Ձեռքերնուս կարծես ասեղ դերձան, ընդմիշտ կը գործենք մեր պատմութիւնը։ Պատմութիւն, որ կը յուշէ սա ձեռքերնիս բռնած թելը, չէ որ այն ալ մէկ կ՚երկարի, մէկ կը կարճնայ եւ կը հիւսէ մեր ներկան ու անցեալը։ Այդ անցեալի մէջ կը տեսնենք ուրախ օրեր, երջանիկ ժամանակներ եւ ապա թախիծի ալիք մը կու գայ բոլորը կասկածի տակ թողելու։ Ո՞ւր են ուրախութեան օրերը, որոնք այդքան շուտ սահեցան գացին մեր ձեռքերէն, որպէս յիշատակ թողելով սա նրբագեղ ասեղնագործութիւնը։
Լսած պէտք է ըլլաք նշանաւոր է Վաքըֆլըգիւղի կանանց գործած ասեղնագործութիւնները։ Անոնց համբաւը նոյնիսկ գերազանցած է երկրի սահմանները։ Արդարեւ Մարիամ տատիկը հազիւ զիս դիմաւորած պահուն վար կը դնէ ձեռքի աշխատութիւնը եւ համեստաբար կը պարզէ. «Ժամանցի համար է, որ կը գործեմ»։ Ես այդ պահուն կը փորձեմ այդ մանած դերձանին կառչիլ եւ իր հետ երթալ դէպի իր ծննդավայրի անցեալը…
ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ
lusyenkopar81@hotmail.com
«Նախ ծանօթացնեմ ես զիս։ Անունս Մարիամ Մարտիրեան Սիլահլը եւ Քեսքին է։ Մարտիրեան մեր տոհմանունն է, որ հանրապետութեան շրջանին պարտադրուած նոր օրէնքներով վերածուեցաւ Սիլահլըի։ Իսկ Քեսքին ամուսնուս ազգանունն է, որ ամուսնանալով փոխանցուեցաւ նաեւ ինծի։ 1928-ին ծնած եմ մեր գիւղի Եէզուր թաղամասին մէջ։ Գիւղը ունէր եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած միայարկ քարաշէն դպրոց մը։ Ինչպէս գիւղի բոլոր երախաները ես ալ յաճախած եմ այդ դպրոցը։ Դպրոցը երկու բաժին էր՝ աղջկանց եւ մանչերու համար։ Աղջկանց բաժնի ուսուցիչը օրիորդ Մարիցան էր։ Ան ամուրի մնացած ու երկու երախաներն ալ առած հաստատուած էր մեր գիւղը։ Շատ գեղեցիկ կին մըն էր օրիորդ Մարիցան։ Տղոց բաժնի ուսուցիչը պարոն Խաչիկ Մուրատեանն էր։ Եղբայրներս Խաչիկ եւ Յակոբ իր աշակերտներն էին։ Իւրաքանչիւր դասարանի մէջ 20-25 աշակերտներ էինք։ «Բարիլոյս» անունով դասագիրք մը ունէինք մեր ձեռքերուն եւ այդ գիրքի շնորհիւ գրաճանաչ դարձանք։ Հայախօս էինք բոլորս ալ։ Մենք աղջիկներս կարմիր գոգնոց կը հագնէինք եւ մազերնիս կարմիր ժապաւէն մը։ Վերջապէս մեր գիւղացիները ամբողջովին Հնչակեան էինք։ Հնչակները կարմիր, իսկ Դաշնակները կապոյտ կը հագուէին։ Չէ որ անոնց դրօշն ալ կապոյտ էր։ Գիւղերով կամ դպրոցներով անջատուած էինք, բայց նոյն եկեղեցի կը յաճախէինք։ Ամէն գիւղ ունէր իր դպրոցը։ Ափսոս չեմ յիշեր անոնց անունները։ Խըտըրպեկ, Պիթիաս կամ Եողունօլուք հայաբնակ գիւղեր էին։ Միայն կը յիշեմ Խըտըրպեկի դպրոցի կղմինտըրները։ Այդ դպրոցի տանիքը ծածկուած էր կղմինտրներով, որոնք կ՚երեւային նաեւ մեր գիւղէն։ Աւելի ուշ այցելած եմ Պիթիաս եւ Եօղունօլուք գիւղերը եւ տեսած եմ եկեղեցիները։ Բայց դպրոցներու մասին բան մը չեմ յիշեր։ Շատ փոքր էի։ Միայն կը յիշեմ, թէ գիւղի երախաներով ինչպէս կը վազվզէինք, կը