­նե­­­­­­­րու դէմ իր դիր­­­քո­­­­­­­րոշու­­­մը, Ա. Խան­­­ճեան ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւեցաւ ու 10 տա­­­րուան բան­­­տարկու­­­թեան դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւեցաւ։

Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի խորհրդայ­­­նա­­­­­­­ցու­­­մէն յե­­­տոյ, ազատ ար­­­ձա­­­­­­­կուե­­­ցաւ եւ ընտրո­­­ւեցաւ Հ.Կ.Կ.-ի Երե­­­ւանի Կո­­­միտէի քար­­­տուղար՝ Դեկ­­­տեմբեր 1920-էն մին­­­չեւ Փետ­­­րո­­­­­­­ւար 1921-ի հա­­­մաժո­­­ղովրդա­­­կան ապստամ­­­բութիւ­­­նը, որ­­­մէ փա­­­խուստ տո­­­ւած հայ պոլ­­­շե­­­­­­­ւիկ­­­նե­­­­­­­րու հետ՝ Աղա­­­սի Խան­­­ճեան եւս հե­­­ռացաւ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն, եւ ու­­­ղարկո­­­ւեցաւ Մոս­­­կո­­­­­­­ւա, որ­­­պէսզի ու­­­սումը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ Սվերդլո­­­վի անո­­­ւան Կո­­­մու­­­նիստա­­­կան հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանին մէջ։

1923-1928 տա­­­րինե­­­րուն, երբ «ռազ­­­մա­­­­­­­կան կո­­­մու­­­նիզմ»ը աւեր կը գոր­­­ծէր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի տա­­­րած­­­քին, Ա. Խան­­­ճեան ղե­­­կավար աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի կո­­­չուած էր Լե­­­նինկրա­­­տի մէջ։ Բայց Օգոս­­­տոս 1928-ին, Քրեմ­­­լի­­­­­­­նի որո­­­շու­­­մով, ան ու­­­ղարկո­­­ւեցաւ Երե­­­ւան՝ ստանձնե­­­լու հա­­­մար Հ.Կ.Կ.-ի Կենտկո­­­մի երկրորդ քար­­­տուղա­­­րի պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնը։ 1930-ին նշա­­­նակո­­­ւեցաւ առա­­­ջին քար­­­տուղար եւ մին­­­չեւ պաշ­­­տօ­­­­­­­նազրկումն ու 9 Յու­­­լիս 1936ի Թիֆ­­­լի­­­­­­­սի մէջ իր խորհրդա­­­ւոր մա­­­հը՝ ան մնաց նոյն այդ պաշ­­­տօ­­­­­­­նին վրայ։

Կեն­­­սա­­­­­­­գիր­­­նե­­­­­­­րը կը վկա­­­յեն, որ Աղա­­­սի Խան­­­ճեան մտա­­­ւորա­­­կան հա­­­րուստ պա­­­շարով եւ ազ­­­գա­­­­­­­յին ար­­­ժէքնե­­­րու խոր ճա­­­նաչո­­­ղու­­­թեամբ շնչող մարդ էր, որ սա­­­կայն իր սերնդա­­­կից պոլ­­­շե­­­­­­­ւիկ աղան­­­դա­­­­­­­մոլ­­­նե­­­­­­­րու ներշնչու­­­մով՝ փան­­­ջունիական ոճով յե­­­ղափո­­­խական մըն էր. իր առ­­­ջեւ բաց գտած դուռն ան­­­գամ կոտ­­­րե­­­­­­­լով մուտք կ՚ու­­­զէր գոր­­­ծել, որ­­­պէսզի նորն ու գա­­­լիքը սկիզ­­­բէն կեր­­­տե­­­­­­­լու ինքնավստա­­­հու­­­թեամբ յա­­­գենար եւ միեւ­­­նոյն ինքնավստա­­­հու­­­թեամբ խան­­­դա­­­­­­­վառէր «Ամ­­­բոխնե­­­րը խե­­­լագա­­­րուած»…

