ՎԻԳԷՆ ՉԹԸՐԵԱՆ
Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներու տեւողութեամբ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի մէջ ամբոխները խրախուսելով իրականացուց «Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը։ Երեւան, կառավարութեան շէնքի սենեակներէն մէկուն մէջ երբ մէկտեղուեցանք, ի տարբերութիւն փողոցներու սպիտակ վերնաշապկի, պեյզպոլի գլխարկի կամ կռնակի պայուսակի, այս անգամ պաշտօնական տարազով՛ փողկապով կը մարմնաւորէր պետական գործիչի կերպարը։ Բայց չէ ր սափրած յեղափոխութեան ոգեւորութեան խորհրդանիշներէն մէկը դարձած մօրուքը։ Ուրեմն նոր գոստյումով ու հին մօրուքով Փաշինեան յեղափոխակա՞ն մըն էր, թէ ոչ պետական այր մը։
Ինձ համար զարմանալի էին քաղաքականութեան մէջ իր որդեգրած բնորդները։ Կը կարծէի թէ պիտի թուէ յետխորհրդային շրջանի քաղաքական այն գործիչները, որոնք ժողովրդավարութիւն քարոզելով հանդերձ ներկայացուցիչները եղած էին ազատ շուկայի տնտեսութեան։ Ան նշեց Վաքլաւ Հաւելի եւ Լեհ Վաուենսայի անունները։ Արեւելեան Եւրոպայի այս երկու գործիչները, նախ քան յեղափոխութեան իրականացումը, իրենց երկրի բռնակալ պետական կառոյցին դէմ քաղաքական ընդդիմադիրներ էին։ Զարմանալի էին Փաշինեանի նշած յաջորդ երկու անունները՝ Նելսըն Մանտէլա եւ Էրնեսթօ Չէ Կեւարա։ Փաշինեան կը պատկաներ Խորհրդային Միութեան տարանչատման ականատէս եղած սերունդին։ Այդ սերունդի համար կոմունիզմի խորհրդանշանները ոչ թէ հակագաղութատիրական պայքարը կամ հասարակական արդարութիւնն է, այլ Ստալինը եւ Կուլակը։ Իսկ Փաշինեան կը յիշէր այս կոմունիստ անունները։
Թէ ինչպէ՞ս ընդդիմադիր լրագրողը վերածուած էր վարչապետի։ «Իւրաքանչիւր յեղափոխական որոշ հանգրուանի մը ստիպուած է նախընտրութիւն մը ընելու յեղափոխութիւնը յարատեւ դարձնելու կամ ալ ամրացնելու միջեւ։ Այդ պատճառաւ ես ալ Կեւարայի յարատեւ յեղափոխութեան փոխարէն նախընտրած են Ֆիտելի պետութիւնը վերակազմելու ուղին»։ Այս ալ իր կարգին Չէին երկրպագուներու համար շշմեցնող արտայայտութիւն մըն էր։
Փաշինեան Հայաստանի մէջ տասնամեակներու ընթացքին հանրածանօթ կերպար մըն է։ Ան նախ ճանաչուած էր որպէս յանդուգն լրագրող, որ անխնայ կը քննադատէր իշխանաւորները։ 1998 հիմնած եւ իր ալ գլխաւոր խմբագիր եղած «Օրագիր» թերթի միջոցաւ հրապարակեց պետական վարչութեան զեղծարարութիւնները։ Այս գրութիւններու պատճառաւ դատուեցաւ եւ թերթն ալ փակուեցաւ։ Ապա հիմնեց «Հայկական ժամանակ» անունով նոր թերթ մը եւ 2006-ին ալ որոշեց մտնել քաղաքական դաշտ։ Ունեցաւ երկու ճակատագրական որոշումներ։ Անոնցմէ առաջինը եղաւ 2008-ի ընտրութիւններուն դէմ ընդդիմադիրներու բողոքը կազմակերպել։ Այդ բողոքի շարժումները ճնշուեցան բանակի ձեռքով, ուր տասը քաղաքացիներ մահացան։ Փաշինեան երկու տարի ընդգետնեայ գործելէ ետք յանձնուեցաւ եւ կալանաւորուեցաւ երկու տարի։ Սոյն երկու տարիները իր անցեալի գործունէութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու առիթ ընծայեցին։ Համոզուեցաւ, որ նախկին յեղափոխականները ժողովուրդին յուսախաբութիւն պատճառած են։ Երկրորդ ճակատագրական դէպքը եղաւ «Սասնայ ծրեր» խմբակին Սերժ Սարգսեանի վարչութեան դէմ գործադրած զինեալ յարձակումը։ Անոնք երկու շաբաթ տեւողութեամբ գրաւեցին ոստիկանատուն մը եւ Փաշինեան այդ դէպքին առանց ուժի գործադրութեան վերջանալուն համար իր համակիրներուն հետ միատեղ մեծ ջանքեր վատնեց։ Զինեալ խումբը յանձնուելու պահուն անզէն ըլլալը ապացուցելու համար բաց ձեռքերով մօտեցան ոստիկաններուն։ Այդ պատկերը ուսուցողական էր Փաշինեանի համար՝ Մարդիկ ճամբու կէսին մի լքէր եւ փոփոխութիւն իրականացնելու համար դիմէ բաց ձեռքերու եւ խաղաղ միջոցներու։
