ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
narekian2000@yahoo.com
Նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւնները վերջացան շատերուն համար անակնկալ արդիւնքներով։ Նախագահական ընտրութեան պարագային գոնէ երկրորդ փուլի մը ակնկալութիւն գոյացած էր հասարակութեան մօտ… ՀՏՓ-ի՝ տասը տոկոսի պատնէշը յաղթահարելով խորհրդարան մուտքը փոքրիկ մխիթարութիւն մը պարգեւեց սակայն, այլապէս շատ աւելի թանձր պիտի ըլլար մարդոց տխրութիւնը։ Հայազգի Կարօ Փայլան դարձեալ մեր երեսփոխանն է խորհրդարանին մէջ, այս անգամ՝ Տիգրանակերտէն. քաղաք մը, որ հայկական հոտ մը դեռ կը պահէ իր վրայ։ ԱՔՓ֊ՄՀՓ-ի կազմած ազգայնական ճակատն ալ թէեւ ունի հայազգի Մարգար Էսաեանը, սակայն ինչպէս անցեալ շրջանին, այս անգամ եւս որեւէ յոյս կամ յոյս մը ունենալու որեւէ կռուան չունինք այս անունէն։
Ընտրութիւններու արդիւնքը, ճի՛շդ է, որեւէ կասկած չ՚արթնցներ. այսինքն նիշերը, որոնք յայտարարուեցան հանրութեան, ընդունելի են։ Միաժամանակ, նախընտրական շրջանին, քարոզարշաւի անարդար ու անհաւասար պայմաններն ալ կասկածէ դուրս են։ Տպագիր ու տեսողական միակեդրոն մամուլի մը ստեղծումը պատճառ դարձաւ որ «այլընտրանքային» կամ «լուսանցքային» որակուին բոլոր այն տեսակէտները, կարծիքները, քննադատութիւնները, որոնք կը տարբերէին կեդրոնէն մատուցուածներուն։ Կամ, ըսենք, նախագահութեան թեկնածուներէն Սելահատտին Տեմիրթաշ կալանքի տակ էր եւ կարելիութիւն չունեցաւ մասնակցելու հանրահաւաքներու, քաղաքացիներու հետ հանդիպումներու, ասուլիսներու, այլ բաւականացաւ համացանցային քանի մը սփռումներով։ Իշխանութիւնները եւ գործող նախագահը՝ մեծ մասամբ քաղաքացիներու տուրքով գոյացած պետութեան բոլոր հնարաւորութիւնները գործածեցին ի նպաստ իրենց քարոզարշաւին։ Այս բոլորը եւ աւելին, որ դժբախտաբար կ՚անտեսուին արդիւնքներու յայտարարման իսկ պահուն, բաւ են շուքի տակ ձգելու համար ընտրութեան արդիւնքները։ Ասիկա ալ անկիւն մը գրենք…
Գիտէ՛ք, այս երկրին մէջ ամէն բան մարզադաշտային տրամադրութեամբ կ՚արտայայտուի եւ մենք ալ շատ անգամ ակամայ կը տարուինք այս հոսանքին, առանց մտածելու շատ անգամ։ Ընտրութիւններն ալ բացառութիւն մը չէին կրնար կազմել, անշուշտ։ Ահաւասիկ երկու օրինակ…
Ընտրութեան արդիւնքները մեծ մասամբ արդէն յայտնի դարձած էին հեռատեսիլի վրայ, սակայն կային վէճեր վերջնական արդիւնքներու շուրջ, եւ հանրութիւնը կը սպասէր Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի նախնական յայտարարութեան։ ԱՔՓ-ի ու Էրտողանի համակիրները արդէն փողոցներն էին ու ֆութպոլի խաղ մը յաղթանակածի նման կը բացագանչէին… Էրտողան իսկ տակաւին պատշգամ կամ որեւէ տեղ չէր ելած։ Եւ յանկարծ ԹՌԹ-ի վրայ կարդացինք Արամ Աթէշեանին շնորհաւորանքը։ Զարմացա՞նք։ Անշուշտ չզարմացանք։ Իրեն հետեւեցան խախամապետին եւ Հայկական վաքըֆներու միութեան (ասիկա ԹՌԹ-ի բնորոշումն էր, մենք ալ չհասկցանք ինչ ըլլալը) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին շնորհաւորանքները։ Եղբա՛յր, կը հասկնամ, շատ կը սիրէք, խենթ կ՚ըլլաք Էրտողանին, ըսելիք չունինք, բայց յարգելով ձեր ղեկավարել յաւակնած համայնքային դարաւոր հաստատութիւնները՝ գոնէ պաշտօնական կամ նախնական յայտարարութեան մը սպասէիք եւ ոչ թէ դուք ձեզ յանձնէիք ամբոխի հոսքին… Վերջապէս ձեր անձը չէ որ կը ներկայացնէք։ Չեմ գիտեր… Թերեւս դուք ալ ձեր անձը ի մի ձուլած էք ձեր ղեկավարած հաստատութիւններուն հետ, ինչպէս որ ա՛լ պետութիւն ու կառավարութիւն ու կուսակցութիւն ու Էրտողան նոյնացած ու ի մի ձուլուած են։
Ասիկա ալ երկրորդ օրինակս է։
Այս ընտրութեան պատկերներէն մէկն ալ հետեւեալն էր ինծի համար։ Հայկական վարժարանի մը տնօրէնուհին ֆէյսպուք դրած էր նախարարի մը՝ նոյն այդ հայկական վարժարանի տնօրէնութեան գրասեղանին առջեւ եղած լուսանկարը՝ յայտնելով, թէ քուէարկած է յօգուտ ԱՔՓ-ին։ Մեզի բնաւ չի հետաքրքրեր իր տուած քուէն։ Իր քաղաքացիական իրաւունքն է։ Այդ նախարարին նկարն ալ կրնայ հրապարակել։ Հոն ալ խնդիր մը չկայ։ Բայց այդ նախարարը տնօրէնուհիին տան ճաշասենեակին մէջ չէ որ լուսանկարուած է, այլ համայնքային հնագոյն վարժարանի մը տնօրէնութեան գրասեղանին առջեւ։ Ուրեմն ասիկա դիրքի շահագործում կը նշանակէ եւ մեզի ալ իրաւունք կու տայ քննադատելու, որպէսզի կրթական, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կամ հանրային այլ դիրքեր քաղաքական չարաշահումի առարկայ չդառնան։
Ընտրութիւնը վերջացաւ եւ բնական է որ մարդիկ ակնկալեն նախընտրական շրջանին ստեղծուած լարուածութեան թուլացումը։ Միամտութի՞ւն։ Թերեւս։ Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը կամ, ըսենք, ժողովրդավարութեան թրքական ձեւը նոր ձեւ ու կերպար մը պիտի առնէ յետ այսու։ Ինչ ըլլալիքը, ներառեալ Էրտողանն ալ, մարդ չի գիտեր… Իրապէս, պիտի ապրինք ու պիտի տեսնենք։ Բայց հանրաքուէէն մինչեւ այսօր հանրութեան տրուած նախաճաշակը յոյս մը չի ներշնչեր։
Նախքան եզրափակելը…
Կարծեմ պատրիարքի ընտրութեան հարց մը ունէինք։ Ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Հանրաքուէն անցաւ, ընտրութիւնն ալ անցաւ։ Հազար ու մի ընտրութիւն անցաւ, բայց սա մեր Պոլսոյ թաղերէն մէկը լեցնելու քանակութեամբ համայնքին համար պատրիարք մը չընտրուեցաւ։
Արամ Աթէշեան ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ Կարօ Փայլանը վերջին անգամ մը եւս սեւցնելու համար հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէր, թէ պատրիարքական ընտրութեան չկատարուելուն մեղաւորը ոչ թէ պետութիւնն է, այլ ներհամայնքային պառակտուածութիւնը։ Ներհամայնքային պառակտուածութիւնը Աթէշեանին տեսածն է անշուշտ։ Մեր այս կողմէն որեւէ պառակտուածութիւն չկայ։ Համայնքը միաբերան ու միակամ ընտրութիւն կ՚ուզէ։ Մի՛ լոլոզէք…
Քանի մը ամիս յետոյ քաղաքապետական ընտրութիւններ կան։ Ատիկա՞ սպասենք հիմա ալ… Ի՞նչ կ՚ըսէք…