խաղայինք կամ կ՚ուրախանայինք մեր գիւղի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ։ Այս յիշածներս կը վերաբերին 1930-ական տարեթիւերու կէսերուն։ Հազիւ քանի մը ամիս կրցած եմ յաճախել դպրոց։ Ապա մայրս դպրոց գալով ուսուցչուհիին պարզած է, որ իմ օգնութեանս կը կարօտի։ «նոյն իսկ սափոր մը ջուր փոխադրէ իմ գործս կը նուազի» ըսած էր մայրս։ Ուսուցչուհին իզուր տեղ համոզել փորձեց. «թող որ ուսանի Իսկուհի քոյրիկ» ըսելով։ Մինչեւ այսօր կը յիշեմ, անձրեւոտ օր մըն է։ Մինչեւ տուն մայրս զիս շալակը բերած էր։ Դասընկերներս յաճախ կը յիշէին իմ ասմունքելու ունակութիւնը։ Շատ երկար ոտանաւոր մը սորված եմ ու անթերի արտասանած։
Սեդրակ եղբայրս
Մեր գիւղերը թուրքեր փոխադրուելէ ետք ժողովուրդը հեռացաւ։ Մեր գիւղի մէջ միայն 20-25 ընտանիք ըլլալով շարունակեցինք մեր գոյութիւնը։ Մեր ընտանիքին մէջ միայն հայրս էր, որ թրքերէնի կը տիրապետէր։ Թէեւ մեր լեզուին թրքերէնէ բազմաթիւ բառեր մտած են, բայց մենք դարձեալ թրքերէն չէինք գիտեր կամ չէինք խօսեր։ Այդ տարիներու Մուսա Լերան բոլոր գիւղերուն մէջ կուսակցական պառակտում կը տիրէր։ Մարդիկ իրար գիտէին եւ ըստայնըմ կը մերձենային։ Սեդրակ եղբայրս Խըտըրպեկ գիւղէն աղջկան մը սիրահարուած էր։ Այն ալ փոխադարձած էր եղբօրս։ Շաբաթավերջերուն իրար կը հանդիպէին աղբիւրի մօտակայքը։ Օժինա սափորով կը մօտենար աղբիւրին, ուր եղբայրս արդէն զինք սպասած կ՚ըլլար։ Հազիւ քանի մը բառ փոխանակելէ ետք կարօտով կը հեռանային իրարմէ։ Բայց եղբայրս ու Օժինա չի կրցան իրար վայելել, քանի որ Օժինայի ծնողները խստապէս արգիլած էին հնչակցականի մը հետ մերձենալ։ Պայման բերին եղբօրս, որ ան հրաժարի իր կուսակցութենէն, որպէսզի արտօնեն օրինաւոր ամուսնութեան։ Բայց եղբայրս մերժեց այդ պարտադրանքը, ըսելով որ սիրածէն կը հրաժարի, բայց ոչ կուսակցութենէն։ Օժինայի ընտանիքը գաղթեցին եւ եղբայրս ալ նշան կապեց ուրիշի մը հետ։ Հազիւ վեց ամսու նշանուած էր, որ մեր արտին մէջ սպաննուեցաւ, նշանածին քեռիին հետ միասին։ Նախապէս աւազակութեան դէպքեր ապրուած էին գիւղին մէջ։ Գողցուած էր մեր այգիներու խաղողը։ Այդ օր եղբայրս գիշերուայ մէկ ժամուն ուզած էր շրջիլ այգիները։ Ես դեռ չէի քնած, երբ կրակոցը լսեցի։ Անմիջապէս հօրս մօտ գացի «Սեդրակ աղբարիկս արտ գացած էր» պոռացի։ Հայրս առարկեց. «խեր խօսէ աղջիկս» ըսելով։ Եղբայրս 22 տարեկան էր, իսկ ես ինը…
Ոճրագործները չգտնուեցան, բայց գիտէինք որ դաշնակցականներն էին։ Տարիներ անց Սեդրակ եղբօրս նշանածին մեծ մայրը եկաւ եւ ըսաւ, որ «մենք ձեզմէ յօժար ենք։ Այս աղջիկը որու հետ, որ ամուսնանայ ձեր սիրտը կը ցաւի։ Եկէք ձեր ընտանիքին հարսը թող ըլլայ»։ Հայրս Միսաք եղբօրս հրամայեց. «Դուն պիտի ամուսնանաս» ըսելով։ Այս լսելով, թէ Միսաք եղբայրս, թէ մենք բոլորս լաց եղանք։ Խեղճ աղջիկն ալ առարկեց «Ամուսնանալ չեմ ուզեր» ըսելով, բայց չկրցաւ համոզել իր ընտանիքը։ Եօթը տարի Սեդրակ եղբօրս սուգը պահած աղջիկը Միսաք եղբօրս հարս առինք։ Ճակատագիր, ինչ ըսեմ…
