Հասած է բախտորոշիչ ընտրութեան պահը

Թուրքիա 24 Ապրիլին անգամ մը եւս կը ներկայանայ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող ընտրութիւններու դիմաց։ Յառաջիկայ կիրակի Թուրքիոյ տարածքին կայանալիք ընտրութիւններով պիտի ճշդուի, թէ հանրապետութեան նախագահը եւ թէ խորհրդարանի կազմը։ Իրօք վերջին տարիներուն բոլոր ընտրութիւնները ունեցան բախտորոշիչ բնոյթ։ Այս երեւոյթը բնականաբար տեղի կու տայ ընտրութիւններուն որոշ բեւեռացումի մը մէջ կայանալուն։ Հասարակութիւնը յուզող կարեւորագոյն խնդիրը կը մնայ այն թէ եթէ նախագահ Էրտողան յաջողի ընտրութիւններէն յաղթանակով դուրս գալ երկիրը դեռ որոշ ժամանակ պիտի դատապարտուի արտակարգ իրավիճակի գործադրման պայմաններուն։ Միւս կողմէ տնտեսական լուրջ ճգնաժամ մը արդէն իսկ կը սպառնայ քաղաքացիներու ապրուստին։ Ներկայ դրութեան մէջ դժուար է արդիւնքներու մասին կանխատեսում մը ձեւաւորել մանաւանդ, որ ապատեղեկատուութիւն համատարած բնոյթ մը ստացած է Թուրքիոյ գրաւոր մամուլը եւ կը դիտուի, որպէս ամենանուազ վստահելի լրատուամիջոց։

Ընտրութեան եզակի երեւոյթներէն մէկն ալ նախագահական թեկնածուներէն մէկուն Սելահատտին Տեմիրթաշի բանտարկութիւնով կը յառաջանայ։ Հանրապետական շրջանի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ է այս երեւոյթըկ, որ ինքնին ստուեր կը տածէ կայանալիք ընտրութեան արդարութեան եւ օրինականութեան վրայ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