2Յուլիս 1993 թուին Սեբաստիա հրկիզուած «Մատըմաք» հիւրանոցի բոցերուն մէջ իրենց վերջին շունչը սպառած 33 մտաւորականներ յիշատակուեցան այս տխուր պատահարի 25-ամեակին առթիւ։ Գլխաւորութեամբ դէպքի վայրի, «Մատըմաք» հիւրանոցի հանդիպակած փողոցէն, երկրի զանազան քաղաքներու մէջ յատուկ միջոցառումներով յիշատակուեցան ատելութեան ոճիրի զոհերը։
Դէպքը Հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան սեւ էջերէն մէկը կը կազմէ, քանի որ այդ ոճիրը տեւած էր շուրջ եօթը ժամ եւ 33 մտաւորականի կողքին հիւրանոցի երկու աշխատողներ հեռուստաէկրաններու սփռած ուղիղ հաղորդումով զոհը դարձած էին մոլեռանդ իսլամական խուժանին։ Իրականութեան մէջ կատարուածը պետական դաւադրութիւն մըն էր, քանի որ տեղական մամուլը օրեր առաջուց սկսած էր գրգռիչ հաղորդումներու։ Այդ օր Սեբաստիոյ մէջ կը յիշատակուէր ալեւի կրօնքի խորհրդանշական դէմքերէն բանաստեղծ Փիր Սուլթան Ապտալ, որ անցեալին եւս զոհը դարձած էր օսմանեան գահաժառանգներուն։ Դէպքէ ետք ձերբակալուած յանցագործերը դատական ինչ-ինչ խաղերով ազատեցին իրենց օձիքը եւ վայելեցին նման ոճիրներու ժամանակ շահագործուած անպատժելիութեան առիթները։
Սեբաստիոյ մէջ կայացող յիշատակման միջոցառումին յատկապէս կ՚ընդգծուէր այս երեւոյթը, որ իր կարգին կը շարունակէ հիասթափեցնել բոլոր անոնք, որոնք արդարութիւն կը պահանջեն պետութեան ձեռքով կատարուած ամէն տեսակ յանցագործութեան համար։ Այս մասին Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան նախկին համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ իր բանտարկուած Էտիրնէի արգելանոցէն պատգամ մը հրապարակեց, ուր կ՚ըսուէր հետեւեալը. «2 Յուլիսին գոյացող վէրքը չէ սպիացած, քանի որ անցնող 25 տարիներու ընթացքին ոչ մէկ բալասան դպչած է այդ վէրքին։ Այս վիշտը 25 տարիներու ընթացքին չէ նուազած, քանի որ նուազեցնելու ծառայող քայլ մը իսկ չէ արձանագրուած։ Այս օրերուն, երբ ֆաշիզմը սկսած է արմատներ արձակել երկրի մէջ, գիտենք որ անցեալին հետ առերեսուելու համար այսօր ալ քայլ մը իսկ պիտի չառնուի։ Սակայն այս գիտնալով հանդերձ բնաւ մտադիր չենք արդարութեան, հաւասարութեան եւ ազատութեան պայքարին մէջ նահանջելու։ Պիտի շարունակենք մեր երկրի մէջ բռնութեան եւ կոտորածի ենթարկուած բոլորին իրաւունքը պաշտպանելու»։