Վանի պատմական տարազները Պուլկարիոյ մէջ

Պարու­սոյց Ժու­լիա Մութլո­ւի մտայ­ղա­ցու­մով վե­րար­տադրո­ւած հայ­կա­կան տա­րազ­նե­րը մի­ջոց մը առաջ ու­շադրու­թեան ար­ժա­նացած էին վա­նեցի լու­սանկա­րիչ Այ­թաչ Արազ Սել­չուքի։ Վեր­ջինս այդ տա­րազ­նե­րը հա­գած բնորդներ լու­սանկա­րած էր Վա­նի բնու­թեան գիր­կը։ Այդ աշ­խա­տու­թիւնը վե­րածո­ւած էր ցու­ցա­հան­դէ­սի մը Պո­լիս, Պէ­յօղ­լո­ւի քա­ղաքա­պետա­րանի դահ­լի­ճին մէջ եւ ապա կրկնո­ւած Կեդ­րո­նական սա­նուց միու­թեան հա­ւաքա­տեղին։ Այժմ ցու­ցա­հան­դէ­սը կը կրկնո­ւի Պուլկա­րիոյ մայ­րա­քաղաք Սո­ֆիայ՝ 28-29 Յու­նիս թո­ւական­նե­րուն Ազ­գագրա­կան թան­գա­րանի եւ Փլեւնէ 30 Յու­նիս եւ 2 Յու­լիս թո­ւական­նե­րուն Մոլ Մար­գո­վա բլու­րի վրայ։ Այս կազ­մա­կեր­պութիւ­նը կ՚իրա­կանա­նայ Հայ բա­րեգոր­ծա­կան ընդհա­նուր միու­թեան աջակ­ցութեամբ։

Սա­կայն հարկ է նշել, որ այս նա­խաձեռ­նութեան ծա­նօթագ­րութեան մէջ հա­յերու կող­քին նշո­ւած թիւրքմեն, քիւրտ եւ ատրպէյ­ճանցի ակ­նարկու­թիւնը իմաս­տավրէպ կը թո­ւի, քա­նի որ նիւ­թը կը վե­րաբե­րի Վա­նի հայ­կա­կան տա­րազ­նե­րուն եւ եթէ յի­շատա­կում մը պի­տի կա­տարո­ւի, այդ յի­շատա­կու­մը պէտք է ուղղո­ւած ըլ­լայ միայն ու միայն ան­ցեալին այդ տա­րազ­նե­րը կրող­նե­րուն, այլ ոչ թէ տա­րածաշրջա­նի այս օրո­ւայ բնակիչներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