ՆԱՀԱՏԱԿԸ

ՕՔՍԱՆԱ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

oksana.karapetian@gmail.com

Հիւսիսային Արցախի Գանձակ գա­­ւառի եւ պատ­­մա­­­կան Ու­­տի­­­քի Գարդմա­­նի հի­­նաւուրց ու եր­­բեմնի հա­­յաբ­­նակ գիւ­­ղե­­­րի՝ Բա­­նան­­ցի, Փի­­բի, Խա­­չակա­­պի, Կի­­րան­­ցի եւ Քար­­հա­­­տի մօ­­տակայ­­քում (այժմ այս գիւ­­ղե­­­րը ատրպէյ­­ճա­­­նական Դաշ­­քե­­­սանում կը գտնո­­ւին, հա­­յաթափ են արո­­ւել 1988-89թթ․-ին), Ղուշղու­­րա գե­­տի աջ ափէն քիչ բարձր ուխտա­­տեղի կար՝ «Նա­­հատակ» անո­­ւամբ։

«Նա­­հատակ»-ը վեր ցցո­­ւած ժայռ-քար է, կող­­քը՝ սա­­ղար­­թա­­­խիտ ճիւ­­ղե­­­րով հա­­ցի ծառ՝ վրան կտո­­րէ ժա­­պաւէն­­ներ, քիչ հե­­ռու՝ սառ­­նո­­­րակ աղ­­բիւր։

Մինչ բռնա­­գաղ­­թը՝ քա­­նի դեռ հա­­յերը վե­­րոյի­­շեալ գիւ­­ղե­­­րում կը բնա­­կէին, նրանք ամեն տա­­րի Չիք (Աւագ) չո­­րեք­­շաբթի օրը ուխտի կու գա­­յին այստեղ։

Ըստ աւան­­դազրոյ­­ցի՝ նա­­հատա­­կը Վար­­դան անու­­նով քաջ­­սիրտ երի­­տասարդ մըն էր։ Վար­­դա­­­նը, ճիշտ ինչպէս անգլիացոց Ռո­­բին Գու­­դը, լեռ­­նե­­­րում կը բնա­­կէր եւ «աւա­­զակու­­թեամբ» կը պա­­րապէր։

Վար­­դա­­­նի կռի­­ւը չար ու անօ­­րէն մարդկանց հետ էր, բայց ոչ թէ գաղ­­տա­­­գողի, թփե­­րի ու ծա­­ռերի մի­­ջէն, այլ բաց ճա­­կատով, դէմ դի­­մաց կանգնած։

Երբ Վար­­դա­­­նի ճամ­­բան կը հա­­տուէր ան­­զեն մար­­դու ճամ­­բի հետ, Վար­­դա­­­նը նրան վնաս չէր հասցներ, այլ կը պա­­տուի­­րէր․ «միւս ան­­գամ այս ճա­­նապար­­հով անցնե­­լիս զէնք վեր­­ցո՛ւր հետդ, որ ես կրնամ քեզ ցոյց տալ, թէ ինչպի­­սի մայր է ծնել ինձ»։

Ինչպէս ար­­դէն հասցրե­­ցիք կռա­­հել, շատ է պա­­տահել, երբ կռո­­ւի աւար­­տին հա­­կառա­­կոր­­դը պար­­տո­­­ւել է քաջ Վար­­դա­­­նին։ Այդ ժա­­մանակ Վար­­դա­­­նը, վերցնե­­լով թու­­լա­­­սիրտ հա­­կառա­­կոր­­դի սու­­րը, մէ­­ջից կոտ­­րել է այն եւ ետ վե­­րադարձրել այս խօս­­քե­­­րով․ «Նա­­մարդ (անազ­­նիւ), դու ար­­ժա­­­նի չես վրադ թուր կրե­­լու, որով­­հե­­­տեւ չկա­­րողա­­ցար այն ներ­­կել քո թշնա­­մու արիւ­­նով։ Նա­­լաթ (ամօթ) քո տղա­­մար­­դութեանը, հա­­րամ ըլ­­լի փա­­փախդ, գնա ու գլխիդ կնկայ լա­­չակ կա­­պիր»։

Ան­­գամ մը Վար­­դա­­­վառին Բա­­նանց գիւ­­ղում Վի­­ճակ կը հա­­նէին։ Վի­­ճակը դուրս կը բե­­րի թէ լոյ­­սի կտոր աղ­­ջիկ Նախ­­շունը Վար­­դա­­­նին է վի­­ճակո­­ւած։

Վի­­ճակի մա­­սին լու­­րը Վար­­դա­­­նին կը հաս­­նի, նա տօն օր մը գիւղ կիջ­­նէ եւ նշան կու տայ Նախ­­շունին, Նախ­­շունն ալ կըն­­դունէ այն։

Աս­­կե ետք ամեն ան­­գամ երբ Նախ­­շունը ջրի եր­­թա­­­լիս կըլ­­լար, Վար­­դա­­­նը նրան լեռ­­նէ­­­րէն ծաղ­­կէ փնջեր կը ղրկեր՝ գար­­նան սկզբնե­­րին՝ հար­­սի (ամե­­նամուգ գոյ­­նի) մա­­նու­­շակ, մա­­յիսին՝ կու­­սանց վար­­դեր, ամա­­նը՝ եղայ-ծա­­ղիկ։

Նախ­­շունի գե­­ղեց­­կութեան լու­­րը կը հաս­­նի նաև Գան­­ձա­­­կի խա­­նին, վեր­­ջինս 6 մարդ կը ղրկէ Բա­­նանց, որ­­պէսզի ասոնք Նախ­­շունին փախցնեն իր մօտ բե­­րեն։ Երբ Նախ­­շունը ջրի գնա­­լիս կ՚ըլ­­լայ, խա­­նի մար­­դիկ կը յար­­ձա­­­կուին, ոտու­­ձեռ կը կապկպին, կը դնեն նրան ձիու վրայ եւ կը հե­­ռանան։ Գիւ­­ղի կտրիճ­­նե­­­րը կը թամ­­բեն իրենց ձիերը, կ՚ընկնին հետնե­­րիցը՝ Նախ­­շունին ազա­­տելու հա­­մար, ամ­­մա չեն հաս­­նիլ նրանց։

Բո­­թը կը հաս­­նի Վար­­դա­­­նին։ Արիւ­­նը գլխին կու տայ, ին­­քը մի կրակ կը դառ­­նայ, կը հեծ­­նի իւր ձին, կ՚եր­­թայ, Մկեց աղ­­բիւրի մօտ կը հաս­­նի այդ աւա­­զակ­­նե­­­րուն, չոր­­սին գետ­­նին կը գլո­­րէ, եր­­կուսին կը փախցնէ եւ Նախ­­շունին կա­­զատէ։

Շու­­տով կը հաս­­նին նաեւ Նախ­­շունի ծնող­­նե­­­րը, Վար­­դա­­­նը նրանցմէ Նախ­­շունի ձեռ­­քը կ՚ու­­զէ եւ հա­­մաձայ­­նութիւն կը ստա­­նայ, միայն թէ ծնող­­քը կը խնդրին սպա­­սել մինչ Համ­­բարձում՝ պսա­­կը օրի­­նաւոր կեր­­պով կա­­տարե­­լու հա­­մար։

Երբ խա­­նին կը հաս­­նի իր մար­­դոց պար­­տութեան լու­­րը, նա մեծ զօրք կը ղրկէ Ղուշղա­­րի հո­­վիտ՝ Վար­­դա­­­նին պատ­­ժե­­­լու։

Ի վեր­­ջոյ նրանք կը հաս­­նին Վար­­դա­­­նին եւ Տմբլայ ձո­­րում սաս­­տիկ կռիւ մը կը սկսի։ Վար­­դա­­­նը մի լաւ ջարդ կու տայ խա­­նի զոր­­քե­­­րին, սա­­կայն ինքն ալ կընկնէ այդ ըն­­թացքին։ Ըն­­կերնե­­րը նրան հո­­ղին կը յանձնեն ժայ­­ռի տակ։

Գոյ­­ժը կը հաս­­նի Նախ­­շունին նա Չիք չո­­րեք­­շաբթի օրը, ծնող­­նե­­­րէն ծա­­ծուկ, կու գայ Վար­­դա­­­նի գե­­րեզ­­մա­­­նի տե­­ղը արիւն ար­­ցունք կը թա­­փի։ Այնքան կու լայ Նախ­­շունը, որ նրա ար­­ցունքնե­­րը վտա­­կելով աղ­­բիւր կը դառ­­նան եւ դուրս կը ցայ­­տէն ժայ­­ռի մի­­ջէն։

Նախ­­շունի ծնող­­քը կու գան կը տա­­նեն նրան գե­­րեզ­­մա­­­նի մօ­­տէն։ Բայց Նախ­­շունի սիր­­տը չի դի­­մանար կորստին, նա շու­­տով կը հի­­ւան­­դա­­­նայ, կը գնայ յա­­ւիտե­­նակա­­նու­­թեան մէջ միանա­­լու իր սի­­րեցեալին։

Այդ օրէն ի վեր մինչ իրենց հե­­ռանա­­լը հա­­յերը, յատ­­կա­­­պէս՝ քա­­ջասիրտ երի­­տասարդներն ու լոյս աղ­­ջիկնե­­րը, ամեն տա­­րի Չիք չո­­րեք­­շաբթի օրը հար­­սի մա­­նու­­շակնե­­րով իրենց կուրծքը զար­­դա­­­րած ուխտի կու գա­­յին «Նա­­հատակ», շաղ կու տա­­յին մա­­նու­­շակնե­­րը Վար­­դա­­­նի գե­­րեզ­­մա­­­նին, մի լաթ կը կա­­խէին հա­­ցենուց, մի կում կ՚առ­­նէին Նախշունի աղբրից…

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