Նախորդ շաբաթ թերթիս թրքերէն էջերուն վրայ ընդարձակ կերպով անդրադարձած էինք արժանաւոր պատմաբան Թաներ Աքչամի ծպտեալ հայերը նիւթ առնող ուսումնասիրութեան հայերէնով հրատարակման մանրամասնութիւններուն։ «Ակօս»ի խմբագրապետ Եդուարդ Տանձիկեան հարցազրոյց մը վարած էր Աքչամի հետ։ Նոյն էջի վրայ հարցազրոյց մըն ալ կատարեց Վարդուհի Բալեան այս ուսումնասիրութեան թարգմանութիւնը ստանձնող թրքագէտ Մելինէ Անումեանի հետ։
Վ.Բ.- Թաներ Աքչամի՝ «Հայերու բռնի իսլամացումը» գրքի թարգմանութիւնը իրականացուցիք։ Ինչու՞ այս գիրքը։ Ո՞րն էր գրքի ընտրութեան պատճառը։
Մ.Ա.- Թէեւ յարգարժան փրոֆեսոր Թաներ Աքչամ բազմաթիւ գրքեր ունի՝ Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, սակայն յատկապէս այս գրքի ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր հետեւեալ կարեւոր հանգամանքով. այն կեդրոնը, որուն ես կ՚աշխատակցիմ, այսինքն՝ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամը, մասնագիտացուած կերպով կը զբաղի Թուրքիայի իսլամացուած եւ ծպտեալ հայերու խնդիրներուն ուսումնասիրութեամբ։ Երբ 2014 թ. Թուրքիա տպագրուեց Թաներ Աքչամի այս գիրքը, մեր կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանի առաջարկով ես անմիջապէս դիմեցի յարգարժան Աքչամին, ով սիրայօժար համաձայնուեց, որ մեր կեդրոնը ստանձնէ իր այս գրքի հայերէն թարգմանութեան եւ տպագրման գործը։ Ի դէպ, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանն ալ դարձաւ գրքի հայերէն տարբերակի խմբագիրը, իսկ թարգմանութեան եւ հայերէն հրատարակման ծախսերը հոգաց «Ժիրայր Նշանեան» հիմնադրամը։
Վ.Բ.- Ըստ ձեզ՝ ո՞րն է այս գրքի հայերէն թարգմանութիւնը ունենալու եւ հայ ընթերցողին հասցնելու կարեւորութիւնը։
Մ.Ա.- Կը կարծեմ՝ այս գիրքը այնքան արժէքաւոր է, որ ան պէտք է ըլլայ ոչ միայն հայերէն, այլեւ՝ բազմաթիւ այլ լեզուներով, որպէսզի հասանելի դառնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հայկական հարցը ուսումնասիրող աշխարհի բոլոր գիտնականներու համար։ Անշուշտ, այս գիրքը առաջին հերթին պէտք է ըլլար հայերէնով, քանի որ յատկապէս հիմա շատ մեծացած է համայն հայութեան հետաքրքրութիւնը՝ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան անմիջական հետեւանքներէն մէկը եղող իսլամացուած հայերու նկատմամբ։ Թաներ Աքչամի այս գիրքը հայ ընթերցողներու, յատկապէս՝ հայ գիտնականներու համար խիստ արժէքաւոր է նաեւ այն պատճառով, որ կազմուած է գրեթէ բացառապէս օսմանեան աղբիւրներու, մանաւանդ այն հեռագրերու հիման վրայ, որ ցեղասպանութեան ամբողջ ընթացքին կեդրոնական կառավարութիւնը յղած էր Օսմանեան կայսրութեան շրջաններուն եւ ստացած պատասխանները։ Այս առումով, մենագրութիւնը խիստ արժէքաւոր փաստաթղթեր կը պարունակէ, որոնք կը բացայայտեն Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայերու բռնի այլասերման համակարգուած բնոյթը։ Ինչպէս կը նշէ Աքչամ, մասնագիտական գրականութեան մէջ կարծիք կայ, թէ կրօնափոխութիւնը չէ խրախուսուած եւ չէ վերահսկուած կեդրոնական իշխանութիւններու կողմէ, այլ միայն կատարուած է տուեալ շրջանի կառավարչի քմահաճոյքով կամ անոր «բարեհաճութեամբ»։ Այն ինչ, սոյն հեռագրերը