Գաղթեր
1937-էն սկսեալ ժողովուրդը սկսաւ գաղթել։ Մուսա Լերան եօթը գիւղերու ժողովուրդը գաղթեցին։ Մարդիկ, անասուններ, իրեր, ամէն մարդ ինչ որ ունէր, ինչ որ կրնար հետը տանիլ շալկած հեռացան գիւղէն։
Վարդավառ
Վարդավառի գալուստը իւրաքանչիւր ողկոյզի վրայ, գոնէ մէկ երկու խաղողին կարմրելով կը գուշակէինք։ Վարդավառը մեզի համար Աստուածածնի տօնը դիմաւորելու նախափորձ մըն էր կարծես։ Եկեղեցւոյ շրջափակը Պատարագի աւարտին ժողովուրդը իրար կը շնորհաւորէր եւ բերքի արատութիւն կը մաղթէր։
Զանազան խմորեղէններ կը պատրաստուէին տօնական օրերուն։ Պանրուհուց կը թխէինք։ Աւելի հասկնալի ըլլալու համար կրնաք պանիրով փիցցայի նմանեցնել։ Կարագով կաթաներ կը պատրաստուէր։ Բոկեղներ եւ տակաւին ահագին բաներ, որոնց բոլորը չեմ յիշեր սա պահուն։ Բոլոր թխած հացերը կը խաչակնքէինք։ Ամուսնանալէս վերջ ամուսինս փայտեայ կաղապար մը սարքած էր, այդ կաղապարով կը խաչակնքէի մեր թխուածքեղէնը։ Ամենանոր ու մաքուր տարազներով կը մասնակցէինք եկեղեցւոյ արարողութեան։ Իսկ պատարագի աւարտին մեծագոյն ուրախութիւնը իրար թրջելով կապրուէր։ Նախ գիւղի երէցը իր ձեռքի սափորով կը թրջէր մեզ։ Ապա ամբողջ գիւղը կը միանար իրար թրջելու այդ իւրայատուկ արարողութեան։ Իմ ծնած թաղամասի ու հարս գացած տան միջով առու մը կ՚անցնի։ Վարդավառի օրերուն այդ առուի մէջ աննախադէպ ուրախութիւն կը տիրէր։
Աստուածածին
Եկեղեցւոյ կողքի պարտէզին մէջ մատաղներ կը մորթուին։ Ամէն ոք մատաղցուն նախապէս յանձնած կ՚ըլլայ եկեղեցիին։ Այդ տարի ով ինչ որ ուխտած է, ուխտին կատարման համար մատաղ կ՚ընէ։ Ոմանք խոյ կը մորթեն, ոմանք ոչխար։ Նախատօնակին մօտաւորապէս 25-30 մատաղներ կը մորթուէին, որոնց փորոտիքով համեղ ճաշեր կը պատրաստուէին։ Ամենանշանաւորը քաղիրթի ապուրն էր, անասունի գլխի միսերով եւ տոտիկներով սարքուած ապուրը։ Մումպար կը լեցնէին ապա։ Միւս կողմէ մորթուած անասուններու միսը երեք անգամ կը լուացուէր եւ եօթը կաթսաներու բաժնելով կ՚եփէր ցորենի հետ միասին։ Սա մեր աւանդական տօնական ուտեստն էր։ Այդ գիշեր գիւղացիներ իրենց այգիներէն հաւաքած խաղողը եկեղեցի կը բերեն, որպէսզի յաջորդ օր պատարագէն ետք օրհնուած խաղաղողը բաժնուի ժողովուրդին։ Նախատօնակը երկար գիշեր է մեր մօտ։ Մինչեւ առտու եկեղեցւոյ բակին մէջ կ՚երգենք, կը պարենք, կ՚ուրախանանք։ Ամուսինս մինչեւ առտու կը հսկէր խառիսայի կաթսաներուն։ Այսօր թէեւ որոշ չափով կը շարունակուին այդ աւանդութիւնները, բայց միսը շուկայի մսավաճառէն կ՚առնենք։ Աստուածածնի խառիսան միշտ առատ է մեզ մօտ։ Այդ օր ոչ միայն գիւղացիներ, այլ հարեւան գիւղերէն եկած մուսլումաններ ալ կը կշտանան մեր խառիսայով։
Սուրբ Սարգիս
