Նախորդ կիրակի Թուրքիոյ տարածքին տեղի ունեցաւ այնքան մեծ յուզումով սպասուած նախագահական եւ խորհրդարանի ընտրութիւնները։ Այս ընտրութիւնները եզակի դարձնող կարեւոր գործօնը Թուրքիոյ մէջ վարչաձեւի յստակ փոփոխութիւնն էր։ Թուրքիա երկար տարիներ որդեգրած էր խորհրդարանական համակարգը, որու հիմնական նշանակութիւնն էր ուժերու զանազանութիւնը։ Այժմ կը փորձուէր այդ համակարգը փոխել նախագահական դրութեան հետ, որու շնորհիւ ընտրուած նախագահը այլեւս միայն խորհրդանշական ներկայութիւն մը ըլլալէ դադրելով պիտի հակակշռէր երկրի օրէնսդիր, գործադիր եւ օրինական բոլոր համակարգերուն վրայ։ Նախքան ընտրութիւններու իրականացումը բաւական ալեկոծուած էր քաղաքական դաշտը, ուր ընդդիմադիրներ պատրաստուած էին իրենց առարկութիւններով նախատեսուած վարչական փոփոխութիւնները կանխելու։ Գործող կառավարութիւնը փորձած էր անսպասելի պահուն ընտրութիւնը օրակարգի բերելով անպատրաստ թողել իր հակառակորդները։ Մանաւանդ ալ քաղաքական ծանր հալածանքներով ճնշման տակ պահած էր ընդդիմադիր կարեւորագոյն գործիչներէն մէկը՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութիւնի նախորդ պետ Սելահհատին Տեմիրթաշը։ Առաջին իսկ տպաւորութիւնով ամէն ինչ ձեռնտու էր Էրտողանի համար, քանի որ կ՚օգտուէր մէկ կողմէն արտակարգ իրավիճակներու ընդձեռած ազատ գործելակերպէն, միւս կողմէն ալ ամբողջութեամբ իրեն հնազանդեցուած մամուլի քարոզչութենէն։ Պայմանները թէեւ այսպէս կը ներկայանային, բայց ընդդիմադիր շարքերու ձեռնարկած քարոզարշաւ մը հետզհետէ կը ոգեւորէր լայն զանգուածները։ Բայց նոյնիսկ ամենալաւատեսները երբեք ու երբեք չէին պատկերացներ թէ 16 տարիէ ի վեր իշխանութիւն վայելող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը կը մատնուի այսքան ծանր պարտութեան։ Կը կորսնցնէ խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւն կազմելու կարողութիւնը։ Նոյնիսկ շատ անգամ կը դժուարանայ ընտրութեան համար նախատեսուած տասը տոկոսի պատնէշը անցնելու։
Նոյնպէս միայն ու միայն միամիտ լաւատեսներն էին, որ կը սպասէին Ժողովուրդներու ժողովրդավարութեան կուսակցութեան իր դէմ դրուած այդ ծանր արգելքները յաղթահարելով Խորհրդարան մուտքը։ Այդ լաւատեսները նոյնիսկ ծիծաղի առարկայ կը դառնային, երբ հրապարակաւ կը յայտնէին իրենց կանխատեսած քուէներու համեմատութիւնը։ Սակայն տես որ ժողովուրդը անգամ մը եւս կատարեց անսպասելին եւ ո՛չ միայն իշխող կուսակցութիւնը գլխիվար շրջեցաւ, այլ ընդդիմադիրներու շարքերն ալ արձանագրեցին շատ լուրջ յաջողութիւն։
Նախորդ շաբաթ արդէն համոզուած էինք, որ այս շաբաթուայ սիւնակը ընդհանրապէս նիւթ պիտի առնէ ընտրութիւններու խնդիրը։ Մեր տրամադրութիւնները եւ ոչ միայն տրամադրութիւնները, այլ միամիտ յոյսերը կը թելադրէին վերեւ նշուած տողերով հիւսել այս շաբաթուայ «Մենք ու մերոնք»ի սիւնակը։ Բայց ինչպէս ծանօթ է բոլորին այդ յոյսերը սնամէջ մնացած են։ Չէ պատահած այն ինչ որ պիտի սիրէինք երազել։ Ընդ հակառակը իշխանութիւնը անգամ մը եւս յաջողեցաւ ամրացնել իր դիրքերը եւ բարեփոխութեան իմաստով յոյսի նշոյլ մը իսկ չթողուլ բոլոր անոնց համար, որոնք պիտի ցանկային աւելի լայնատարած ազատութիւն, մարդու իրաւունքներու հանդէպ աւելի գերզգայուն վարչակարգ եւ ամենակարեւորը արդարութեան հասանելիութիւն։ Որոշ է, որ Թուրքիոյ հաշւոյն այդ բոլորը յետաձգուած է ուրիշ գարունի մը, որուն գալուստեան համար ալ յստակ ոչ մէկ ազդանշան կ՚երեւի Թուրքիոյ երկնակամարին վրայ։
Ճարահատ ենք։ Անգամ մը եւս պիտի ապաւինինք Եգիպտոսի հանրածանօթ «Խան էլ Հալիլի» շուկայի վաճառորդներուն բարեմաղթութեան, քանի որ անոնք ամէն անգամուն որ մէկը հարցնէ «գործերը ինչպէ՞ս են» հարցումը կը պատասխանեն նոյն ամուր հաւատքով. «Վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ»։
pakrates@yahoo.com