Չար էր երիտասարդ աշուղ Նահապետ Քուչակը, շատ չար։
- Ինչպէ՞ս գիտենք։
- Իր գրած մէկ քառեակէն։ Օր մը ան, հազիւ քսան տարեկան, 1520-ականներուն, շուկայի մէջ կը տեսնէ իր եարը, ու չարամտութեամբ կը կանչէ. «Պագիկն ի քանի՞»։ Աղջիկը դառնացած կը պատասխանէ. «Քանի՜ քո չարն ու քանի, պագն որ դրամով լինի, չեմ իտար թէ աշխարհ աւերի»։
- Լաւ ըսեր է աղջիկը։
- Բայց Ալիք, ասիկա բարի չարութիւն է։ Կասկած չկայ, թէ երիտասարդուհին կ՚ախորժէր Քուչակի չարաճճի խաղերէն։
- Չարութիւնները տեսակնե՜ր ունին...
- Չե՞ս կարծեր։ Կան գէշ չարութիւններ։ Ասոնք կործանիչ տեսակն են։ Եւ կան...
- Հասկցայ, վարդագոյն՝ սիրային չարութիւններ... Պարոն, գէշ չարութիւնները աշխարհի վրայէն կարելի՞ է վերցնել։
- Այո եւ պարզ է։ Չարին արմատը գտիր, ապա ուղղէ զայն։ Եթէ հասկնանք «չար» բառի բուն իմաստը, արմատը, ինչպէս նաեւ պատմութեան մէջ բռնած ճանապարհը, կարծեմ կարելի կ՚ըլլայ անոր պատճառած վնասները մասամբ դարմանել։ Սակայն, Ալիք, այնքան ալ պարզ առաքելութիւն մը չէ ասիկա։ Պատճառը այն է, որ հայ եւ օտար լեզուագէտներ, 1800-ական թուականներէն ի վեր փորձեր են «չար»ին ծագումը յայտնաբերել՝ ապարդիւն։ Մենք, ուստի պէտք է որ թերթենք հայկական գրականութեան էջերը ու հետեւինք անոր ձգած հետքերը։ Ալիք, «չար» բառը նոր չէ մեր լեզուին համար։ Մեսրոպ Մաշտոցը եւ մեր թարգմանիչ սուրբերը Աստուածաշունչի մէջ 564 անգամ գործածեր են զայն։ Բառը ներկայ է նաեւ Տէրունական աղօթքի մէջ. «... փրկա զմեզ ի չարէ»։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը ունի «չար» բառակապակցութիւններու հարիւրաւոր տեսակ. «չար ծառայ», «անդունդ չարեաց», «ամենաթշուառ չարագործ», «անօրէնութիւն չարեաց», «չարատես աչք», «չարաբանական բերան», «դիւային չարահնարութիւն», «մթութիւն չարի»…
- Մարդը, այդպէս չէ՞, որքան անզօր է չարաբանութիւններու, չարագործութիւններու եւ չարակնութիւններու առջեւ։
- Այնքան ատեն, որ կան չարաշունչ, չարահոգի եւ չարաբերան մարդիկ... Սակայն, «չար»ը բարեացակամ գտնուեցաւ ու մեր լեզուին նուիրեց 260 բառ։ Բոլորը պատկերալից։
- Չեմ զարմանար, քանզի չարին բոլոր տեսակները եկեր, անցեր են մեր աշխարհէն ու շատ չարչարեր են մեր ազգը։
- Յիշենք օրինակներ, եւ չարին հաճոյքի բաժին մըն ալ տանք, թէ կարեւորուած է ան. չարագլուխ, չարադէմ, չարաբոյր, չարագուշակ, չարազգեստ, չարաժպիտ, չարալուր, չարածին, չարահամբաւ, չարահամբոյր, չարաձայն, չարանախանձ, չարաշշուկ, չարարմատ... Եւ մեր չարքաշ ժողովուրդը համբերատար, ո՞ր մէկին կրնար դիմանալ, եթէ չունենար իր չարայաղթ իշխանները, չարայաղթ աղօթքները եւ չարխափան սրբապատկերները։ Վերջիններուն ամենէն զօրաւորը՝ Արեւմտեան Փոքր Ասիոյ Նիկոմեդիա գաւառի Արմաշ գիւղի Չարխափան Սուրբ Աստուածածին վանքինն էր։ Ալիք, Աստուածածնի բարեխօսութեան դիմեր է նաեւ իր խոր ծերութեան հասած Քուչակը. «Չար վիրօք իլի եւ դատարկաբան, որդն եմ եւ փոշի եւ հոգ անպիտան, մեղա՜յ քեզ, մեղա՜յ, կոյս անապահկան»։
