Նախորդ չորեքշաբթի երեկոյ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի սրահին մէջ կայացաւ պոլսահայ վարժարաններու ուսման մակարդակը բարձրացնելու միտումով ժողով մը։ Ժողովին ներկայ էին Սահակեան, Կեդրոնական, Տատեան, Մէրամէթճեան, Պէզճեան, Լեւոն Վարդուհեան եւ Գալֆայեան դպրոցներու տնօրէնները, խնամակալ կամ թաղական խորհուրդներու ատենապետերը եւ այդ կազմերու ելմտական նիւթերու պատասխանատուները։ Ներկայ էին նաեւ ՎԱՏԻՓ հարթակի ընդհանուր քարտուղարը, չեղեալ կրթական եւ տնտեսական յանձնախումբի անդամները, Պէյքոզի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, դպրոցներու միութեան ծրագրի գործադիր Արեգ Ֆերահեան եւ Գամեր Թոքէր։
Ժողովէ ետք հրապարակուած մամլոյ յայտարարութեան մէջ այս մէկտեղման նպատակը կը բացատրուի դպրոցներու միջեւ տնտեսական եւ կրթական նիւթերու շուրջ հասարակական գիտակցութիւն մը ձեւաւորելու շրջանակով։ Յայտարարութեան մէջ կը նշուի թէ փոխանակ իւրաքանչիւր դպրոցի իր միջոցներով աւելի լաւ ուսում մը մատուցելուն աւելի յարմար գտնուած է միասնական ծրագրի մը մշակումը։ Ժողովի աւարտին ներկաները երաշխաւորած են նախատեսուած ծրագրին իրականացման համար աշխատելու շուրջ։
Դպրոցներու միութեան բարեփոխման ծրագիրը կարճատեւ, միջին եւ երկարատեւ երեք հանգրուաններ պիտի ունենայ։ Կարճատեւ հանգրուանը պիտի ընդգրկէ 18 Յունիս եւ 13 Սեպտեմբեր թուականներու միջեւ երկարող ժամանակահատուածը։ Այդ միջոցին պիտի կայանայ հինգ ժողովներ։ Այս մասին «Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանելով Արեգ Ֆերահեան յայտնեց, թէ մօտ ապագային պիտի յստականանայ աշխատանոցի պարտականութիւնները։ Ան պիտի ունենայ որոշում կայացնելու լիազօրութիւն եւ ՎԱՏԻՓ-ի տնտեսական եւ կրթական յանձնախումբերը պիտի ստանձնեն քննչական պաշտօն։ Ան նաեւ նշեց, որ այս աշխատանքը ունեցած է շուրջ մէկ տարուան հասնող նախապատրաստութիւն մը։
Ֆերահեան բաւարարուած է այս առաջին ժողովի ձեռքբերումներէն եւ յոյսով է թէ պիտի յաջողի աւելի արդիւնաւէտ եզրակացութիւններու հասնիլ ծրագրի նախորդ հանդիպումներով։