Լուսանկարիչ Էճէ Կէօքալփ Արարատ սարը կիզակէտին առած լուսանկարչական ցուցահանդէս մը սարքած է Գատըգիւղի մէջ։ 2 Յունիս շաբաթ օր բացումը կատարուած ցուցահանդէսը կը նպատակադրէ լերան ներկայ ու անցեալը ցոլացնել։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ արուեստագէտը իր այս ցուցահանդէսը անուանած է՝ «Լերան մը չափ շատ»։ Ան ուշադրութիւն կը դարձնէ լերան դարերու հոլովոյթով էբոսի մը վերածուելու երեւոյթը։ Լերը լուսանկարած մերթ Ակրըի, մերթ Պայազետ, մերթ Իկտիր է եւ մերթ ալ Խոր վիրապէ դիտելով։
Այցելեցինք այս խիստ հետաքրքրական ցուցահանդէսը եւ զրուեցինք հեղինակին հետ։
ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Վարդան Էսդուգեան- Ինչպէ՞ս եղաւ ձեր Արարատի հետ ծանօթացումը եւ ինչպէ՞ս որոշեցիք նման ցուցահանդէս մը պատրաստել։
Էճէ Կէօքափ- 2016-ի աշնան սկսայ Արարատի մասին աշխատելու։ 2015-ին մասնակցած էի «Միասին գործել» նախաձեռնութեան։ Այդ աշխատանքի ընթացքին էր, որ նման խորհուրդ մը ծագեցաւ մտքիս մէջ։ Ծրագրի Թուրքիոյ բաժինը, երբ ջնջուեցաւ որոշեցի Պեռլին վերադառնալով անհատաբար աշխատիլ։ Միտքս պայծառ էր, քանի որ «Միասին գործել» ծրագրի շրջանակով Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն 22 երիտասարդներ պիտի փորձէինք հասկնալ Հայոց ցեղասպանութեան տեղի տուող ազդակները։ Բուն պատճառը ինչ է չեմ կրցած լուծել, բայց Արարատը ինքնին այս աշխատութեան խորհրդանշանը դարձած է ինծի համար։ Անշուշտ այդ պահուն չէի գիտակցեր, թէ Արարատ ինչ կը նշանակէ հայոց համար։ Այդ բոլորին հետզհետէ թափանցեցի, ուր նկատելի էին Պայազետի լքուածութիւնը, լերան Հայաստանի համար ունեցած նշանակութիւնը, իր մասին հիւսուած առասպելները եւ դեռ ահագին բան։ Բիւրաւոր մարդիկ տարիներ շարունակ նայած էին այդ բարձունքին եւ ամէն մէկը զատ բան մը տեսած։
Ցուցահանդէսի ընթացքին կը տեսնենք նաեւ տարածաշրջանի վերաբերող լուսանկարներ։
Է.Կ.- Ես լեռը տարբեր աշխարհագրական հատուածներու, տարբեր համոզումներ ունեցած բնակիչներու միջոցաւ դիտած եմ։ Ինչպէս որ կ՚ըսէ Էտուարտ Սայիտ. «Երեւակայական աշխարհագրութիւն մըն է իմ նիւթ առածը»։ Ուրեմն լեռը դիտելով կը տեսնեմ նաեւ այդ տարածքին վերաբերող անհամար բաներ։ Այսպէսով լեռը շրջապատող մարդկանց կեանքէն ալ դրուակ մը ներկայացնելու առիթը ունեցայ։
Իսկ աշխատելու ժամանակ ի՞նչ տեսակ դժուարութիւններ ապրեցաք։
Է.Կ.- Կրնամ ըսել, որ ոչ մէկ լուրջ դժուարութիւնի հանդիպեցայ։ Իմ աշխատութիւնս ունէր նաեւ տեսլական բաժին եւ դիտարկումները պէտք է վերածէի հատորի մը։ Այս ալ պատճառ եղաւ, որ այդ նոյն վայրերուն կրկին անգամ այցելութիւն տամ։
Հայաստանի մէջ ընդամէնը մէկ շաբաթ մնացած էի եւ հազիւ վերջին օրը կրցայ արժանի կերպով տեսնել լեռը։ Խոստովանիմ, որ սահմանափակ նիւթական կարելիութիւններու պատճառաւ երկրորդ անգամ չեմ կրցած այցելել Հայաստան։ Սա կարեւոր բացթողում մը եղաւ։ Չեմ կրցած բաւականաչափ տեսակցութիւններ ունենալ տեղացիներուն հետ։ Իրականութեան մէջ, երբ կը ձեռնարկէին այս աշխատութեան, երկրի մէջ արտակարգ իրավիճակի դրութիւն կը տիրէր եւ բարեկամներ ալ կը զգուշացնէին, այդ պայմաններու մէջ աւելիի զգոյշ ըլլալու մասին։ Թերեւս պատճառներէն մէկն ալ այս է, որ մատնուած եմ բաներ մը կիսաւարտ թողած ըլլալու խորհուրդին։
Իսկ ուր, որ կը նկարէիք կրցա՞ծ էք տեղւոյն ժողովուրդին լերան հետ ունեցած յարաբերութիւնը դիտարկել։
Է.Կ.- Դէպի Պայազետ եւ Իկտիր երկու անգամ, իսկ Հայաստան միայն մէկ անգամ կրցայ ճամբորդել։ Պայազետ երկրորդ երթալուս բաւականին տեսակցութիւններ ունեցայ։ Իսկ Հայաստան կրկին երթալու համար միջոցներ կը որոնեմ։ Բացի այս տեսակցութիւններէն Արարատի հետ առնչուած զանազան նիւթեր կարդացի։ Համացանցի վրայ բազմաթիւ գրառումներու հետեւեցայ։ Ապագային այս բոլորը իմ մեկնաբանութեամբ ընթերցողին պիտի փոխանցեմ։ Իզուր չէ ցուցահանդէսի անունը՝ «Լերան մը չափ շատ»։ Հիմա մտադրած եմ այդ շատը յստակեցնելու, շատի մասին խօսելու եւ մարդկանց միտքերը աւելի ընդարձակ փոխանցելու գործին։ Յուսամ կարելիութիւններ կը գտնեմ ցուցահանդէսը Իկտիրի եւ Երեւանի մէջ ալ կրկնելու համար։