- Չարէն խուսափելու համար ի՞նչ խրատ կու տաք։
- Լսել մեր իմաստուններու խօսքը։ Մէկը, 1200-ականներուն ապրած Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացի ամենայն հայոց կաթողիկոս բանաստեղծինն է.«Զխրատ ի սրտիդ տնկէ, սա յամէն չարէ զքեզ պահէ»։ 1400 թուականին Տաթեւ վանքի վանահայր սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին «Ամառան» եւ «Գիրք հարցմանց» աշխատասիրութիւններու մէջ տեղադրեց հետեւեալ թեւաւոր խօսքերը. «Յիմար լեր ի չարիս եւ իմաստուն ի բարիս», «Գիտել եւ ոչ ասել՝ չար է, ոչ գիտել եւ ասել չարագոյն է»։ Իսկ աշխարհական Ֆրիկը, մոնղոլական արշաւանքներու չար ժամանակներու ականատեսը եւ անոնց չարագործութիւններէ տառապած աշուղը, ըսաւ. «Չարէն փախիր եւ գործէ դու յերկրի բարիք... Իմ սիրտ, վատին մի՛ լսիր, ու չարին իսկի մի՛ տալ»։ «Չար»ը ունի, ի՛նչ զարմանալի բան, բառակապակցութիւններու, արտայայտութիւններու եւ դարձուածքներու հարուստ պաշար. «չար մարդ», «չար ժպիտ», «չար հայեացք», «չար գործ», «չար պտուղ», «չար բերան», «չար լեզու», «չար աչքի գալ», «չար թել ոլորել», «չար աչքի տակ ծնիլ»… Չար աչքերը, ըստ Աւետիք Իսահակեանի, գեղեցկուհիներու սեւ աչքերն են. «Սեւ աչերէն շատ վախեցիր. մութը ահ է, չարքեր շա՜տ կան»։ Մեր բանաստեղծները լաւ ճանչցեր են չարը։ Ըստ 1500-ականներուն ապրած տաղասաց Սեբաստացի Յովասափի, հայ իշխաններու անմիաբանութիւնն էր չարը.
Սո՛ւգ աշխարհի Հայոց մեծին
Իւրեանց եղեն պատճառ չարին,
Անհնազանտ միմեանց լինին,
Զաշխարհ հայոց աւիրեցին։
Ըստ Յովհաննէս տաղասացի, սա 1600-ականներուն էր, ծխախոտն էր չարը եւ փութով պէտք էր հեռանալ անկէ. «՛ի այլ ոչ խմէ ինքն զթութուն (ծխախոտ), փութով գտնէ զգթութիւն»։ Բաբելոնը եղաւ նաեւ չար։ Վահան Տէրեանի խօսքով՝ «Բաբելոնն է եղել մեր ախոյեանը՝ տե՛ս- անհետ կորել, անցել է - չար մշուշի պէս»։ Նոյն տղան հակադրեց «չար»ը եւ մեր տոհմը. «Չարութեան դէմ վեհսիրտ միշտ»։ Եւ Ալիք, հիմա քեզի ներկայացնեմ հայ բանաստեղծներու ամենաչարը. Եղիշէ Չարենցը։ Այո, դժուար է հաւատալ, չա՛ր, ան՝ որ քեզի յայտնի է իր անոյշ եւ արեւահամ քերթուածներով։ «Չարենց» մականունի ծագումը ունի երեք բացատրութիւն։ Մէկը այսպէս է. բանաստեղծը «Չարենց» մկրտուեր է, որովհետեւ մանկութենէն եղած է չար երեխայ։ Անոր այնքան «չար» ըսեր են, որ մնացեր է՝ Չարենց։ Իսկ ինքը բանաստեղծը կու տայ այսպիսի մէկ բացատրութիւն. «Աշխարհում բարու դիմակի տակ շատ յաճախ չարն է թաքնուած, ես էլ իմ հոգու բարի բովանդակութեանը, այսպէս ասած, չար անուն եմ տուել»։
- Երբ հանդիպինք չարերուն, ի՞նչ պէտք է ընել։
- Բանաստեղծ Զահրատին պէտքէ լսել. «Չար բաներուն բարեւ ըսէք մեր կողմէն... Գացէք ըսէք չար բաներուն որ չըլլան, որ չըլլայ, թէ պատահին» Իսկ եթէ չարը հետապնդէ քեզ, շարունակէ թերթել Զահրատը ու կը գտնես հետեւեալ խրատը.
Բառերուն հետ բառ,
քարերուն հետ քար կը խաղանք...
Չարերուն հետ չենք խաղար։