ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կրօնքի գործօնը, մանկապղծութեան մէջ

Թուրքիոյ ներ­­­կայ իրո­­­ղու­­­թեան ամե­­­նախայ­­­տա­­­­­­­ռակ երե­­­ւոյթնե­­­րէն մէ­­­կը ըլ­­­լա­­­­­­­լով երկրի օրա­­­կար­­­գին մտած է ման­­­կապղծու­­­թեան դէպ­­­քե­­­­­­­րու ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած յա­­­ճախա­­­կանու­­­թիւնը։ Ամէն ան­­­գա­­­­­­­մուն, երբ թեր­­­թեր կամ այլ լրա­­­տու գոր­­­ծա­­­­­­­կալու­­­թիւններ կը հա­­­ղոր­­­դեն ան­­­չա­­­­­­­փահաս երա­­­խայի մը կո­­­րուստը, հա­­­սարա­­­կու­­­թիւնը սար­­­սա­­­­­­­փի կը մատ­­­նո­­­­­­­ւի խոր­­­հե­­­­­­­լով, թէ ան­­­գամ մը եւս դէմ յան­­­դի­­­­­­­ման պի­­­տի մնանք նող­­­կա­­­­­­­լի ստոր­­­նութեան մը հետ։ Ան­­­մի­­­­­­­ջապէս հա­­­սարա­­­կական զօ­­­րաշարժ մը ծայր կ՚առ­­­նէ եւ թա­­­ղեցի, դուռ դրա­­­ցին բո­­­լորը փո­­­ղոց կը թա­­­փին այդ կոր­­­սո­­­­­­­ւած երա­­­խան գտնե­­­լու յոյ­­­սով։ Այդ պա­­­հուն բո­­­լորին մտքին մէջ կը գո­­­յանայ նոյն մտա­­­հոգու­­­թիւնը։ «Տայ Աս­­­տո­­­­­­­ւած, որ ողջ առողջ գտնենք երա­­­խային», բայց շա­­­տեր ար­­­դէն նա­­­խորդ փոր­­­ձե­­­­­­­րէն տա­­­րուե­­­լով հա­­­մոզո­­­ւած կ՚ըլ­­­լան, թէ սա սնա­­­մէջ պա­­­ղատանք մըն է եւ հա­­­ւանա­­­կանօ­­­րէն այդ երա­­­խան պի­­­տի գտնո­­­ւի առե­­­ւան­­­գո­­­­­­­ւած, բռնա­­­բարո­­­ւած ու նաեւ դա­­­ժանօ­­­րէն սպան­­­նո­­­­­­­ւած ձե­­­ւով։ Դժբախ­­­տա­­­­­­­բար ան­­­թիւ են այդ չար հա­­­ւանա­­­կանու­­­թեան տե­­­ղի տո­­­ւող օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը։ Մարդ ակա­­­մայ կը տա­­­րուի մտա­­­ծելու, թէ ի՞նչն է պատ­­­ճա­­­­­­­ռը նման չա­­­րագոր­­­ծութեան այսքան մեծ թափ ստա­­­նալուն։ Ոմանք երե­­­ւոյ­­­թը կը բա­­­ցատ­­­րեն կրօ­­­նական դրդումնե­­­րով։ Կը նշեն, թէ կրօն­­­քի քա­­­րոզ­­­չութիւ­­­նով իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան եկած այս կա­­­ռավա­­­րու­­­թեան օրով զգա­­­լիօրէն բարձրա­­­ցած է, թէ կի­­­ներու դէմ բռնու­­­թեան եւ մար­­­դասպա­­­նու­­­թեան դէպ­­­քե­­­­­­­րը եւ թէ ման­­­կապղծու­­­թեան այս սոս­­­կա­­­­­­­լի երե­­­ւոյ­­­թը։ Մինչ այդ ու­­­րիշներ կ՚առար­­­կեն այս պնդու­­­մին պատ­­­ճա­­­­­­­ռաբա­­­նելով թէ նման խայ­­­տա­­­­­­­ռակու­­­թիւններ ան­­­ցեալին ալ կը պա­­­տահէին, բայց այսքան տե­­­սանե­­­լի չէին ըլ­­­լար։ Այժմ շնոր­­­հիւ լու­­­րե­­­­­­­րու հա­­­սանե­­­լիու­­­թեան այսքան ըն­­­դարձա­­­կուած մի­­­ջավայ­­­րին ամէն ինչ դիւ­­­րաւ լսե­­­լի կը դառ­­­նայ բո­­­լորին հա­­­մար։

Կա­­­րելի չէ յստակ եւ ճշգրիտ մէկ պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նի վրայ կեդ­­­րո­­­­­­­նանալ։ Գու­­­ցէ եր­­­կու վար­­­կածներն ալ ու­­­նե­­­­­­­նան իրենց տրա­­­մաբա­­­նական բա­­­ցատ­­­րութիւ­­­նը։ Սա­­­կայն միւս կող­­­մէ իրո­­­ղու­­­թիւնը կը մնայ ան­­­փո­­­­­­­փոխ։ Հա­­­մարեա ամէն օր կը հան­­­դի­­­­­­­պինք ման­­­կապղծու­­­թեան նոր մէկ օրի­­­նակին։

