Նախորդ տարի 24 ամբաստանեալ ազատ արձակուած

Հրանդ Տին­­քի սպա­­նու­­թեան դա­­տավա­­րու­­թիւնը պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուի 10,11 եւ 12 Յու­­լիս թո­­ւական­­նե­­­րուն։ Յա­­ռաջի­­կայ շա­­բաթ կա­­յանա­­լիք նիս­­տե­­­րու ըն­­թացքին դա­­տարա­­նը վկա­­յու­­թեան պի­­տի կան­­չէ ոճ­­րի գոր­­ծո­­­ւած շրջա­­նին Իս­­թանպու­­լի Անվտան­­գութեան տնօ­­րէնու­­թեան եւ Տրա­­պիզո­­նի Ոս­­տի­­­կան զօ­­րաց հրա­­մանա­­տարու­­թեան շար­­քե­­­րուն պաշ­­տօ­­­նավա­­րող կարգ մը ան­­ձե­­­րը։ Նիս­­տե­­­րը պի­­տի կա­­յանան Իս­­թանպու­­լի 14-րդ Եղեռ­­նա­­­դատ ատեանի դա­­տաս­­րա­­­հին մէջ։ Նա­­խորդ նիս­­տե­­­րուն ար­­դէն աւար­­տո­­­ւած էր այս խնդրի հետ առնչո­­ւած 85 մե­­ղադ­­րեալ­­նե­­­րու պաշտպա­­նու­­թիւննե­­րը։

19 Յու­­նո­­­ւար 2007-ին գոր­­ծո­­­ւած ոճի­­րէն ետք հիմ­­նա­­­կան երեք ամ­­բաստա­­նագիր­­ներ պատ­­րաստո­­ւած էին։ 3 Յու­­լիս 2017-ին ըն­­դունո­­ւած վեր­­ջին ամ­­բաստա­­նագ­­րի շրջա­­նակ­­նե­­­րուն թղթած­­րա­­­րին մէջ յի­­շուե­­ցաւ Ֆե­­թուլլահ Կիւ­­լեն, Զե­­քերիա Էօզ, Էք­­րեմ Տու­­մանլը, Ատեմ Եաւուզ Աս­­լան, Ֆա­­րուք Մեր­­ճա­­­նի նման անուններ ու նաեւ գլխա­­ւորու­­թեամբ գնդա­­պետ Ալի Էօզի, Տրապ­­զո­­­նի ոս­­տի­­­կան զօ­­րաց հրա­­մանա­­տարու­­թեան կազ­­մին աշ­­խա­­­տող ամ­­բաստա­­նեալ­­ներ։

Նա­­խորդ դա­­տավա­­րու­­թիւննե­­րուն ան­­պարտ հռչա­­կուե­­ցան 24 մե­­ղադ­­րեալ­­ներ, հե­­տեւա­­բար այս պա­­հուն միայն եօթը մե­­ղադ­­րեալ կը շա­­րու­­նա­­­կեն բան­­տարկուած մնալ։ Դա­­տարա­­նը նա­­խորդ նիս­­տե­­­րուն մեր­­ժած էր նաեւ Հրանդ Տին­­քի իրա­­ւապաշտպան­­նե­­­րուն կարգ մը կաս­­կա­­­ծելի անուննե­­րուն ալ դա­­տուե­­լու մա­­սին կա­­տարած դի­­մումնե­­րը։

Նշենք որ Հրանդ Տին­­քի սպա­­նու­­թե­­­նէն ետք մեկ­­նած դա­­տական առա­­ջին գոր­­ծընթա­­ցը աւար­­տած էր միայն եր­­կու պատ­­ժի վճիռ­­նե­­­րով։ Ոճ­­րա­­­գործ Օկիւն Սա­­մասթ ան­­չա­­­փահաս տա­­րիքի բեր­­մամբ դա­­տապար­­տո­­­ւած էր 11 տա­­րուայ ազա­­տազրկման։ Դա­­տական այս երկրորդ փու­­լը հե­­ռու է պե­­տական նա­­խաձեռ­­նութիւ­­նով մը գոր­­ծո­­­ւած ոճի­­րի մութ ծալ­­քե­­­րը լու­­սա­­­բանե­­լէ։ Ան այժմ փո­­խանակ ար­­դա­­­րու­­թիւն հաս­­տա­­­տելէ, կը ծա­­ռայէ պե­­տու­­թեան մէջ առան­­ձին խմբակ­­ներ կազ­­մած կարգ մը շրջա­­նակ­­նե­­­րու իրա­­րու դէմ հա­­շիւ մաք­­րե­­­լուն։ Այս իրո­­ղու­­թիւնը նկա­­տելով Հրանդ Տին­­քի ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րը, որոնք հե­­տեւած էին առա­­ջին փու­­լի բո­­լոր նիս­­տե­­­րուն, այս երկրորդ փու­­լին մեր­­ժած են դա­­տավա­­րու­­թիւննե­­րուն մաս­­նակցիլ. «ձեր զա­­ւեշ­­տի դե­­րակա­­տար­­նե­­­րը պի­­տի չըլ­­լանք» ըսելով։

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