ակնյայտօրէն ցոյց կու տան, որ երիտթուրք իշխանաւորները եւ յատկապէս Թալեաթը լիովին վերահսկած են կրօնափոխութեան ամբողջ գործընթացը. ժամանակ առ ժամանակ թոյլ չեն տուած, որ կրօնափոխ հայերը մնան իրենց բնակավայրերուն, քանի որ իթթիհադականներու նպատակը եղած է հայերու որպէս ժողովուրդ իսպառ ոչնչացումը։ Փրոֆեսոր Աքչամ առանձին ենթագլխով կ՚անդրադառնայ նաեւ հայ երախաներու եւ կանանց բռնի ուծացման քաղաքականութեան ընդգծելով, որ երիտթուրքերը հեռագրերով նշած են, որ այդ մանուկները ծնողազուրկ պէտք է դառնան, եւ հարկ է անոնք ցրել որբանոցներ կամ մահմետականներու տուներ, դաստիարակելով ըստ իսլամաթրքական մշակոյթի։ Հեղինակը կը շեշտէ այս հարցով առկայ եւ ցեղասպանագիտութեան համար խիստ էական դիտաւորութեան փաստը, այսինքն. երիտթուրքերը, փաստօրէն, շատ լաւ գիտէին, որ հայերը ստոյգ մահուան կ՚ուղարկեն։
Վ.Բ.- Հայաստան գրքի թարգմանութեան շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ։ Ինչպէ՞ս անցաւ։ Ինչպէս կը գնահատէք գրքի շուրջ հանրութեան հետաքրքրուածութիւնը։
Մ.Ա.- Շնորհանդէսին մասնակցեց շատ աւելի մեծ թիւով մարդ, քան կը սպասէինք։ Անգամ ստիպուած եղանք աթոռներ աւելցնել, քանի որ եղած տեղերը չէին բաւարարեր։ Կը կարծեմ, որ Թաներ Աքչամը շատ ճանաչուած ու յարգուած գիտնական է Հայաստան։ Շնորհանդէսին մասնակցեցան նաեւ արտասահմանցի հայեր։ Մինչեւ իսկ շնորհանդէսին ներկայ էին հէնց յատուկ անոր դասախօսութիւններուն մասնակցելու համար Թուրքիայէն Երեւան ժամանած հայեր։ Գրքի շուրջ մինչ այդ ալ շատ մեծ հետաքրքրութիւն կար. արդէն 2 տարի է, որ մեր կեդրոնէն գիրքը կը գնէին ոչ միայն մասնագէտներ, այլ՝ ուղղակի թեմայով հետաքրքրուած մարդիկ։ Ի դէպ նշեմ, որ Աքչամի այս գրքի հայերէն թարգմանութիւնը թէեւ Երեւանի մէջ տպագրուած էր դեռեւս 2016 թուականին, սակայն մեր կենդրոնը չէր ցանկացած առանց հեղինակի մասնակցութեան շնորհանդէս կազմակերպել։ Եւ ահա, տեղեկանալով, որ յարգարժան փրոֆեսորը Հայաստան գտնուելու է Ամերիկեան համալսարանի հրաւէրով, որոշեցինք օգտուելով առիթէն՝ կազմակերպել նաեւ գրքի շնորհանդէսը, որը շատ բազմամարդ անցաւ, իսկ վերջը գրեթէ մէկ ժամ պահանջուեց, որպէսզի հեղինակը ստորագրէ բոլոր մասնակիցներու գրքերը։
Վ.Բ.- Ի՞նչ կը կարծէք գրքի հայերէն տարբերակի առկայութիւնը զարկ կու տա՞յ հայ եւ թուրք գիտնականներու համագործակցութեան։
Մ.Ա.- Ինքս ըլլալով նման թեմաներու շուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարող գիտնական՝ կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւր հայ պատմաբան պատրաստ է համագործակցել այն բոլոր թուրք եւ այլազգի գիտնականներու հետ, ովքեր հայոց պատմութիւնը եւ մեր պատմութեան ամենաողբերգական էջը եղող Հայոց ցեղասպանութիւնը կ՚ուսումնասիրեն օպժեկտիվ կերպով, առանց պատմական փաստերը կեղծելու եւ պատմութիւնը խեղաթիւրելու։ Այս առումով, հայ գիտնականներու համար խիստ արժէքաւոր են յարգարժան փրոֆեսոր Աքչամի աշխատութիւնները, քանի որ անոնք կ՚առանձնանան իրենց օպժեկտիվութիւնով եւ այն փաստով, որ ան պատմական փաստերը կը վերլուծէ՝ հիմնուելով բնագիր փաստաթղթերու վրայ եւ գիտնականին վայել անաչառութիւն կը ցուցաբերէ։