Սուրբ Սարգիսի նախօրեակին գիւղի երիտասարդ աղջիկները երեք օր ծոմ կը պահեն։ Երրորդ օրուայ համար «քումպա» կոչուած խմորեղէնը կը թխենք։ Երրորդ օր խաչակնքուած քումպան ճակնդեղի տերեւներու նման բոյսի մը «լիվիկի»ի տերեւներով կը փաթաթենք ու մաղմաղ կրակի վրայ կ՚եփենք։ Քումպան ալ ունէր իր խաղիկները։ Քումպայի մէջ մետաղ դրամ, ճիւղի մը փոքրիկ մասնիկը կամ կանանչ տերեւ մը պահուած կ՚ըլլար։ Կանաչ տերեւը որու որ վիճակի այդ տարի պարտէզի խնամքը իրեն կը պատկանէր։ Որուն բաժինէն, որ ճիւղի կտորը ելլէր ձիթենիներու կամ դափնիներու պատասխանատուն ան էր։ Հայրս այդ գիշեր բոլորս կը զգուշացնէր. «Զգօն եղէք։ Այս գիշեր Սուրբ Սարգիսը պիտի գայ, պիտի այցելէ մեր տունը» ըսելով։
Բարկընտըք, Մեծ Պահք եւ Սուրբ Զատիկ
Բարեկենդանի գալստէն երեք օր առաջ պատրաստութիւնները կը սկսէին։ Քիւֆթայի տեսակներ եւ անուշեղէններ կը պատրաստուէր։ Բարեկենդանին ալ մատաղներ կը մորթուէր եւ խարոյկ կը վառուէր։
Մեծ Պահքին եօթը շաբաթուայ տեւողութեամբ պահ կը պահէինք։ Վերջին կիրակին Ծաղկազարդն է։ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը աւետող այդ տօնը նաեւ կ՚աւետէր գարունի գալուստը եւ նաեւ զրկանքներով լեցուն պահքի շրջանին վերջին շաբաթի հասնիլը։
Ծաղկազարդին յաջորդող երկուշաբթի սարեր բարձրանալով եօթը տեսակ ծաղիկ կը հաւաքէինք եւ այդ ծաղիկները ջուրով լեցուն ամանի մը մէջ կը լեցնէինք։ Յաջորդ օր, որ Լացի Գիշեր է, եկեղեցի երթալէ առաջ այդ անուշահոտ ջուրով կը լուայինք մեր երեսները։
Լացի Գիշերը Յիսուս Փրկիչի մատնուած, տանչուած եւ խաչուած օրը կը խորհրդանշէ։ Այդ օր մինչեւ գիշեր արարողութիւններ կը կատարուին եկեղեցւոյ մէջ։ Այդ գիշեր ժամու ճամբուն մէկ կողմէն ալ ասեղնագործութիւն կ՚ընէինք ու կը հաւատայինք թէ մեր ձեռքի ասեղներով Յոփի աչքը պիտի փորէինք, թէ ինչո՞ւ Յոփի աչքը կը փորէինք այդ ալ մինչեւ այսօր չեմ հասկնար։
Մեծ Պահքի ընթացքին կը հաւաքէինք սոխի կեղեւները, որոնցմով ապա ձուերը պիտի ներկէինք։
Ճոխ կ՚ըլլար տօնական սեղանները։ Անպայման իչլի քէօֆթէ կամ, սինի քուֆթա կ՚ունենայինք։ Արաղն ու գինին տնական էր։
Ծնունդ եւ Ամանոր
Ամանորի նախորդող շաբթուն անտառէն ճիւղեր կը հաւաքուի եւ խարոյկ կը վառուի։ Երեխէք դափնիի ճիւղերով կը ծեծեն բոցերը եւ մէկ կողմէն ալ կ՚աղաղակեն. «Համ համշնորհ համշնորհ»։ Այդ պահուն կը բոցավառուին նաեւ ճիւղերու ծայրի դափնիի տերեւները։ Թերեւս ալ «Համշնորհ» բացականչութիւնը գրաբարէն կը ծագի եւ եկող նոր տարի, այսինքն «յամին» շնորհաւորելու բարեմաղթանք մըն է։ Այդ օր տուներու տանիքներուն հող կը թափեն։ Հող կը թափեն նաեւ պտուղ տալէ դադրած ծառերուն։ Հողը առատութեան խորհրդանիշն է։ Ծնունդի նախատօնակին բոլոր երախաները տուները կը շրջէին «Խորհուրդ մեծ» շարականը երգելով։ Երանելի օրեր էին, որոնք այսօր ալ շարունակել կը ջանանք, բայց անցեալի կենսունակութիւնը մնաց անցեալին մէջ։