Կաթողիկոսի դժուար օրերը

Հա­յաս­­տա­­­նի մէջ ապ­­րի­­­լեան յե­­ղափո­­խու­­թե­­­նէ ան­­մի­­­ջապէս ետք նախ­­կին դիր­­քե­­­րու դէմ ուղղո­­ւած բո­­ղոքի առա­­ջին կար­­գի նշա­­ւակ­­նե­­­րը դար­­ձան Երե­­ւանի քա­­ղաքա­­պետ Տա­­րօն Մար­­գա­­­րեան եւ Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոս Գա­­րեգին Բ.։ Ժո­­ղովուրդը այս եր­­կու կեր­­պարնե­­րուն մէջ կը տես­­ներ նախ­­կին իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու ան­­բա­­­րոյ շու­­քը։ Ար­­դա­­­րեւ կա­­թողի­­կոսի դէմ ուղղո­­ւած բո­­ղոք­­նե­­­րու գլխա­­ւոր կար­­գա­­­խօսը դար­­ձած էր. «Նոր Հա­­յաս­­տան, նոր հայ­­րա­­­պետ» լո­­զունգը։

Ու­­շագրաւ երե­­ւոյթ էր, թէ բո­­ղոքի այս ցոյ­­ցե­­­րուն կը մաս­­նակցէին նաեւ կարգ մը հո­­գեւո­­րական­­ներ։

Գա­­րեգին Բ. կա­­թողի­­կոս ընտրո­­ւած էր նո­­րան­­կախ հան­­րա­­­պետու­­թեան ամե­­նատ­­խուր ան­­ցուդար­­ձե­­­րուն կա­­տարո­­ւած պա­­հուն։ Այդ նոյն օրն էր, որ յան­­ցա­­­գոր­­ծե­­­րու խմբակ մը խու­­ժած էր Ազ­­գա­­­յին ժո­­ղովի դահ­­լի­­­ճը եւ հ­­րաձ­­գութեամբ սպան­­նած ու­­թը պատ­­գա­­­մաւոր­­ներ։ Յատ­­կա­­­պէս անոնցմէ եր­­կուքը՝ Կա­­րէն Տե­­միր­­ճեան եւ Վազ­­գէն Սարգսեան մեծ յոյս կը խոս­­տա­­­նային երկրի ծաղկման հե­­ռան­­կա­­­րին հա­­մար եւ կը վա­­յելէին մայ­­րե­­­նի երկրի ժո­­ղովուրդի հա­­մակ­­րանքը։ Այդ դժո­­ւար օրե­­րուն կա­­տարո­­ւած ընտրութեան մէջ շրջա­­նառու­­թեան դրո­­ւեցան կարգ մը անի­­մաստ հա­­մոզումներ։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով Վազ­­գէն Ա. հայ­­րա­­­պետի Ռու­­մի­­­նիայէն, Գա­­րեգին Բ. հայ­­րա­­­պետին Լի­­բանա­­նէն այս աթո­­ռին ընտրո­­ւած ըլ­­լա­­­լը, նոր պա­­հանջ մը ձե­­ւաւո­­րուե­­ցաւ. «Այ­­լեւս ու­­նե­­­նանք հա­­յաս­­տանցի կա­­թողի­­կոս» սահ­­մա­­­նու­­մով։

Դժբախ­­տա­­­բար կա­­թողի­­կոսի ընտրուած օրէն իսկ սկսան իր դէմ բամ­­բա­­­սանքներ, որոնք շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցան նաեւ իր գա­­հակա­­լու­­թեան ամ­­բողջ շրջա­­նին եւս։ Եկե­­ղեցա­­կան եւ հո­­գեւոր պատ­­շա­­­ճու­­թիւննե­­րը որոշ զսպո­­ւածու­­թիւն կը թե­­լադ­­րեն, սա­­կայն այդ պայ­­մաննե­­րու մէջ իսկ կա­­թողի­­կոսը յստակ ճա­­կատում մը ապ­­րե­­­ցաւ Պոլ­­սոյ Մես­­րոպ Բ. եւ Երու­­սա­­­ղէմի Նուրհան պատ­­րիարքնե­­րուն հետ։ Նոյ­­նիսկ նման հա­­կադ­­րութիւններ ծա­­ւալե­­ցան դէ­­պի սփիւռքի կարգ մը եկե­­ղեցի­­ներուն։

Ափ­­սոս որ կա­­թողի­­կոսը անցնող տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին չյա­­ջողե­­ցաւ իր դէմ ծա­­ւալող դժգո­­հու­­թիւնը փա­­րատե­­լու ծա­­ռայող հե­­ղինա­­կու­­թիւն մը դրսե­­ւորել։ Ընդհա­­կառակ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու հետ իր ու­­նե­­­ցած յա­­րաբե­­րու­­թիւնը ալ աւե­­լի վի­­րաւո­­րեց իր վար­­կը եւ այ­­սօր Հայ առա­­քելա­­կան եկե­­ղեց­­ւոյ հա­­մար գո­­յացաւ ճգնա­­ժամի պատ­­կեր։

Կա­­թողի­­կոսի դէմ բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րը ստա­­ցան յա­­րատեւ բնոյթ, իրենց կեդ­­րոն ու­­նե­­­նալով Երե­­ւան, Սուրբ Ան­­նա­­­յի եկե­­ղեց­­ւոյ շրջա­­փակը։

Ցու­­ցա­­­րար­­նե­­­րը նա­­խորդ շա­­բաթ օր որո­­շեցին իրենց ցոյ­­ցը փո­­խադ­­րել Էջ­­միածին։ Այս զար­­գա­­­ցու­­մը կան­­խե­­­լու հա­­մար Գա­­րեգին Բ. կա­­թողի­­կոս ու­­ղերձ մը հրա­­պարա­­կեց Էջ­­միած­­նի «Շո­­ղակաթ» հե­­ռուստա­­կայա­­նէն եւ թէ իր հա­­մակիր­­նե­­­րը եւ թէ բո­­ղոքող­­նե­­­րը հրա­­ւիրե­­լով եկե­­ղեց­­ւոյ ան­­սա­­­սանու­­թեան հա­­մար աղօ­­թելու։ Որոշ է, որ այդ կո­­չը չէ գտած ակնկա­­լուած ար­­դիւնքը եւ բո­­ղոքի ցոյ­­ցը կա­­յացած է։ Ցոյ­­ցի ըն­­թացքին Սուրբ Գա­­յիանէ եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­վիւ հայր Կո­­րիւն Առա­­քելեան Ազ­­գա­­­յին Անվտան­­գութեան Ծա­­ռայու­­թեան քննիչ­­նե­­­րուն կոչ ըրաւ Էջ­­միած­­նի հա­­շիւ­­նե­­­րը քննե­­լու ուղղու­­թեամբ։ Հայր Կո­­րիւն նաեւ յայ­­տա­­­րարեց, թէ ար­­տա­­­կարգ նիս­­տի մը որո­­շում կա­­յաց­­նե­­­լով կրնան դադ­­րիլ բո­­ղոքի ցոյ­­ցե­­­րը։

Միւս կող­­մէ նոյն շա­­բաթա­­վեր­­ջին Երե­­ւանի Սուրբ Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ մա­­տու­­ցո­­­ւած Ս. Պա­­տարա­­գին մաս­­նակցող Գա­­րեգին Բ. կա­­թողի­­կոսին զօ­­րակ­­ցութեան հա­­մար եկե­­ղեցի եկած էին համակիրներու խումբ մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