Իսթանպուլի շրջանային դատարանը նախապէս ցկեանս բանտարկութեան դատապարտած Մեհմետ Ալթանին ազատութեան վճիռ կայացուց։ Ծանօթ յօդուածագիր եւ դասախօս Մեհմե Ալթան եւ իր հետ միասին, Ահմետ Ալթան եւ չորս անձեր Ֆեթուլլահական ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու մեղադրանքով ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած էին։ Այս վճիռի դէմ Մեհմետ Ալթան դիմած էր Սահմանադրական ատեան եւ այդ դատարանն ալ որոշած էր, որ մեղադրեալը պէտք է անպարտ հռչակուի։
Սահմանադրական ատեանի այս որոշումը անվիճելի է այլ դատարաններու համար։ Այս պայմաններու տակ Իսթանպուլի շրջանային դատարանն ալ ենթարկուելով Սահմանադրական ատեանի որոշումին վճռեց փրոֆ. Մեհմետ Ալթանի ազատ արձակման։