Վարդավառ՝ վարձքդ կատար

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Հայերի Վար­­­դա­­­­­­­վառը թե­­­րեւս ամե­­­նէն հին տօ­­­ներէն մինն է, ուստի այն իր մէջ է ամ­­­փո­­­­­­­փել աշ­­­խարհի հա­­­զարա­­­մեայ պատ­­­մութեան հետ­­­քե­­­­­­­րը։

Այ­­­սօր մենք այն կը յի­­­շենք նախ որ­­­պէս Քրիս­­­տո­­­­­­­սի Պայ­­­ծա­­­­­­­ռակեր­­­պութեան կամ Այ­­­լա­­­­­­­կեր­­­պութեան տօն։ Սա եր­­­րորդ տա­­­ղաւար տօնն է։

Քրիս­­­տո­­­­­­­սը Պետ­­­րոս, Յա­­­կոբոս եւ Յով­­­հաննէս առա­­­քեալ­­­նե­­­­­­­րի հետ Թա­­­բոր լե­­­ռը կը բարձրա­­­նայ՝ աղօ­­­թելու։ Լե­­­րան բար­­­ձունքին աշա­­­կերտնե­­­րը ակա­­­նատես կ՚ըլ­­­լան, թէ ինչպէս Յի­­­սուս Քրիս­­­տոս կը զրու­­­ցէ հա­­­զար տա­­­րի առաջ վախ­­­ճա­­­­­­­նուած Մով­­­սէս մար­­­գա­­­­­­­րէի եւ հրե­­­ղէն կառ­­­քով եր­­­կինք համ­­­բարձո­­­ւած Եղիա մար­­­գա­­­­­­­րէի հետ։

Նրանց զրոյ­­­ցի պա­­­հին լու­­­սա­­­­­­­փայլ ամպ մը հո­­­վանի կը դառ­­­նայ իրենց եւ ամ­­­պէն ար­­­ձա­­­­­­­գան­­­գող ձայն մը կը բա­­­ցական­­­չէ․ «Դա է իմ սի­­­րելի Որ­­­դին, որին հա­­­ւանե­­­ցի, Դրան լսե­­­ցէք»։ Աղօթ­­­քի պա­­­հին Յի­­­սուս պայ­­­ծա­­­­­­­ռակերպւում է․«Դէմ­­­քը փայ­­­լեց, ինչպէս արե­­­գակը, եւ նրա զգեստնե­­­րը դար­­­ձան սպի­­­տակ, ինչպէս լոյ­­­սը»։

Ըն­­­դունո­­­ւած է Վար­­­դա­­­­­­­վառին ուխտի գնալ Ս. Կա­­­րապե­­­տի վան­­­քը, Թուխ Մա­­­նուկ մա­­­տուռնե­­­րը, սրբա­­­զան լեռ­­­նե­­­­­­­րի բար­­­ձունքնե­­­րը եւ կաթ­­­նաղբիւրնե­­­րը։ Կը հա­­­ւատա­­­յին թէ այդ օրը բո­­­լոր սրբե­­­րը առա­­­ւել կը զօ­­­րանան։

Ար­­­ցա­­­­­­­խում կը պատ­­­մէին թէ Վար­­­դա­­­­­­­վառին բո­­­լոր սրբե­­­րի վրայ լոյս կ՚իջ­­­նէ եւ ով տես­­­նի այդ լոյ­­­սը, նրա փա­­­փաքը ի կա­­­տար կ՚ածո­­­ւի։ Նաեւ կ՚ըսէին թէ Հո­­­գեգալստին եր­­­կինք բարձրա­­­ցուած բո­­­լոր սրբե­­­րը Վար­­­դա­­­­­­­վառին նո­­­րէն ցած կ՚իջ­­­նեն՝ լու­­­սա­­­­­­­ւոր աստղե­­­րի կեր­­­պա­­­­­­­րան­­­քով։ Ով յա­­­ջողու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցաւ տես­­­նե­­­­­­­լու այդ իջ­­­նող աստղե­­­րին, ինչ որ խնդրէ, կը կա­­­տարո­­­ւի։

Վար­­­դա­­­­­­­վառին կը յի­­­շուեն նաեւ Նոյ նա­­­հապետն ու ջրհե­­­ղեղը։ Կը հա­­­ւատան թէ ջրհե­­­ղեղի աւար­­­տին, երբ Նոյ նա­­­հապե­­­տը Մա­­­սիսէն իջաւ Նա­­­խիջե­­­ւան, պա­­­տուի­­­րեց ամէն տա­­­րի ջուր ցօ­­­ղել մէկ­­­մէ­­­­­­­կու վրայ, որ­­­պէսզի եր­­­բեք չմո­­­ռացո­­­ւի ջրհե­­­ղեղի պատ­­­մութիւ­­­նը։