Ազատ ու ան­­­կախ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան դէմ պե­­­տական յե­­­ղաշրջու­­­մի տխրահռչակ դրօ­­­շակիր­­­նե­­­­­­­րէն է Աղա­­­սի Խան­­­ճեան, որ թուրքին մէջ աւե­­­լի հո­­­գեհա­­­րազատ կու­­­սա­­­­­­­կից տե­­­սաւ, քան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թիւնը կեր­­­տած դաշ­­­նակցա­­­կանին մէջ։

Միաժա­­­մանակ՝ Խան­­­ճեան յա­­­ռաջա­­­մար­­­տիկնե­­­րէն մէ­­­կը եղաւ նոր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու Հա­­­յը շնչա­­­ւորե­­­լու կո­­­չուած գա­­­ղափա­­­րաբա­­­նական դե­­­գերումնե­­­րուն. յա­­­ռաջա­­­պահ մը՝ որ ծան­­­րա­­­­­­­գոյն սխա­­­լը գոր­­­ծեց, սա­­­կայն, պոլ­­­շե­­­­­­­ւիզ­­­մին մէջ տես­­­նե­­­­­­­լով մարմնա­­­ւորու­­­մը այ­­­լա­­­­­­­պէս բնա­­­կանոն եւ հասկնա­­­լի այդ գա­­­ղափա­­­րական ինքնո­­­րոշու­­­մին։ Նոր ժա­­­մանակ­­­ներ մուտք գոր­­­ծե­­­­­­­լու հա­­­մար Հա­­­յը պէտք ու­­­նէր հա­­­մամարդկա­­­յին մեծ ներշնչու­­­մով թռիչ­­­քի, որուն թե­­­ւերը սա­­­կայն Մարքսն ու Էն­­­գելսը չէին կրնար ըլ­­­լալ, իսկ գլու­­­խը չէր կրնար ըլ­­­լալ, մա­­­նաւա՛նդ, այ­­­պէս կո­­­չուած «ըն­­­կեր Լե­­­նին»ը…

Աղա­­­սի Խան­­­ճեան, ինչպէս եւ Եղի­­­շէ Չա­­­րենց, իրենց կեան­­­քին գնով ծան­­­րա­­­­­­­գոյն գի­­­նը վճա­­­րեցին Հա­­­յու գա­­­ղափա­­­րական այդ խար­­­խա­­­­­­­փու­­­մին ու մո­­­լորու­­­թեան։

Յու­­­լիս 9-ի այս օրը, հե­­­տեւա­­­բար, ոգե­­­կոչե­­­լով յի­­­շատա­­­կը «ստա­­­լինեան մաք­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծումներ»ու առա­­­ջին հայ զո­­­հը հան­­­դի­­­­­­­սացած՝ Խորհրդա­­­յին Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ատե­­­նի Կոմ­­­կուսի Առա­­­ջին Քար­­­տուղար Աղա­­­սի Խան­­­ճեանին, հա­­­յոց սե­­­րունդնե­­­րուն մենք պարտք ենք յու­­­շե­­­­­­­լու պատ­­­գա­­­­­­­մը Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ան­­­կա­­­­­­­խու­­­թիւնը կեր­­­տած սե­­­րունդնե­­­րուն, որոնք պոլ­­­շե­­­­­­­ւիզ­­­մին մէջ տե­­­սան ան­­­ցո­­­­­­­ղիկ փոր­­­ձանք մը եւ Խան­­­ճեան­­­նե­­­­­­­րու մո­­­լորան­­­քին նկատ­­­մամբ հա­­­յու բա­­­րու­­­թեամբ շա­­­րու­­­նակ յոր­­­դո­­­­­­­րեցին, որ վար­­­չա­­­­­­­կար­­­գե­­­­­­­րը կու գան ու կ՚եր­­­թան, մնա­­­յուն են միայն հայ­­­րե­­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­­րը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