Փաշինեան կը տարբերի յետ սովետական շրջանի յեղափոխականներէն։ Ուկրանիոյ Վիքտոր Եուշչենքոյի փոխարէն Կեդրոնական պանքի տնօրէն չէ եղած, ո՛չ ալ վարչապետ։ Վրաստանի Միխայիլ Սաակաշուիլիի նման Արդարադատութեան նախարար ալ չէ եղած։ Ամբողջ կեանքը անցած է իշխանութիւններու դէմ պայքարելով։ Ան հարցումի մը պատասխան տալով ըսաւ. «Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեծ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան»։ Փաշինեան կ՚ուզէ Հայաստանի տնտեսական եւ զինուորական մեծագոյն դաշնակցին՝ Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւնները շարունակել։ Բացի այդ Հայաստանի նոր վարչութիւնը երկրէ ներս կ՚ապրի կարեւոր փոփոխութիւններ, որոշած է հարեւան երկիրներու հետ յարաբերութիւնները նոյն գծի վրայ պահելու։
Նշեցի որ իր կազմած կառավարութեան մէջ 17 նախարարներէն միայն երկուքը կիներ են։ Երեւոյթը այդ առումով կը յիշեցնէ հին Հայաստանը։ Վարչապետը ձայնակցեցաւ այս հաստատումին նշելով, թէ կիներ ու երիտասարդներ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են առանց բռնութեան իրականացող այս յեղափոխութեան մէջ։ «Սակայն այս քաղաքացիական կամքը չէ ցոլացած քաղաքական դաշտին։ Բայց ես յոյսով եմ, որ մօտ ապագային պիտի տեսնենք կիներու քաղաքական դաշտի վրայ ալ վերելքը» ըսաւ Փաշինեան։
«Յեղափոխութեան օրերուն առկայ խնդիրները հրապարակի վրայ օրակարգի բերած էինք։ Հիմա պաշտօն ստանձնած ենք այդ խնդիրները լուծելու համար։ Յայտարարուած նպատակը զեղծարարութիւնները կանխելու եւ արդարութիւնը վերականգնելու մասին է»։ Ըստ երեւոյթի Փաշինեան այս նպատակներու համապատասխան ուղի մը որդեգրած է։ Անոր նպատակը նախկին վարչաձեւը գետնին հաւասարեցնելով անոր մոխիրներուն վրայ նոր վարչաձեւ մը կազմել չէ՛։ Ընդ հակառակը առկայ ո՛չ կատարեալ օրէնքներու սահմանին մէջ իշխանութեան եկաւ եւ հին վարչութեան մեծամասնութիւն կազմած խորհրդարանի ձայներով ալ վարչապետ ընտրուեցաւ։
Փաշինեան այդ օրէն ի վեր հին վարչամեքենան մասնահատելով ցրելու կ՚աշխատի։ Ատելութեան նշաւակ դարձածներու առաջին օրինակը եղաւ սեփական տան մէջ մեծ քանակութեամբ դրամ, զէնք, զինամթերք եւ թանկարժէք ինքնաշարժներ գտնուած Մանվէլ Գրիգորեանը։ Սակայն ամենացնցիչը աշակերտներուն իրենց նուիրահաւաքումով ճակատի զինուորներուն ուղղարկած սննդամթերքի, դեղորայքի եւ մանաւանդ ալ նամակներու յայտնաբերումն էր։ Այս զեղծարարութեան հրապարակումով «Ազգի պաշտպանութիւն» պիտակին ներքեւ երկար տարիներ միահեծան իշխանութիւն վարած նախորդ վարչութեան կեղծաւորութիւնն է, որ մերկացած էր։
Փաշինեան արդեօք իր խոստումը յարգելով պիտի յաջողի՞ զեղծարարութիւնները վերացնելու եւ արդարութիւնը կայացնելու գործին մէջ։ Արդեօք նախկին մենաշնորհեալներուն պիտի փոխարինեն նորերը՞, թէ ո՛չ հասարակութեան արդարութեան մասին հիմնական գաղափարները պիտի ներառուին նոր Հայաստանի քաղաքական ընկալումներուն։ Այս բոլորը հազիւ ժամանակի ընթացքին պիտի գտնեն իրենց պատասխանները։ Այժմ յստակ է, թէ Հայաստան համաշխարհային քաղաքականութեան տիրող ամբոխավարութեան հոսանքին դէմ գործող վարչութիւն մը ունի եւ կը զբաղի նախկին վարչութեան մենաշնորհեալներուն հակառակ ուղղութեամբ յառաջանալու։