Բոլորին ծանօթ իրողութիւն էր, որ սխալ հիւսուած կտաւէն թել մը քաշելով պիտի քակուէր նաեւ ամբողջ հիւսուածքը։ Այս հաստատումը կ՚ապացուցէ «Արմենպրես» լրատու գործակալութեան հաղորդած վերջին լուրը։ Արդարեւ գործակալութեան թղթակցութիւնով տեղեակ կը դառնանք, թէ Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բերման ենթարկած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանը։ Վարդանեան խոստովանած է իր դէմ կատարուած մեղադրանքը ըստ, որու ան իւրացուցած է հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն դրամի վարկ ունեցող պանքայի քարտը եւ այդ քարտով առցանց խաղադրոյթներ կատարած։ Միայն վերջին շաբաթուայ ընթացքին Վարդանեան հիմնադրամի պանքային քարտէն մօտ 14 միլիոն դրամ փոխանցած է առցանց խաղատուներուն, մինչ 2016-18 թուականներու միջեւ այդ գումարը կազմած է 130 միլիոն դրամ։ Ներկայ պահուն Հայաստան համահայկական հիմնադրամէ ներս կը կատարուի ստուգումներ հաւանական չարաշահումները եւ իւրացումները բացայայտելու համար։ Արա Վարդանեան ձերբակալուած է եւ նախաքննութիւնները կը շարունակուին բծախնդրութեամբ։
Նշենք որ, այս պահուն կասկածեալը անմեղ կը համարուի, քանի որ իր դէմ ուղղուած մեղադրանքը ապացուցուած չէ Հայաստանի հանրապետութեան գրէական դատավարութեան օրէնքով սահմանուած կարգով։