Դասախօսի կոչում տոքթ. Արթիւր Սալմասլըօղլուի

Իսթանպուլ Չա­փա բժշա­­կական հա­­մալ­­սա­­­րանի ռոնթկե­­նի մաս­­նա­­­գէտ տոց. տոքթ. Ար­­թիւր Սալ­­մասլըօղ­­լու 7 Յու­­նի­­­սին սոյն հի­­ւան­­դա­­­նոցի մէջ կա­­տարո­­ւած արա­­րողու­­թիւնով ստա­­ցաւ փրո­­ֆեսո­­րի կո­­չում։ Սալ­­մասլըօղ­­լու ծնած է 1976 թո­­ւին Պոլ­­սոյ մէջ։ Նախ­­նա­­­կան ու­­սումը Մխի­­թարեան վար­­ժա­­­րանի մէջ ստա­­նալէ ետք յա­­ճախած է ֆրան­­սա­­­կան Սեն Պե­­նուա դպրո­­ցը։ 1995-ին մուտք գոր­­ծած է Իս­­թանպու­­լի հա­­մալ­­սա­­­րանի բժշկա­­գիտա­­կան ճիւ­­ղը եւ ապա մաս­­նա­­­գիտա­­ցած շո­­ղան­­կա­­­րու­­մի մար­­զէն ներս։ Այդ ոլոր­­տէ ներս մաս­­նա­­­գիտա­­նալով եր­­կար տա­­րիներ աշ­­խա­­­տած է հի­­ւան­­դա­­­նոցի շո­­ղան­­կարման բա­­ժինը եւ 2012 թո­­ւակա­­նին ալ ստա­­ցած տո­­ցեն­­դի աս­­տի­­­ճան։ Ար­­թիւր Սալ­­մասլըօղ­­լու այս պա­­տուա­­բեր տիտ­­ղո­­­սին կը տի­­րանայ շնոր­­հիւ իր հե­­ղինա­­կած բազ­­մա­­­թիւ գրա­­կան յօ­­դուած­­նե­­­րու, որոնք լոյս տե­­սած են մաս­­նա­­­գիտա­­կան զա­­նազան պար­­բե­­­րական­­նե­­­րու մէջ։ Ան մինչ այդ նո­­ւաճած է նաեւ Թու­­պի­­­թակի նա­­խագի­­ծերու մրցա­­նակին մէջ տար­­բեր բնոյ­­թի մրցա­­նակ­­ներ եւ կը վա­­րէ Իս­­թանպու­­լի զար­­գացման գոր­­ծա­­­կալու­­թեան մէջ խորհրդա­­տուի պաշ­­տօն։ 2016-ին Ազ­­գա­­­յին ռա­­տիօլո­­կիայի հա­­մագու­­մա­­­րի ըն­­թացքին նո­­ւաճած է առաջ­­նութիւ­­նը «Եռա­­չափ տպիչ­­նե­­­րու ռա­­տիօլո­­կիայի մէջ գոր­­ծադրու­­թիւնը» խո­­րագ­­րեալ յօ­դուածով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