Նոյ նա­­­հապե­­­տի եւ ջրհե­­­ղեղի աւան­­­դութեան հետ է կա­­­պուած նաեւ Վար­­­դա­­­­­­­վառին աղաւ­­­նի­­­­­­­ներ բաց թող­­­նե­­­­­­­լը։ Շուրջ մէկ տա­­­րի մար­­­դիկ աղաւ­­­նի­­­­­­­ները կը պա­­­հէին, կը վար­­­ժեցնէին, ապա Վար­­­դա­­­­­­­վառին բաց կը թող­­­նէին նրանց եւ ներ­­­քե­­­­­­­ւից կը դի­­­տէին՝ թէ ինչպէս երկնի կա­­­պոյ­­­տում կը ճախ­­­րեն աւե­­­տաբեր աղաւ­­­նի­­­­­­­ներն ու կը ցու­­­ցադրեն իրենց սո­­­վորած վար­­­ժանքնե­­­րը։

Վար­­­դա­­­­­­­վառն իր աղերսներն ու­­­նի նաեւ Անա­­­հիտ դի­­­ցու­­­հու պաշ­­­տա­­­­­­­մունքի հետ։ Այդ օրն ուխտի կը գնա­­­յին Մնձուր լե­­­րան քա­­­ռասու­­­նի հաս­­­նող կաթ­­­նա­­­­­­­գոյն աղ­­­բիւրնե­­­րի ակունքներ, կը հա­­­ւատա­­­յին թէ Անա­­­հիտ դի­­­ցու­­­հու ստինքնե­­­րէն հո­­­սող կաթն է բխում այդ աղ­­­բիւրնե­­­րէն։ Այդ օրը կ՚օրհնէին նաեւ խնձո­­­րը եւ Անա­­­հիտ դի­­­ցու­­­հուց կը խնդրէին առատ բերք ու բա­­­րիք այս տա­­­րի։

Եւ վեր­­­ջա­­­­­­­պէս տօ­­­նի կա­­­րեւո­­­րագոյն սիւ­­­նա­­­­­­­քարը՝ սի­­­րոյ եւ գե­­­ղեց­­­կութեան Աս­­­տո­­­­­­­ւածու­­­հի, ջրե­­­րի դի­­­ցու­­­հի Աստղի­­­կը։ Ջուր կը ցօ­­­ղային եւ ծա­­­ղիկ շաղ կու տա­­­յին մէկ­­­մէ­­­­­­­կու վրայ՝ հա­­­զար ու հա­­­զար օրհնենք պար­­­գե­­­­­­­ւելով աշ­­­խարհին, բնու­­­թեանը եւ մար­­­դոց։ Կա­­­նացի կեր­­­պա­­­­­­­րան­­­քով եւ ծա­­­ղիկ­­­նե­­­­­­­րով զար­­­դա­­­­­­­րուած տիկ­­­նիկներ, «խնդում»-ներ, խաչ­­­բուռներ կը պատ­­­րաստէին եւ տնէ տուն շրջե­­­լով՝ ջուր կը ցօ­­­ղային ու նո­­­ւէր­­­ներ կը հա­­­ւաքէին։ Կը հա­­­ւատա­­­յին թէ այդ օրը ջրե­­­րը առեղ­­­ծո­­­­­­­ւածա­­­յին կեր­­­պով կը շա­­­տանան եւ ակ­­­նաղբիւրնե­­­րում լո­­­ղացո­­­ղը կ՚ապա­­­քինո­­­ւի։

Վար­­­դա­­­­­­­վառը չէր շրջան­­­ցել նաեւ Հայկ Նա­­­հապե­­­տին։ Այդ օրը մա­­­նուկնե­­­րը թաղ-թաղ բաժ­­­նո­­­­­­­ւած, պար­­­սա­­­­­­­տիկ­­­ներ ու քա­­­րի տոպ­­­րակներ վերցրած, մի ամ­­­բողջ օր «կը կռո­­­ւէին»՝ Հայկ ու Բե­­­լի հա­­­կամար­­­տութիւ­­­նը «կը խա­­­ղային»։

Օրը, յի­­­րաւի, կը նկա­­­րազար­­­դո­­­­­­­ւի պա­­­րերով, խա­­­ղերով, մի ամ­­­բողջ գի­­­շեր տե­­­ւող երգ-մրցոյթնե­­­րով, տօ­­­նախմբու­­­թիւննե­­­րով ու զբօ­­­սանքնե­­­րով, մեծ ուխտե­­­րով, ծաղ­­­կա­­­­­­­շատ ծէ­­­սերով, ջրի ու բեր­­­քի օրհնու­­­թեամբ եւ ման­­­կան պար­­­զութեան հաս­­­նող տրա­­­մադ­­­րութեամբ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