Նոյնպէս նման չա­­­րիքը կան­­­խե­­­­­­­լու հա­­­մար առա­­­ջար­­­կո­­­­­­­ւած մի­­­ջոց­­­ներն ալ իրենց մէջ զա­­­նազա­­­նու­­­թիւն կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեն։ Բայց ար­­­դեօք որ­­­չա­­­­­­­փո՞վ զա­­­նազա­­­նու­­­թիւն է նման չա­­­րագոր­­­ծութիւ­­­նը պատ­­­ժե­­­­­­­լի հա­­­մար առա­­­ջար­­­կո­­­­­­­ւած այս կամ այն մի­­­ջոցը։ Կան մար­­­դիկ որոնք մեծ եռան­­­դով կը պա­­­հան­­­ջեն մա­­­հապատ­­­ժի վե­­­րահաս­­­տա­­­­­­­տու­­­մը։ Անոնք հա­­­մոզո­­­ւած են, որ մա­­­հապատ­­­ժի կի­­­րար­­­կութիւ­­­նով կը վեր­­­ջա­­­­­­­նան այս տե­­­սակի ան­­­մարդկա­­­յին արարքնե­­­րը։ Բայց ար­­­դեօք իս­­­կա­­­­­­­պէ՞ս այդպէս է։ Իս­­­կա­­­­­­­պէս մար­­­դիկ ծանր պա­­­տիժ­­­նե­­­­­­­րէ խրտչե­­­լով յան­­­կարծա­­­կիօրէն կրնա՞ն բա­­­րիանալ։ Խիստ վի­­­ճելի հար­­­ցումներ են այս բո­­­լորը։ Երբ եր­­­կի­­­­­­­րը այս նիւ­­­թե­­­­­­­րով ամե­­­նաբարձր հա­­­ւաս­­­տիաց­­­ման աղ­­­բիւր ներ­­­կա­­­­­­­յացող Կրօ­­­նից տես­­­չութեան յոր­­­դորնե­­­րով կը դաս­­­տիարա­­­կուին դէ­­­պի ման­­­կապղծու­­­թիւն, այ­­­լեւս անի­­­մաստ է նման մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րուն յոյս կա­­­պել։ Մենք առանց վա­­­րանու­­­մի կը հա­­­ւատանք, որ այս տե­­­սակի ան­­­մարդկայ­­­նութիւ­­­նը կը խրա­­­խու­­­սո­­­­­­­ւի 1,400 տա­­­րուայ բար­­­քեր ու սո­­­վորու­­­թիւննե­­­րը այ­­­սօր նոյ­­­նութեամբ վե­­­րակեր­­­տե­­­­­­­լու ձգտող յե­­­տադի­­­մակա­­­նու­­­թե­­­­­­­նէ։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այս մտքի մոլ­­­լա­­­­­­­ները ամէն ան­­­գա­­­­­­­մուն, երբ հար­­­կադրո­­­ւին նման նիւ­­­թե­­­­­­­րու մա­­­սին յոր­­­դորներ փո­­­խան­­­ցե­­­­­­­լու միշտ կը սի­­­րեն մար­­­գա­­­­­­­րէի կեան­­­քէն օրի­­­նակ­­­ներ թո­­­ւել։ Զանց կ՚առ­­­նեն այդ մար­­­գա­­­­­­­րէի օրէն մին­­­չեւ մեր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րը մարդկա­­­յին մտքի ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րած բո­­­լոր նո­­­ւաճումնե­­­րը։ «Քա­­­նի որ ինք այդպէս կ՚ընէր, ու­­­րեմն այս է ճիշ­­­դը» ըսե­­­լով կը ներ­­­կա­­­­­­­յանան հա­­­սարա­­­կու­­­թեան եւ այդ մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թեան մէջ ալ ոչ մէկ ան­­­պա­­­­­­­տեհու­­­թիւն կը տես­­­նեն ան­­­չա­­­­­­­փահաս­­­նե­­­­­­­րու տա­­­կաւին մա­­­նուկ տա­­­րիքին ամուսնու­­­թեան եւ նման երե­­­ւոյթնե­­­րու մի­­­ջեւ։ Եւ­­­րո­­­­­­­պացիք հի­­­մա պար­­­տին զգոյշ ըլ­­­լալ տար­­­բեր մշա­­­կոյթնե­­­րու հետ շփո­­­ւելու պա­­­րագա­­­յին։ Մենք եր­­­բեք խոր­­­հուրդ չենք տար այ­­­լա­­­­­­­մեր­­­ժութեան, բայց ամէն ոք պար­­­տա­­­­­­­ւոր է գիտ­­­նա­­­­­­­լու թէ որո՞ւ հետ ի՞նչ տե­­­սակ շփում մը ու­­­նե­­­­­­­նալու կը պատ­­­րաստո­­­ւի։ Այդ առու­­­մով մտա­­­հոգիչ է մեր երկրի սխալ դաս­­­տիարա­­­կուած զա­­­ւակ­­­նե­­­­­­­րուն պար­­­զած վտան­­­գը։ Քա­­­ղաքա­­­կիրթ աշ­­­խարհ յա­­­ջողե­­­ցաւ իր բա­­­րոյա­­­կան ապ­­­րումնե­­­րուն մէջ կրօն­­­քը ար­­­ժա­­­­­­­նի դիր­­­քին վե­­­րածե­­­լու։ Իսկ մեզ նման եր­­­կիրնե­­­րու մէջ այդ նոյն կրօն­­­քը իր խիստ պահ­­­պա­­­­­­­նողա­­­կան բնոյ­­­թով կը սպառ­­­նայ նախ ան­­­պաշտպան պա­­­տանի­­­ներուն եւ ապա ամ­­­բողջ հա­­­սարա­­­կու­­­թեան կեան­­­քին։

 

pakrates@yahoo.com